Որոնել

VATICAN-RELIGION-POPE-ANGELUS

«Նուիրումն ու ներումը` կեանքի ճանապարհ են». Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը

Աստուծոյ համար փառքը սիրել է մինչեւ կեանքին զոհաբերումը» հաստատեց Սրբազան Պապը նշելով, որ Խաչին վրայ Յիսուս ցոյց տուաւ Աստուծոյ սէրը յայտնելով իր ողորմութեան դէմքը, մեզի տալով կեանք ու ներելով զինք խաչողներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր քառասնորդաց շրջանի հինգերորդ կիրակին մինչ Սուրբ Շաբթուան կը մօտենանք Յիսուս Աւետարանին մէջ մեզի կ՛ուզէ ըսել կարեւոր բան մը. Խաչին վրայ մենք պիտի տեսնենք իր եւ Հօր Փառքը (Յովհ. 12,20-33)։ Քահանայապետը այս խօսքերով սկիզբ տուաւ 17 Մարտի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան, զոր սովորութեան համաձայն արտասանեց իր գրասենեակի պատուհանէն Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ներկայութեամբ։

Նորին Սրբութիւնը ապա հարց տուաւ թէ ի՞նչպէս կարելի է, որ Աստուած յայտնուի Խաչին վրայ եւ ակնարկեց Յիսուսի խօսքերուն «Եկած է ժամը, որ մարդու Որդին փառաւորուի»։

Յիսուս այս խօսքով մեզի կ՛ուզէ ըսել, որ Աստուծոյ փառքը չի համապատասխաներ մարդկային յաջողութեան, ժողովրդականութեան ու համբաւին...Աստուծոյ համար փառքը սիրել է` մինչեւ կեանքի զոհաբերումը» հաստատեց Սրբազան Պապը նշելով, որ Խաչին վրայ Յիսուս ցոյց տուաւ Աստուծոյ սէրը յայտնելով իր ողորմութեան դէմքը, մեզի տալով կեանք ու ներելով զինք խաչողները։

«Նուիրումն ու ներումը Աստուծոյ Փառքին էութիւնն են ու մեզի համար կեանքի ճանապարհ են» յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ աշխարհիկ փառքը անցողական է։

Ան ապա խորհրդածութիւնը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին օգնութիւնը, որպէսզի օգնէ մեզի ըլլալու Յիսուսի սիրոյն կենդանի արտացոլումները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2024, 12:05

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >