Որոնել

Սուրբ Մարկոսի տաճարը Սուրբ Մարկոսի տաճարը 

Ֆրանչիսկոս Պապին Վենետիկ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան օրակարգը

Վենետիկի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիպի բանտարկեալներուն, երիտասարդներուն եւ արուեստագէտներուն հետ ու Սուրբ Մարկոսի հրապարակին վրայ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ 28 ապրիլին Վենետիկ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան օրակարգը։ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութիւնէն կը տեղեկանանք, որ կիրակի 28 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 6:30ին, Վատիկանէն թռիչք առնելով Ֆրանչիսկոս Պապին Վենետիկ փոխադրող ինքնաթիռը վայր էջք պիտի կատարէ Վենետիկի Ճուտէքքա կղզիին վրայ գտնուող, Վենետիկի կանանց կալանավայրի հրապարակը ուր Նորին Սրբութիւնը պիտի դիմաւորուի Վենետիկի Պատրիարք, գերապայծառ Ֆրանչէսքօ Մարոալիայի եւ կանանց բանտի ղեկավարներու կոլմէ

Կալանավայրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում պիտի ունենայ եւ ողջոյնի խօսք պիտի ուղղէ բանտին մէջ գտնուող աւելի քան 80 բանտարկեալներուն, որուն աւարտին, ժամը 8.45ին, պիտի ուղղուի բանտի «Մատտալէնա« անուան մատուր ու պիտի դիմաւորուի, Վենետիկի արուեստագէտներուն երկամեայ ցուցադրութեան Սուրբ Աթոռի տաղաւարը համակարգող Կրթութեան եւ Մշակոյթին համար Վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մէնտոնքայի կողմէ։

Մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի հանդիպի արուեստագէտներու հետ ու անոնց պիտի փոխանցէ իր սիրտի խօսքը, որմէ ետք  ժամը 9,30ին, նաւով կը փոխադրուի Սանթա Մարիա Տէլլա Սալութէ տաճար, որուն հրապարակին վրայ կը հանիդպի Վենեթօ թեմի եւ Վենետիկի խումբ մը երիտասարդներու հետ ու անոնց կ՝ուղղէ իր սիրտի խօսքը։

Երիտասարդներու հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, Ֆրանչիսկոս Պապ նաւակով կը կը փոխադրուի Սուրբ Մարկոսի հրապարակ, ուր կը դիմաւորուի Վենեթօ մարզի նախագահ, Լուքա Զայայի, Վենետիկի կառավարիչ Տիար Տարքօ Փելլոսի, Վենետիկի քաղաքապետ, տիարն Լուիճի Պրունիարոն կողմէ։ Ժամը 11,00ին, Սուրբ Մարկոսի հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորութեամբ կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ որուն ընթացքին Սրբազան հայր կ՝արտասանէ հաւուր պատշաճի քարոզն ու Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի 

ժամը 12,30ին, Սուրբ Պատարագի աւարտին, Վենտեիկի Պատրիարք գերապայծառ Ֆրանչէսքօ Մորալիա կ՝ուղղէ իր երախտագիտութեան խօսքը, որուն աւարտին Ֆրանիսկոս Պապ առանձին կը մտնէ Սուրբ Մարկոսի տաճար յարգանքի տուր մատուցանելու համար Սուրբին մասունքներուն։

Սան էլէնայի օդակայանէն Ֆրանչիսկոս Պապ ինքաթիրով կը փոխադրուի Վատիկան՝ ուր նախատեսուած որ հասնի ժամը 14,30ին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2024, 13:57