Որոնել

2019.02.06 Eutanasia, fine vita, malato, dolce morte

«Հոգ տանինք անոր, որ կը տառապի ու միայնակ է». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Հոգ տանինք անոր, որ կը տառապի ու միայնակ է, գուցէ անտեսուած եւ լուսանցքային։ Փոխադարձ սիրով` զոր Տէրը Քրիստոս, մեզի կը պարգեւէ աղօթքին մէջ, յատկապէս Սուրբ Հաղորդութեան մէջ, խնամենք մենակութեան ու կղզիացման վէրքերը։ #ՀիւանդներուհամաշխարհայինՕր»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր Կիրակի 11 Փետրուարին կը յիշատակուի Հիւանդներու Համաշխարհային Օրը որուն առիթով Ֆրանչիսկոս Պապ «ԻՔՍ» ընկերային ցանցին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը.

«Հոգ տանինք անոր, որ կը տառապի ու միայնակ է, գուցէ անտեսուած եւ լուսանցքային։ Փոխադարձ սիրով` զոր Տէրը Քրիստոս, մեզի կը պարգեւէ աղօթքին մէջ, յատկապէս Սուրբ Հաղորդութեան մէջ, խնամենք մենակութեան ու կղզիացման վէրքերը։ #ՀիւանդներուհամաշխարհայինՕր»։

Այս խօսքերը քաղուած են Նորին Սրբութեան Հիւանդներու Համաշխարհային Օրուան առիթով հրատարակած պատգամէն, որուն բնաբանն է «Լաւ չէ` որ մարդը մինակ մնայ. Հիւանդները դարմանել խնամելով յարաբերութիւնները»։

Նոյն պատգամին մէջ կը կարդանք նաեւ` թէ «Առաջին խնամքը, որուն կարիքը ունինք հիւանդութեան պահուն` մօտիկութիւնը, կարեկցութիւնն ու քնքշութիւնն է։ Ասոր համար, հոգ տանիլ հիւանդին կը նշանակէ ամէնէն առաջ հոգ տանիլ անոր յարաբերութիւններուն...եւ այս մէկը կարելի է, ու բոլորս կոչուած ենք յանձնառու ըլլալու որպէսզի այս մէկը իրականանայ... Համագործակցինք հակազդելու անհատապաշտութեան, անտարբերութեան ու լքումի մշակոյթին, աճեցնելով քնքշութեան ու կարեկցութեան մշակոյթը»։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/02/2024, 10:00