Որոնել

Հայր Փէփփէ Տիանա Հայր Փէփփէ Տիանա 

Ֆրանչիսկոս Պապ. կառուցել չարագործութիւններէ ազատ աշխարհ մը

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակով մը յիշեց երեսուն տարի առաջ՝ 19 մարտ 2014ին, Իտալիոյ Քազերթա մարզի Քազալ Տի Փրինչիփէ գիւղաքաղաքին մէջ մաֆիաններուն ձեռքով չարագործութեան նպատակով սպաննուած Հար Փէփփէ Տիանան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակով մը յիշեց երեսուն տարի առաջ՝ 19 մարտ 2014ին, Իտալիոյ Քազերթա մարզի Քազալ Տի Փրինչիփէ գիւղաքաղաքին մէջ մաֆիաններուն ձեռքով չարագործութեան նպատակով սպաննուած Հար Փէփփէ Տիանան։

Աւերսի թեմի եպիսկոպոս գերապայծառ Սփինիլլոյին յղած նամակին մէջ քահանայապետը յիշեց «Քաջ առաքեալը, «,Որ իջաւ» ժողովուրդի մը գոյութենական անապատին մէջ ապա քաջալերանքի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, «կառուցելու համար տարբեր ապագայ մը՝ ազնիւ աշխատանքով եւ ոչ թէ արիւնով լեցուն ձեռքերով»։

Աճեցնել արդարութեան սերմը

Ուղերձին մէջ Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, թէ Հայր Տիանայի սպանութիւնը մէկ կողմէ տխրութիւն կը յառաջացնէ եւ միւս կողմէ սակայն երախտագիտութիւն, որովհետեւ նման սերմի,  որ կը մեռնի եւ պտուղ կու տայ, Հայր Տիանային մահը կը յառաջացնէ նոր բարի գործեր։

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց թեմի ժողովուրդին, յատուկէն Քազալ Տի Փրինչիփէ ժողովրդապետութեան հաւատացեալներուն ինչպէս նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կը շարունակեն Հայր Փէփփէի հովուական ծառայութեան աշխատանքը, զոր սկսաւ որպէս հոգեւոր հովիւ ընկերակցութիւններու եւ խումբ մը հաւատացեալներու յատուկէն  սկաուտներուն հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակը աւարտեց յիշելով հայր Փէփփէ Տիանային հետեւեալ խօսքը, զոր արտասանած էր ժողովրդապետներուն հետ, 1991ին, Ծնունդի տօնի օրը. «Որպէս մկրտեալներ, որպէս հովիւներ… Տէրը մեզ կը հրաւիրէ դառնալու մարգարէներ։ Մարգարէն հանդէս կու գայ որպէս պահակ, ան կը տեսնէ անարդարութիւնը, դատապարտումը եւ կը վերյիշէ Աստուծոյ սկզբնական ծրագիրը»։

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակի մէջ կը նշէ, թէ այս հրաւէրը դեռ ուժի մէջ է, այսինքն «Պաշտպանել մեղքի ստուերէն վերջնականպէս մաքրուած հասարակութիւն մը կառուցելու նպատակը, որ կարող է յանդգնիլ եղբայրութեան եւ համերշախութեան ապագայի համար»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2024, 11:31