Որոնել

Քոյր Փայէզիէ Հայիթիի մէջ Քոյր Փայէզիէ Հայիթիի մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հեռախօսազրոյցը Հայիթիի մէջ աղքատներու հրեշտակ քոյր Փայէզիէին հետ

Քոյր Փայէզիէ տարիներէ ի վեր Հայիթի մէջ կը ծառայէ աղքատ մանուկներուն ու բռնի տեղահանուած ընտանիքներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 3 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ հեռաձայնեց Հայիթիի մէջ աւելի քան 2500 փոքրիկներու մայր, կրօնաւորուհի քոյր Փայէզիէին տեղեկութիւն ստանալու համար կղզիին ներկայ իրավիճակին մասին եւ իր զօրակցութիւնը յայտնելու կրօնաւորուհիին աղքատներուն մատուցած առաքելութեան։

Ֆրանսացի քոյր Փայէզիէն, 1999 թուականէն կը գտնուի Հայիթի Port-au-Prince մայրաքաղաքը ու կը ծառայէ քաղաքին ամենամեծ թաղամասի  մէջ գտնուող մանուկներուն, ուր Kizito ընտանիքը խնամք կը տանին աւելի քան 2500 երեխաներու։

Քոյր Փայէզիէն «Վատիկան Նիւզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին պատմեց Պապին հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի մասին նշելով, որ Իրեն համար մեծ անակնկալ եղաւ ու երբեք չէր սպասեր, որ հեռաձայնի միւս կողմը Պապը գտնուէր։

Կրօնաւորուհին յայտնեց, որ Սրբազան հայրը զինք քաջալերած եւ շնորհակալութիւն յայտնած է աղքատներու միջեւ ներկայ գտնուելուն համար, ապահովուելով իր աղօթքը։ Քոյր Փայէզիէ, նշեց, որ ինք շատ տպաւորուած մնաց Ֆրանչիսկոս Պապին ազնիւ եւ քնքուշ ձայնէն ու նորին Սրութեան հետ կիսած է իր հասարակութեան, խումբի եւ երեխաներու մասին տեղեկութիւններ։

հարցազրոյցի ընթացքին քոյր Փայէզիէ անդրադառնալով Հայիթիի մէջ ներկայ իրավիճակին տեղեկացուց որ տարբեր տարիներէ ի վեր տարբեր թաղամասերու մէջ բախումներ կունենան զինեալ խումբերու միջեւ ու այդ խումբերը առ աւելիով  կը զօրանան ոչ միայն աղքատներու թաղամասերու մէջ, այլ մայրաքաղաքի տարեր շրջաններէն ներս, ուր բնակարաններ կը քանդուին կամ ալ կը հրկիզուին ու ահռելի օրէն կը մեծնայ աղքատութիւնն ու անօթութիւնը։

Խօսելով անցեալ ամիս Հայիթի մայրաքաղաքին մէջ առեւանգուած վեց մայրապետներու մասին, քոյր Փայէզիէ նկատել տուաւ, որ կարգ մը մարդիկ թիրախաւորուին, օրինակի համար հարուստները, որոնք կ՝առեւանգուին փրկագինի դիմաց։ Ինչ կը վերաբերի առեւանգուած վեց մայրապետներուն, Քոյր Փայէզիէ նշեց թէ ինք երբեք չէ մտածած, որ եկեղեցին կրնայ թիրախ դառնալ ու քոյրերու առեւանգումը տեղի ունեցաւ փրկագին ստանալու յոյսով։

Անդրադառնալով տեղահանուած ընտանիքներու բնակավայրեր գտնելու հարցի մասին Քոյր Փայէզիէ ընդգծեց որ իրականութեան մէջ այս հարցը շատ մեծ է որովհետեւ գոյութիւն չ՝ունի վայր մը զանոնք հիւրընկալելու համար ու ամէն շաբաթ հազարաւոր անձեր կը փախչին, որոնց յաճախ կարելիութիւնը չ՝ունին իրեն տուները վերադառնալու։

Քոյր Փայէզիէ այտնեց, թէ առանց եկեղեցւոյ աջակցութեան այդ տեղահանուած ընտանիքներն ու երեխաները իրենց բախտի եւ աղքատութեան մէջ կը ձգուին ու լոկ Աստուած տեղեակ է անոնց մասին։

Աղքատներու կրօնաւորուհին հարցազրոյցը աւարտեց նշելով «Ըրբեմն նոյնիսկ կը զարմանամ, թէ ինչպէս մարդիկ կը յաջողին մի քան օրեր գոյատեւել առանց ուտելու ու ամէն բանէ զրկուելով։ Տէրը ներկայ է։ Կը կարծեմ որ պատասխանը սա է՝ Տէրը անոնց հետ է ։Կրնայ ըլլայ, որ Ան ներկայ է իմ միջոցաւս կամ այլ ձեւով։ Սակայն երբեք չլքեր իր երեխաները»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2024, 12:00