Որոնել

 	2019.02.03 Viaggio Apostolico Emirati Arabi Uniti

Ֆրանչիսկոս Պապ. եղբայրութիւնը թող մեզ առաջնորդէ ատելութիւնէն և պատերազմէն անդին, դէպի աւելի զօրակից աշխարհ

Մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթի հինգերորդ տարեդարձին առիթով ու Մարդկային Եղբայրութեան ՄԱԿ-ի կողմէ հռչակուած Միջազգային Օրուան, Ապու Տապիի Աբրահամեան ընտանիքի Տան մէջ կայացած միջոցառման ժամանակ ընթերցուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին այս առիթով յղած պատգամը, որուն մէջ Ան ընդգծած է, որ այսօրուայ աշխարհին մէջ եղբայրական զօրակցութեան բացակայութիւնը կը յառաջացնէ շրջակայ միջավայրի ոչնչացում և ընկերային վատթարացում։ Այս պատճառաւ Ան կը հրաւիրէ տարածել ընկերային բարեկամութեան արժէքները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Եթէ քաջալերական է տեսնել, թէ հինգ տարիներ առաջ սկիզբ առած երկխօսութեան, բարեկամութեան ու փոխադարձ յարգանքի ուղեւորութիւնը կը շարունակէ իր պտուղները տալ, աշխարհի շատ մը երկիներուն մէջ «եղբայրութեան զօրակցութեան բացակայութեան հետեւանքները» կը յառաջացնեն «շրջակայ միջավայրի կործանում», եւ «ընկերային վատթարացում», որոնք կը յառաջացնեն «մեծ թիւով եղբայրներու և քոյրերու համար անսահման տառապանք». Անհրաժեշտ է առ այդ ուշադրութիւնը հրաւիրել սկզբունքներու վրայ` «որոնք կարող ըլլան առաջնորդել մարդկութիւնը, անարդարութեան, ատելութեան ու պատերազմի մուգ ստուերներու ընդմէջէն, դէպի համաշխարհային հասարակութեան լուսաւորութիւն», որ յատկանշուած ըլլայ «աւելի մեծ ընկերային զօրակցութեամբ» եւ «եղբայրական սիրով»։

Կարդինալ Միկել Այուզօ Կիսոն, Միջ-կրօնական Վերատեսչութեան Վերատեսուչը
Կարդինալ Միկել Այուզօ Կիսոն, Միջ-կրօնական Վերատեսչութեան Վերատեսուչը

Մարդկային Եղբայրութեան Միջազգային Օր

Այս խօսքերը կը կարդանք Ֆրանչիսկոս Պապի մէկ պատգամին մէջ, զոր Ան յղած է Համաշխարհային խաղաղութեան եւ միասնական համակեցութեան Մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթի հինգերորդ տարեդարձին առիթով, որ ստորագրուեցաւ 2019ի փետրուարի 4-ին, Ապու Տապիի մէջ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայըպին հետ միասին։

Այդ թուականէն երկու տարիներ ետք` 2021ին ՄԱԿ-ը եւս որդեգրեց Մարդկային Եղբայրութեան նուիրուած Միջազգային Օր մը, որ կը նշուի միշտ 4 փետրուարին։

«Մարդկային Եղբայրութեան «մաժլէս– ընդհանուր հաւաքի» գումարում

Նորին Սրբութիւնը պատգամը յղեց Մարդկային Եղբայրութեան Զայըտ մրցանակի ընդհանուր քարտուղար` դատաւոր Մոհամմըտ Ապտելսալամին «Մարդկային Եղբայրութեան «մաժլէսի – ընդհանուր հաւաքի» գումարումին առիթով, Ապու Տապիի Աբրահամեան ընտանիքի Տան մէջ, ուր տարբեր դաւանանքներու սոցիալական և կրօնական խումբերը համախմբուած են նպատակ ունենալով խթանել երկխօսութիւնը և մտքերու փոխանակումը, ինչպէս նաև միաւորել ուժերը՝ կեանքի կոչելու Մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթի մէջ ամրագրուած սկզբունքներն ու արժէքները:

Քահանայապետին պատգամը կարդաց Կարդինալ Միկել Այուզօ Կիսոն, Միջ-կրօնական Վերատեսչութեան Վերատեսուչը եւ անդամ Մարդկային Եղբայրութեան Բարձր Կոմիտէին, ի ներկայութեան քաղաքական ու քաղաքացիական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն։

Մարդ արարածները` եղբայրներ և քոյրեր միակ Հօր զաւակներ

Պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը նորոգէ իր երախտագիտութիւնը Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ` Ահմատ Ալ Թայըպին եւ Արաբական միացեալ Էմիրութիւններուն նախագահ` Շէյխ Մոհամմատ Պին Զայըտ Ալ Նահիանին, «իրենց կենսական աջակցութեան` այն ձեռնարկներուն որոնք միտուած են խթանելու եղբայրութեան ու ընկերային բարեկամութեան արժէքները, հիմնուած այն ճշմարտութեան վրայ, թէ բոլոր մարդ արարածները` ոչ միային ստեղծուած են հաւասար, այլ նաեւ սկզբունքօրէն իրար փոխկապուած, որպէս եղբայրներ և քոյրեր՝ միակ Երկնային Հօր զաւակներ»։

Zayed մրցանակի մի քանի յաղթողները
Zayed մրցանակի մի քանի յաղթողները

Զայըտ մրցանակի մրցանակակիրները` եղբայրութեան ճանպարհին վրայ լոյս սփռողներ

Սրբազան Պապը կը շնորհաւորէ ապա Զայըտ մրցանակին այս տարուայ մրցանակակիրները` Ինտոնեզիայի «Nahdlatul Ulama» և «Muhammadiyah» կազմակերպութիւնները, եգիպտացի սրտային վիրաբոյժ Մակտի Եագուպը, Չիլիացի քոյր Նելլի Լէոնը, այս ուղղութեամբ կարեւորելով մրցանակակիրներուն ներկայացուցած ու ապրած արժէքները` ինչպէս «տարբերի նկատմամբ հանդուրժող սէրը, աղքատներուն ու հիւանդներուն ու մասնաւորապէս մանուկներուն նկատմամբ անկեղծ ուշադրութիւնը, ապա իղձը օգնելու բանտարկեալներուն վերականգնումին ու ընկերութեան մէջ անոնց ընդելուզումին»։ Բոլոր մրցանակակիրները Քահանայապետին համար «կարեւոր լոյս կը սփռեն այն ուղեւորութեան վրայ, որ կ՛ընթանայ դէպի աւելի մեծ ընկերային զօրակցութիւն եւ եղբայրական սէր»։

Ոչ մէկը կարող է ընթանալ առանձին

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը կը յիշեցնէ, թէ ոչ մէկը կարող է այն ճանապարհին վրայ ընթանալ առանձին, եթէ «բոլորը չբացուին Հօր, որ մեզ բոլորս կը դարձնէ եղբայրներ», ապա կ՛աղօթէ, որպէսզի բոլոր մարդիկը քաջալերուին մրցանակակիրներու օրինակէն, մայթելով, որ բոլոր տառապող եղբայրներն ու քոյրերը «կարողանան համայն աշխարհին մէջ փորձարկել հաւատքի մարդոց մօտիկութիւնն ու մտահոգութիւնը»։

5 Փետրուարին մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը

Յայտնենք որ Ապու Տապիի մէջ ստորագրուած փաստաթուղթի հինգերորդ տարեդարձին նուիրուած միջոցառումները կ՛աւարտին երկուշաբթի՝ 5 փետրուարին, տեղական ժամանակով ժամը 19.00-ին (Հռոմի ժամով 16.00-ին), 2024 թուականի Մարդկային Եղբայրութեան Զայէտ մրցանակի մրցանակաբաշխութեամբ, որ տեղի կ՛ունենայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաքի «Founder’s Memorial» յուշահամալիրին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2024, 08:00