Որոնել

2024.03.02 incontro di oggi pomeriggio a s. Marta del Papa con il Comitato Organizzatore della Giornata Mondiale dei Bambini.

Քահանայապետը ընդունեց Մանուկներու Համաշխարհային Օրուան կազմակերպիչ Կոմիտէին անդամները

Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ապա ակնարկեց մանուկներու տառապանքին, նաեւ հակամարտութիւններու ժամանակ, անոնց չարաշահումներու մասին յոյս յայտնելով որ Օրը սատարէ «գիտակցութիւն» յայտնաբերելու այդ ուղղութեամբ։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Շաբաթ 2 Մարտի կէսօրէն ետքը, Ֆրանչիսկոս Պապը Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ ընդունեցաւ Մանուկներու Համաշխարհային Օրուան կազմակերպիչ Կոմիտէին անդամները, Օրուան նուիրուած իր պատգամին հրատարակումին առիթով։

Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ապա ակնարկեց մանուկներու տառապանքին, նաեւ հակամարտութիւններու ժամանակ, անոնց չարաշահումներու մասին յոյս յայտնելով որ Օրը սատարէ «գիտակցութիւն» յայտնաբերելու այդ ուղղութեամբ։

Կոմիտէն կը գլխաւորէին Հայր Էնցօ Ֆորթունաթոն, Կոմիտէին համադրողը եւ գերապայծառ Չեզարէ Փակացցին, Մշակոյթի եւ Դաստիարակութեան Վերատեսչութեան Քարտուղարը, ու ներկայ էին` Օրուան նախապատրաստական աշխատանքին մէջ ներգրաւուած տարբեր ընկերակցութիւններու ու հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։ Քահանայապետին հետ հանդիպումը վերջ գտաւ 15:30ին

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/03/2024, 18:30