Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Աստուածային պաշտամունքի եւ Խորհուրդներուն մատակարման վերատեսչութեան տարեկան ընդհանուր ժողովին մասնակիցները։ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Աստուածային պաշտամունքի եւ Խորհուրդներուն մատակարման վերատեսչութեան տարեկան ընդհանուր ժողովին մասնակիցները։  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Առանց ծէսի բարեփոխումին չկայ բարեփոխուած եկեղեցի»

Ֆրանչիսկոս Պապին Աստուածային պաշտամունքի եւ Խորհուրդներուն մատակարման վերատեսչութեան տարեկան ընդհանուր ժողովին մասնակիցներու ուղղած պատգամը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 8 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Աստուածային պաշտամունքի եւ Խորհուրդներուն մատակարման վերատեսչութեան տարեկան ընդհանուր ժողովին մասնակիցները ու այս առթիւ փոխանցած պատգամին մէջ անդրադառնալով Sacrosanctum Concilium փաստաթուղթին ընդգծեց եկեղեցւոյ բոլոր ծաւալներէն ներս բարեփոխումի կամքի կարեւորութիւնը, «ամէն օր հաւատացեալներուն մէջ աճեցնելով քրիստոնէական կեանք, աւելի լաւ յարմարացնել փոփոխութեան ենթարկուող հաստատութիւններուն մեր ժամանակուան պահանջները, խթանել այն ինչ որ կրնայ նպաստել Քրիստոսի բոլոր հաւատացեալներուն միութիւնը, աշխուժացնել այն ինչ որ բոլորին կ՝օգնէ եկեղեցւոյ ծոցին մէջ ներթափանցելու։

Նորին Սրբութիւնը շեշտեց որ առանց ծիսական բարեփոխումի չկայ եկեղեցւոյ մէջ բարեփոխում, նշելով որ Եկեղեցւոյ բարեփոխման իւրաքանչիւր դէպք միշտ ամուսնական հաւատարմութեան հարց է ու Հարսնցու եկեղեցին միշտ աւելի գեղեցիկ կը դառնայ որքան աւելի կը սիրէ Քրիստոս Փեսային, ամբողջովին անոր պատկանելու աստիճան։ «Եկեղեցին մայր է , եկեղեցին ունի իր դիմագիծը Մարիամի մէջ  եւ եկեղեցի-կինը, որուն դիմագիծը Մարիամն է աւելի քան Պետրոսը, ըսաւ Սրբազան Հայրը նկատել տալով որ Տիեզերական ժողովին հայրերը գիտցան ծէսը կեդրոն զետեղել, որովհետեւ գիտեն թէ անիկայ վայրն է, ուր կարելի է հանդիպիլ Քրիստոսին։

«Գացէք պատրաստեցէք մեզի Զատիկը» (Ղուկ 22,8): «Յիսուսի այս բառերը որոնք կը ոգեշնչեն ձեր մտորումները այս օրերուն, կ՝արտայայատեն Տիրոջ փափաքը՝ Մեզ ունենալու  իր Մարմնին եւ Արեան սեղանին շուրջ,  անոնք հրամայական են, որոնք մեզի կը հասնին սիրալիր աղերսի նման ու ծէսի կազմաւորման մէջ ներգրաւուիլ կը նշանակէ արձագանգել այդ հրաւէրին որպէսզի «կարենանք Զատիկը ուտել եւ ապրիլ զատկական, անհատական եւ համայնքային գոյութենականութիւնը», ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Ան իր պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն յանձնարութեան համար ապա յանձնելով բոլորվին Տիրամօր հովանիին, խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2024, 12:06