Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Աշխարհին մէջ մեր գոյութիւնը զուտ պատահականութիւն չէ, այլ մաս կը կազմենք սիրոյ ծրագիրի մը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ Վատիկանի Մէջ ընդունեց եւ գրաւոր պատգամ մը ուղղեց «Այր ու կինը Աստուծոյ պատկերը։ Կոչումներու մարդաբանութեան համար» նիւթով միջազգային գիտաժողովին մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 29 փետրուարին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Մէջ ընդունեց եւ գրաւոր պատգամը մը փոխանցեց«Այր ու կինը Աստուծոյ պատկերը։ Կոչումներու մարդաբանութեան համար» նիւթով միջազգային գիտաժողովին մասնակիցներուն։

Գրաւոր պատգամը յանձնելէ առաջ Նորին Սրբութիւնը յարեց, թէ ինք տակաւին հարբուխի բռնուած է ու կը յոգնի  պատգամը կարդալէն, սակայն կ՝ուզէ ընդգծել բան մը այն է, որ «սոյն համագումարը յոյժ կարեւոր է, այրերու եւ կիներուն միջեւ այս հանդիպումը, որովհետև այսօր ամենէն մեծ վտանգը «կէնտեր»ի գաղափարախօսութիւնը, որ կը վերացնէ տարբերութիւնները» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւեցնելով, որ ինք խնդրած էր, որ մեր ժամանակուան այդ տգեղ գաղափարախօսութեան մասին ուսումնասիրութիւններ կատարուին, զոր տարբերութիւնները կը վերացնէ եւ ամէն ինչ նոյնը կը դարձնէ. Տարբերութիւն ջնջելը մարդկութիւնը ջնջել է։ Մինչ այր եւ կինը պտղաբեր լարուածութեան մէջ են» ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա յիշեցուց, թէ ինք կարդացած է քսաներորդ դարու սկիզբը The Lord of the World վերնագրով մէկ վէպ մը գրուած Քանդէրպուիր արքեպիսկոպոսի որդիին կողմէ։ «Վէպը կը խօսի ապագայի մասին եւ մարգարէական է , քանի որ ցոյց կու տայ բոլոր տարբերութիւնները ջնջելու այս միտումը» ըսաւ Սրբազան Հայրը ու հրաւիրեց ներկաները այդ վէպը կարդալու, որովհետեւ անոր մէջ կայ այսօրուան հարցերը. Այդ մարդը մարգարէ մըն էր» ըսաւ Սրբազան հայրը։

«Տակաւին սուրբ չենք, սակայն կը յուսանք միշտ մնալու ուղեւորութեան մէջ՝՝ սուրբ դառնալու, սա է մեր առաջին կոչումը, զոր ստացած են» գրուած է Նորին Սրբութեան, համագումարին մասնակիցներուն փոխանցած գրաւոր պատգամին սկիզբը ու աւելցուած, որ «սոյն համաժողովին նպատակն է արժէքաւորել եւ դիտարկել իւրաքանչիւր կոչումի մարդաբանական ծաւալը եւ այս մէկը մեզ կ՝առաջնորդէ դէպի տարրական եւ հիմնարար ճշմարտութեան, որ այսօր պէտքը ունինք վերագտնելու իր ամբողջ գեղեցկութեան մէջ. Մարդ էակի կեանքը կոչում է», ընդգծեց Սրբազան Հայրը, աւելցնելով ,«Տղամարդն ու կինը ստեղծուած են Աստուծմէ եւ անոնք Արարիչին պատկերն են, անոնք, իրենց մէջ կը կրեն յաւիտենականութեան եւ երջանկութեան փափաք մը զոր Աստուած սերմանեց անոնց սիրտին մէջ եւ կանչուած են զայն իրականացնելու իւրայատուկ կոչումով... «Իւրաքանչիւրիս կեանքը, առանց բացառութեան, պատահականութիւն չէ.
Աշխարհին մէջ մեր գոյութիւնը զուտ պատահականութիւն , այլ մաս կը կազմենք սիրոյ ծրագիրի մը ու հրաւիրուած ենք մենք մեզմէ դուր գալու զայն իրականացնելու համար, մեզի եւ ուրիշներուն համար։»

Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ «Մեզի ոչ միայն առաքելութիւն յանձնուած է, սակայն իւրաքանչիւրս մեզմէ միսիոն է... « իւրաքանչիւր մկրտեալ միսիոն է ։ Ան որ կը սիրէ, շարժումի մէջ կը մտնէ, իր անձէն դուրս կը մղուի ,առինքնուած ու առինքնող է, ուրիշին կը նուիրուի եւ յարաբերութիւններ կը հիւսեն, որմէ կեանքը կը ծնին», ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով որ « Ոչ մէկը անպէտք եւ աննշան է Աստուծոյ սիրոյն համար»,ու այս առումով յիշեց հռչակաւոր մտաւորական եւ հոգեւոր գործիչ, Կարդինալ Նիւմանի խօսքէն հատուած մը. « Ես ստեղծուած եմ բան մը ընելու եւ ըլլալու մէկ մը, որուն համար ոչ մէկը ստեղծուած է...։ Աստուած ինծի գործ մը յանձնեց, որ ուրիշին չէ վստահած։ Ես ունիմ միսիոն մը։ ձեւով մը ես կարեւոր եմ անոր մտադրութիւններուն։(J.H. NEWMAN, Meditazioni e preghiere, Milano 2002, 38-39).

Նորին Սրբութիւն գրաւոր պատգամը աւարտած է նշելով, որ աղօթքի միջոցաւ եւ Տիրամօր բարեխօսութեամբ համագումարի մասնակիցներու աշխատանքը Տիրոջ կը յանձնէ ու կը խնդրէ որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/03/2024, 10:33