Որոնել

«Ուրպի էթ Օրպի» Զատկական պատգամին մէջ Քահանայապետը անգամ մը եւս յիշեց տեղահան Արցախահայութիւնը

Թող որ Յարութեան լոյսը լուսաւորէ մեր մտքերը եւ դարձի բերէ մեր սրտերը, մեզ իրազեկ դարձնելով արժեւորելու իւրաքանչիւր մարդկային կեանք, որ պէտք է միշտ ընկալուի, սիրուի ու պաշտպանուի։ 60 հազար հաւատացեալներ մասնակցեցան Վատիկանի մէջ Սուրբ Զատկուայ պատարագին ու Քահանայապետի աւանդական պատգամին ու օրհնութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Նմանապէս, կը քաջալերեմ Հայաստանի և Ազրպէյճանի միջև բանակցութիւնները, որպէսզի միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ, անոնք կարողանան շարունակել երկխօսութիւնը, օգնութեան հասնիլ տեղահանուածներուն, յարգել տարբեր կրօնական դաւանանքներու պաշտամունքի վայրերը և հնարաւորինս շուտ հասնիլ խաղաղութեան համաձայնութեան, որ ըլլայ վերջնական»։ Խօսքերն են ասոնք, զոր արտասանեց Ֆրանչիսկոս Պապը, Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն Հռոմ քաղաքին ու համայն աշխարհին ուղղած 2024-ի Սուրբ Զատկուայ տօնին «Ուրպի էթ Օրպի» պատգամին մէջ։

Պատգամէն առաջ Նորին Սրբութիւնը առաւօտեան ժամը 10.00ին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած էր մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին նուիրուած սուրբ պատարագը, աւելի քան վաթսուն հազար ուխտաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ, որոնց շարքին կային նաեւ Հայաստանէն ժամանած բազմաթիւ ուխտաւորներ։

«Յիսուս Նազովրեցին, խաչուածը, յարութիւն առաւ» (հմմտ. Մարկոս 16,6).։

Քահանայապետը «Ուրպի Էթ Օրպի» պատգամը սկսաւ բոլորին մաղթելով շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ ու հաստատելով, թէ «Այսօր համայն աշխարհին մէջ կը հնչէ երկու հազար տարիներ առաջ Երուսաղէմէն մեկնած հռչակումը. «Յիսուս Նազովրեցին, խաչուածը, յարութիւն առաւ» (հմմտ. Մարկոս 16,6).։

«Եկեղեցին կը վերապրի կիներուն զարմանքը, որ շաբթուայ առաջին օրը գացին գերեզման։ Յիսուսին դամբանը փակուած էր մեծ քարով մը, եւ այսպէս այսօր ծանր քարեր, շատ ծանր քարեր, կը փակեն մարդկութեան յոյսը» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով` պատերազմի, մարդասիրական տագնապի, մարդկային իրաւունքներու խախտումի, մարդավաճառութեան քարերուն։

Ո՞վ պիտի գլորէ գերեզմանի քարերը

«Մենք ալ նման Յիսուսին աշակերտ կիներուն, մէկը միւսին հարց կու տանք. Ո՞վ պիտի գլորէ այս քարերը» (հմմտ. Մարդկոս 16,3)» յարեց Նորին Սրբութիւնը եւ աւելցուց որ Զատկուայ առաւօտուն կատարուեցաւ յայտնաբերում մը. «Քարը, այդ այնքան մեծ քարը, տապալած էր։ Կիներուն զարմանքը մեր զարմանքն է. Յիսուսին գերեզմանը բաց է եւ դատարկ։ Այնտեղէն կը սկսի ամէն բան։ Այդ գերեզմանի ընդմէջէն կ՛անցնի նոր ուղին. Այդ ուղին, որ մեզմէ ոչ մէկը այլ միայն Աստուած կարողացաւ բանալ, կեանքի ուղին մահուան մէջ, խաղաղութեան ուղին պատերազմի մէջ, հաշտութեան ուղին ատելութեան մէջ, եղբայրութեան ուղին թշնամութեան մէջ»։

Առանց մեղքերու թողութեան դուրս չենք գար փակումներէն

«Եղբայրներ եւ քոյրեր, Յիսուս Քրիստոս Յարութիւն առաւ, եւ միայն Ինք կարող է տապալել քարերը, որ կը փակեն դէպի կեանք տանող մեր ուղեւորութիւնը։ Աւելին, նոյնինքն Ինք, Կենդանին, Ճանապարհն է. Ճանապարհ կենաքին, խաղաղութեան, հաշտութեան ու եղբայրութեան։ Ան մեզի կը բանայ մարդկայնապէս անկարելի անցքը, որովհետեւ միայն Ան աշխարհէն կը վերացնէ մեղքը ու կը ներէ մեր մեղքերը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով նաեւ թէ` « առանց Աստուծոյ ներումին այդ քարը չի վերցուիր։ Առանց մեղքերու թողութեան դուրս չենք գար փակումներէն, նախապաշարումներէն, փոխադարձ կասկածներէն, այն ենթադրութիւններէն, որոնք միշտ իրենք զիրենք կ՛ արդարացնեն և կը մեղադրեն ուրիշները։ Միայն Յարութիւն առած Քրիստոսը, մեզի մեղքերու թողութիւն շնորհելով, ճանապարհ կը բանայ դէպի նորոգուած աշխարհ: Միայն ինք կը բանայ կեանքին դռները, այդ դռները, որ մենք շարունակական կերպով կը փակենք պատերազմներով, որոնք կը տարածուին աշխարհին մէջ» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Երուսաղէմ` Սուրբ Երկիր, Ուքրանիա

«Այսօր մենք կ՛ուզենք նախ եւ առաջ հայեացքը ուղղել դէպի Երուսաղէմի Սուրբ Քաղաքը, Յիսուսին չարչարանքներուն, մահուան ու յարութեան խորհուրդի վկան, ու նաեւ Սուրբ Երկրի բոլոր քրիստոնեայ հասարակութիւններուն։

Միտքս կը յղեմ նախ եւ առաջ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող բազմաթիւ հակամարտութիւններու զոհերուն, սկսեալ Իսրայէլէն, Պաղեստինէն եւ Ուքրանիայէն։ Յարուցեալ Քրիստոսը` թող բանայ խաղաղութեան ուղի մը այդ տարածաշրջաններու նահատակ բնակչութիւններուն համար։ Մինչ կը հրաւիրեմ յարգելու միջազգային իրաւունքի սկզբունքները, կը մաղթեմ բանտարկեալներու ընդհանուր փոխանակում մը` Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ` բոլորը բոլորին դիմաց» ըսաւ Սրբազան Պապը նորոգելով իր կոչը «որպէսզի երաշխաւորուի մարդկային օգնութիւններու մուտքին կարելիութիւնը Կազա, անգամ մը եւս յորդորելով անյապաղ ազատ արձակել հոկտեմբերի 7-ին առևանգուած պատանդները և անյապաղ զինադադար հաստատել Կազայի շերտի տարածքին»։

Մանուկները կորսնցուցին ժպտալու կարողութիւնը

«Թոյլ չտանք, ըսաւ ապա Ան, որ շարունակուող ռազմական գործողութիւնները շարունակեն լուրջ հետևանքներ ունենալ այժմ հիւծուած խաղաղ բնակչութեան և յատկապէս երեխաներուն վրայ։ Որքան տառապանք կը տեսնենք անոնց աչքերուն մէջ։ Անոնք կորսնցուցին ժպտալու կարողութիւնը։ Անոնք իրենց հայեացքով մեզի հարց կու տան. Ի՞նչու։ Ի՞նչու այնքան մահեր։ Ի՞նչու այնքան կործանում։ Պատերազմը միշտ ալ անհեթեթութիւն ու պարտութիւն է։

Խաղաղութիւնըզէնքով չի կառուցուիր, այլ ձեռքերը մեկնելով և սրտերը բանալով

Թոյլ չտանք, որ միշտ աւելիով պատերազմի քամիներ փչեն Եւրոպայի մէջ ու Միջերկրականի վրայ։ Չզիջինք զէնքի ու սպառազինութեան տրամաբանութեան. Խաղաղութիւնը երբեք զէնքով չի կառուցուիր, այլ ձեռքերը մեկնելով և սրտերը բանալով։

Սուրիա

Չմոռնանք Սուրիան, որ տասներեք տարիներէ ի վեր կը տառապի երկար ու կործանիչ պատերազմի հետեւանքներուն պատճառաւ։ Բազմաթիւ մահեր, անյայտացած անձինք, բազում աղքատութիւն եւ կործանում սպասումի մէջ են բոլորիս պատասխանին, նաեւ միջազգային հասարակութենէն պատասխան մը։

Լիբանան

Իմ հայեացքս այսօր յատուկ կերպով կ՛ուղղուի դէպի Լիբանան, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը տուժէ իշխանութիւններու շրջափակումի և խոր տնտեսական ու սոցիալական ճգնաժամի հետևանքը, որ այժմ աւելիով սրած է Իսրայէլի հետ սահմանին ռազմական գործողութիւններուն պատճառաւ: Թող` որ Յարուցեալը մխիթարէ սիրելի լիբանանցի ժողովուրդը ու թիկունք կանգնի համայն Երկրին, իր կոչումին մէջ, ըլլալու երկիր հանդիպումի, համակեցութեան ու բազմակարծութեան։

Արեւելեան Պալքաններ

Յատուկ մտածում մը կ՛ուղղեմ Արևմտեան Պալքաններու տարածաշրջանին, որտեղ զգալի քայլեր կը կատարուին եւրոպական նախագծին մէջ ընդելուզման ուղղութեամբ. Թող ցեղային, մշակութային և դաւանանքային տարբերութիւնները պառակտում չի յառաջացնեն, այլ դառնան հարստութեան աղբիւր` ողջ Եւրոպայի և ամբողջ աշխարհի համար։

Հայաստան

Նմանապէս, կը քաջալերեմ Հայաստանի և Ազրպէյճանի միջև բանակցութիւնները, որպէսզի միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ, անոնք կարողանան շարունակել երկխօսութիւնը, օգնութեան հասնիլ տեղահանուածներուն, յարգել տարբեր կրօնական դաւանանքներու պաշտամունքի վայրերը և հնարաւորինս շուտ հասնիլ խաղաղութեան համաձայնութեան, որ ըլլայ վերջնական։

Բռնութեան թիրախ անձինք

Յարուցեալ Քրիստոսը, թող բանայ յոյսի ուղի մը այն մարդոց համար, որոնք աշխարհի այլ վայերուն մէջ թիրախ են բռնութեան, հակամարտութեան, պարենային անապահովութեան, ինչպէս նաեւ կլիմայական փոփոխութիւններու հետեւանքներուն։ Մխիթարութիւն պարգեւէ ահաբեկչութեան որեւէ ձևի զոհերուն: Աղօթենք անոնց համար, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին և հայցենք այդ ոճիրներու հեղինակներու ապաշխարութիւնն ու դարձի գալը։

Հայիթի

Թող Յարութիւն առածը օգնէ Հայիթիի ժողովուրդին, որպէսզի հնարաւորինս շուտ դադրի բռնութիւնը, որ կը բզկտէ եւ կ՛արիւնոտէ երկիրը, եւ ան կարողանայ յառաջ ընթանալ ժողովրդավարութեան և եղբայրութեան ճանապարհով:

Միանմար, Ռոհինճա

Թող մխիթարութիւն շնորհէ` մարդասիրական լուրջ ճգնաժամէ տառապող Ռոհինճաներուն և բանայ հաշտեցման ճանապարհը Միանմարի մէջ, որ յօշոտուած է տարիներու ներքին հակամարտութիւններէ, որպէսզի վերջնականապէս մէկդի դրուի բռնութեան որեւէ տրամաբանութիւն։

Աերիկեան ցամաքամաս

Ափրիկեան ցամաքամասին մէջ խաղաղութեան ճանապարհներ թող բանայ, յատկապէս Սուտանի և ողջ Սահելի տարածաշրջանին մէջ, Ափրիկէի եղջիւրին մէջ Քոնկոյի Ժողովրդավարական​​Հանրապետութեան Քիվու շրջանի և Մոզամբիկի Քափօ Տելտակօ մարզին մէջ ու վերջ դնէ երկարատև երաշտի իրավիճակին, որ կը հետաքրքրէ մեծ տարածքներ և հիւանդութիւն սով ու անօթութիւն կը յառաջացնէ։

Գաղթականները

Թող Յարութիւն առածը իր լոյսը փայլեցնէ գաղթականներու և անոնց վրայ, որոնք կ՛անցնին տնտեսական դժուարութեան շրջանէ մը՝ անոնց պարգեւելով մխիթարութիւն և յոյս, կարիքի պահուն: Թող Քրիստոսը առաջնորդէ բարի կամքի բոլոր մարդիկը, որպէսզի համախմբուին զօրակցութեան մէջ, միասնաբար դիմակայելու համար բազմաթիւ մարտահրաւէրները, որոնք կը հարուածեն ամենաաղքատ ընտանիքները, անոնց աւելի լաւ կեանքի և երջանկութեան փնտռտուքին մէջ:

Կեանքի սրբութիւնը

Այս օրը, մինչ կը յիշատակենք կեանքը, որ մեզի պարգեւուեցաւ Որդւոյն յարութեամբ, յիշենք Աստուծոյ անսահման սէրը մեզմէ իւրաքանչիւրի նկատմամբ. սէր, որ կը գերազանցէ ամէն սահման և ամէն թուլութիւն:

Այնուամենայնիւ, կեանքի թանկարժէք նուերը այդքան յաճախ արհամարհուած է: Քանի՞ երեխաներ չեն կարող նոյնիսկ լոյսը տեսնել: Քանի՞ներն են անոնք, որոնք կը մահանան սովէն կամ զրկուած են հիմնական խնամքներէ եւ կամ զոհ են բռնութիւններուն ու ոտնձգութիւններուն։ Քանի՞ կեանքեր դարձած են առևտրականութեան առարկայ, մարդկանց առևտուրի աճի պատճառով:

Մարդավաճառութեան պատուհասը

Այս օրը, որուն մէջ Քրիստոս մեզ ազատագրեց մահուան ստրկութենէն, կը խրախուսեմ անոնք, որոնք ունին քաղաքական պատասխանատուութիւն, որ չի խնայեն իրենց ջանքերը, պայքարելու համար մարդավաճառութեան պատուհասին դէմ, անյապաղ աշխատելով վերացնելու համար չարաշահումի ցանցը ու ազատելու անոնք` որոնք անոր զոհ են։ Տէրը թող մխիթարէ անոնց ընտանիքները, յատկապէս անոնք` որոնք մղձաւանջով լուրեր կը սպասեն իրենց սիրելիներէն, անոնց երաշխաւորելով մխիթարութիւն եւ յոյս։

Յարութեան լոյսը

Թող, որ Յարութեան լոյսը լուսաւորէ մեր մտքերը եւ դարձի բերէ մեր սրտերը, մեզ իրազեկ դարձնելով արժեւորելու իւրաքանչիւր մարդկային կեանք, որ պէտք է միշտ ընկալուի, սիրուի ու պաշտպանուի։

Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ բոլորիդ։

Պատգամի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը իր օրհնութիւնը շնորհեց բոլոր ներկաներուն ու նաեւ բոլոր անոնց որոնք հաղորդակցութեան միջոցներով հետեւեցան արարողութեան։

Urbi et Orbi Զատկական պատգամ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/03/2024, 12:18