Որոնել

2024.03.25 Comunità dei Nigeriani in Roma

Դարձէք համամիութենական՝ չիյնալով ցեղախումբային մեկուսացումի մէջ․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ 25 Մարտին Վատիկանի Պօղոս Զ դահլիճէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց նիճերիական համայնքի անդամներուն՝ Հռոմի մէջ Նիճերիոյ կաթողիկէ համայնքի ԻԷ տարեդարձի առթիւ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

«Երախտագիտութիւն, բազմազանութեան մէջ հարստութիւն եւ երկխօսութիւն»:․ Ասոնք են այն երեք տարրերը, որոնք «կենսական են» Հռոմի մէջ նիճերիական համայնքի կեանքին համար։ Այս մէկը շեշտեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ 25 Մարտին՝ ընդունելով Նիճերիոյ համայնքի շուրջ 800 անդամները Պօղոս Զ դահլիճէն ներս։

Երախտագիտութիւն, քանի որ Սրբազան Պապը շնորհակալ է անոնց Աւետարանի ուրախ պատգամը վկայելու համար եւ՝ անոնց հետ միասին, շնորհակալ է Ամենակարող Աստուծոյ, որ բազմաթիւ երիտասարդ նիճերիացիներ ունկնդրած են դէպի քահանայապետութիւն եւ նուիրաբերուած կեանք Տիրոջ կոչը։

Բազմազանութեան մէջ հարստութիւն

Բազմազանութեան մէջ հարստութեան անդրադառնալով Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ Նիճերիոյ բոլոր ցեղախումբերը՝ իրենց մշակութային աւանդոյթներով եւ լեզուներու բազմազանութեամբ նուէր են, որ կը հարստացնեն ինչպէս Եկեղեցիի այնպէս ալ ողջ հասարակութեան հիւսուածքը՝ նպաստելով փոխ ըմբռնումի եւ համակեցութեան արժէքներու խթանմանը։

Սրբազան Հայրը այնուհետեւ յորդորեց ներկաներուն ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն համար ընկերային բարեկամութեան եւ ներդաշնակութեան սերմեր ցանել, ըլլալ համամիութենական եւ համայնքային, չիյնալ «ցեղախմբային մեկուսացումի մէջ»։

«Համայնք այո; ցեղ՝ ոչ» ըսաւ Ան եւ կոչ ըրաւ չփակուիլ սեփական մշակոյթի մէջ, որ ճիշտ է, որ նուէր է, բայց ոչ թէ փակի տակ պահելու այլեւ այն առաջարկելու համար։

Աստուծոյ «ոճը»

Խօսելով ապա երկխօսութեան խթանման մասին՝ Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտեց մէկը միւսին բաց սիրտով ունկնդրելու կարեւորութիւնը՝ «առանց որեւէ մէկը բացառելու․ ընդելուզել, երկխօսիլ եւ դառնալ համամիութենական՝ սկսելով սեփական ինքնութենէ եւ աշխատելով բոլոր եղբայրներու եւ քոյրերու միջեւ հաշտութեան համար», նպաստելով աղքատներու եւ ամենակարիքաւորներու բեռը թեթեւցնելուն եւ Աստուծոյ «ոճը» իւրացնելուն՝ որն է մօտիկութիւնը, կարեկցանքը եւ քնքշութիւնը:

«Այս կերպ բոլոր նիճերիացիները կարող են շարունակել միասին քալել եղբայրական համերաշխութեան և ներդաշնակութեան մէջ», ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ աւարտին ներկաները յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին՝ խնդրելով չմոռնալ աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2024, 11:48