Որոնել

2024.02.05 Consiglio dei Cardinali C/9

Ֆրանչիսկոս Պապը գլխաւորեց Ինը Կարդինալներու Խորհուրդի հերթական ժողովը

Առաւօտեան նիստը նուիրուեցաւ խորացնելու անցեալ դեկտեմբեր ամսոյն մէջ սկսած Եկեղեցւոյ մէջ կնոջ դերին վերաբերեալ քննարկումները
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր առաւօտեան Կարդինալներու Խորհուրդը գումարեց իր հերթական ժողովը։ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ միասին ներկայ էին Խորհուրդի անդամ բոլոր կարդինալները ու Խորհուրդի քարտուղարը։ Առաւօտեան նիստը նուիրուեցաւ խորացնելու անցեալ դեկտեմբեր ամսոյն մէջ սկսած Եկեղեցւոյ մէջ կնոջ դերին վերաբերեալ քննարկումները, Քրիստոսաբանութեան ու Մարիեմաբանութեան Հռոմի Auxilium Քահանայապետական գիտութեան ու կրթութեան բաժանմունքին մէջ դասատու եւ «Maria Ausiliatrice» միաբանութեան անդամ` քոյր Լինտա Փոշերի, Վերոնայի Թեմին «Ordo Virginum» միաբանութեան անդամ միանձնուհի եւ հոգեւորականութեան եւ հոգեւոր կրթութիւններու դասատու Ճուելիվա Տի Պերարտինոն, եւ Տոքթ Մայր Ժօ Պայլէյ Ուելսը` Անգլիայի եկեղեցւոյ եպիսկոպոս և Անկլիքան հաղորդութեան գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ»։ Այս կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ ուր ապա նշուած է, թէ «Խորհուրդին աշխատանքները պիտի շարունակուին կէսօրէն ետքը ու վաղը շօշափելով այլ թեմաներ»։

Ժողովները

Յայտնենք թէ Խորհուրդին վերջին ժողովը տեղի ունեցած էր անցեալ դեկտեմբեր ամսուայ մէջ այլ նիւթերու կողքին որպէս կեդրոնական նիւթ ունենալով «կնոջ դերը Եկեղեցւոյ մէջ»։

Ինը կարդինալներու խորհուրդի անդամները Քահանայապետի որոշումով ու նշանակութեամբ նորոգուեցան անցեալ 7 Մարտ 2023ին եւ նոր կազմին առաջին ժողովը տեղի ունեցաւ նոյն տարուայ 24 ապրիլին։

Խորհուրդի հիմնադրութիւնը

Խորհրդատու Ինը Կարդինալներու խորհուրդը հիմնուած է Ֆրանչիսկոս Պապին Ինքնագիր նամակով` 28 սեպտեմբեր 2013ին, ունենալով որպէս պարտականութիւն օգնել Քահանայապետին Տիեզերական եկեղեցւոյ կառավարման մէջ եւ ուսումնասիրել Հռոմի Քուրիայի վերանայման նախագիծ մը, որ իրականացուեցաւ Praedicate Evangelium Առաքելական սահմանադրութեան հրատարակութեամբ` 19 Մարտ 2022ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2024, 15:00