Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ Ռոզարիօ քաղաքի հաւատացեալներուն հետաքննել կաշառակերութիւնն ու փողերու լուացումը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ յղեց Արժանթինի մէջ գտնուող Ռոզարիօ անուան քաղաքին հաւատացեալներուն որոնք կ՝ապրին ծանր եւ անկայուն իրավիճակի մէջ։ Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց հաւատացեալները վստահեցնելով անոնց իր եւ եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

 

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ լսատեսողական պատգամ մը ուղղեց տագնապի եւ անկայուն իրավիճակի մէջ գտնուող Արժանթինի մէջ Ռոզարիօ անուան քաղաքի հաւատացեալներուն։

Լսատեսողական պատգամին սկիզբը Սրբազան Հայրը մէջբերեց Մատթէոսի աւետարանին մէջ նշուած Յիսուսին երանութիւններուն հատուած մը,« երանի խաղարարներուն» աւելցնելով, որ «բարի կամքով ոչ մէկ անձ կրնայ բացառուած զգալ մեծ պարտականութենէ, որպէսզի Ռոզարիոն դառնայ վայր մը, ուր բոլորը ինքզինքին եղբայր զգան։

Տագնապներուն վերացման գծով Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց քաղաքականութեան վերականգնումի կարեւորութիւնը նշելով, որ «Պէտք է վերագնահատել քաղաքականութիւնը, որ ունի շատ բարձր կոչում եւ եղբայրսիրութեան ամենայ թանկ ձեւերէն մէկն է, որովհետեւ կը փնտռէ ընդհանուր բարիքը», (Fratelli tutti, n. 180), ըսաւ Սրբազան Հայրը դիտել տալով որ «Բոլոր քաղաքական հատուածները կանչուած են անցնելու համերաշխութեան եւ երկխօսութեան մեծ ճանապարհէն, ստեղծելու համար հանրային քաղաքականութիւն եւ օրէնքներ, որոնք կ՝ուղեկցին ընկերային հիւսուածքին վերականգման գործընթացին»։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ նշեց,« Հաշուի առնելով որ իւրաքանչիւր մաֆիական համակարգէն ներս, աղքատները միանգամեայ օգտագործման նիւթ են, կը հրաւիրեմ ձեզ ամէն ջանք թափել եւ միացնել բոլոր ուժերը, որպէսզի Պետութիւնն ու միջանկեալ հաստատութիւնները կարողանան համայնքային տարածքներ առաջարկել խոցելիներուն թաղամասերուն մէջ։ Եւ կարողանան նաեւ պայմաններ ստեղծել, որպէսզի անչափահասները, դեռահասները եւ երիտասարդները ունենան համապարփակ մարդկային զարգացում, աւելի լաւ ապագայի համար, քան այն ինչ որ ունեցած են իրենց ծնողներն ու տատիկները» ըսաւ Սրբազան Հայրը շեշտելով որ Բոլոր ընկերային հաստատութիւնները ՝ըլլայ կրօնական ըլլայ քաղաքացիական պէտք է միացած ըլլան»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապապ նշեց որ Ռոզարիօ քաղաքը կրնայ վստահիլ ուրիշներուն ծառայութեան նուիրուած հաստատութիւններուն մեծ հարստութեան։ Եւ եկեղեցին, որպէս Մայր եւ Սամարացի միշտ կանչուած է հոգեպէս եւ գործարանական գետնի վրայ ընկերանալու բռնութեան պատճառաւ մահացած զոհերուն ընտանիքներուն,, ընկերանալու հիւանդներուն ու բոլոր անոնց որոնք բանտի մէջ կը գտնուին եւ կ՝ապրին ծայրայեղ խոցելի իրավիճակի մէջ» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ Ժողովրդապետութիւնը այն եկեղեցին է որ մօտիկ կը գտնուի, հասարակութիւն է որուն մէջ բոլորը սիրուած կը զգան։ Շատ մը երեխաներու, դեռահասներու եւ խոցելիներու համար թերեւս ան միակ ընտանեկան փորձառութիւն է, որոնք հնարաւորութիւն կ՝ունենան ճանչնալու։ Մեր ժամանակահատուածին մէջ, սէրը, եղբայրսիրութիւնը աւետարանի ամենաբացայատ աւետումը կ՝ըլլայ՝ ընկերութեան մը համար որ վտանգուած կը զգայ։


Ֆրանչիսկոս Պապ լսատեսողական պատգամը աւարտեց իր մօտիկութիւնը յայտնելով Ռոզարիօ քաղաքի հաւատացեալներուն ու Սուրբ կոյս Մարիամէն հայցեց, որ բարեխօս ըլլայ իր բոլոր զաւակներուն այնպէս ինչպէս կը կատարեն մայրերը, յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերելով տկարներուն, ըսաւ Սրբազան Հայրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2024, 10:20