Որոնել

Սրբազան Պապը լուաց յուզուած 12 կին բանտարկեալներուն ոտքերը. Յիսուս չի յոգնիր ներելէ

«Յիսուս երբեք չի յոգնիր մեզ ներերէ, մենք ենք որ կը յոգնինք ներում հայցելէ», յարեց Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց միշտ Տիրոջմէ հայցելու ներումը, «որովհետեւ Ան երբեք չի յոգնիր մեզ ներելէ» շեշտեց Ան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վարիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այս տարուայ 2024-ի Աւագ հինգշաբթի օրուայ ոտնլուայի աւանդական արարողութիւնը ուզեց գլխաւորել Հռոմի Ռեպիպիա անուամբ իգական բանտին մէջ։

Ոտնլուայի արարողութիւնը կը յիշատակէ Վերջին ընթրիքի ժամանակ Յիսուսին արարքը, երբ Ան լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը անոնց պատուիրելով թէ ան որ իրենց մէջ կ՛ուզէ մեծը ըլլալ, պէտք է դառնայ միւսներուն ծառան։

հինգշաբթի` 28 մարտի կէսօրէն ետքը ժամը չորսին Նորին սրբութիւնը ժամանեց Ռեպիպիայի բանտ ուր դիմաւորուեցաւ բանտին անձնակազմի եւ «հիւրերուն» կողմէ։

Աւագ Հինգշաբթի օրուայ ոտնլուայի արարողութիւնը

Սուրբ պատարագի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը նախ քան Յիսուսին այդ արարքը յիշատակելը, օրուան Աւետարանակէն հատուածէն ետքը ներկաներուն ուղղեց յաւուր պատշաճի քարոզը նշելով, որ Յիսուսին աշակերտներուն հետ ունեցած վերջին ընթրիքի պահուն կան մեր ուշադրութիւնը գրաւող երկու դրուագներ. Առաջինը ոտնլուան է, որով Յիսուս կը նուաստանայ կը խոնարհի ու այդ արարքով ան մեզի կը հասկցնէ, թէ «ինք եկած չէ ծառայութիւն ընդունելու, այլ ծառայելու ու մեզի կը սորվեցնէ ծառայութեան ուղեւորութիւնը։ Իսկ միւս դրուագը` Յուդայի դաւաճանութիւնն է, որ կարող չէ յառաջ տանիլ սէրը, ապա դրամը, անձնսիրութիւնը զայն կը մղեն այդ ընելու։ Սակայն Յիսուս կը ներէ ամէն բան Յիսուս կը ներէ միշտ։ Միայն կը խնդրէ որ մենք ներում հայցենք» ։ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը յիշելով մէկ պառաւ կնոջ մը խօսքը, թէ «Յիսուս երբեք չի յոգնիր մեզ ներերէ, մենք ենք որ կը յոգնինք ներում հայցելէ»։

«Այսօր Տիրոջմէ հայցենք չյոգնելու շնորհքը։ Մենք բոլորս ունինք փոքր ու մեծ ձախողութիւններ, իւրաքանչիւրս ունի իր պատմութիւնը։ Բայց Տէրը մեզ կը սպասէ միշտ, բազկատարած, ու երբեք չի յոգնիր մեզ ներելէ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու նշեց թէ` այժմ պիտի կատարենք ոտնլուայի արարողութիւնը, «արարք մը որ ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ ծառայութեան կոչումին վրայ»։

«Խնդրենք Տիրոջմէ, որ մեզ բոլորս աճեցնէ ծառայութեան կոչումին մէջ» ըսաւ Ան ապա կատարեց ոտնլուայի արարողութիւնը, լուալով յուզուած 12 կին բանտարկեալներուն ոտքերը։

Անոնք 40էն 50 տարեկան տարբեր ազգութիւններու պատկան կիներ էին` իտալացի, պուլկարացի. Նիճերիացի, ուքրանացի, փերույացի, վենեզուելլացի, եւ պոզնիացի։

Արարողութեան աւարտին բանտարկեալները Քահանայապետին նուիրեցին իրենց արտադրութիւններուն պտուղները մինչ Նորին Սրբութիւնը բանտին նուիրեց Սուրբ Կոյս Մարիամի մէկ պատկերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/03/2024, 16:29