Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Անձին բարօրութիւնը պաշտպանելը կը նպաստէ անոր լիարժէք իրականացման եւ արժանապատուութեան

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «UNICOOP Firenze» համագործակցական ընկերութեան եւ «Il cuore si scioglie» հիմնադրամի անդամները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 5 յունուար, 2024ին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «UNICOOP Firenze» համագործակցական ընկերութեան եւ «Il cuore si scioglie» հիմնադրամի անդամները։

Ողջոյնի խօսքին սկիզբը Սրբազան Հայրը մեկնաբանեց Յիսուսի Յայտնութեան տօնը ապա նշեց, թէ այս տօնի հոգեւոր մթնոլորտը նշանակալից է վերոյիշեալ հաստատութիւններուն յանձնարարութեան, որ 50 տարի, որպէս համգործակցական ընկերութիւն եւ տասը տարի որպէս հիմնադրամ, նուիրուած են կարիքաւոր անձերուն՝ ծառայութեան տարբեր շրջագիծերէն ներս. տնտեսական աղքատութենէն մինչեւ մշակոյթի կարիքը, առանձնութենէն մինչեւ կազմաւորման կարիքը, օգտագործելով ոչ միայն ֆինանսական եւ պարենային օգնութեան միջոցներ, նաեւ այլ պարագաներ, ինչպէս գրականութիւնը, արուեստն ու երաժշտութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ անդրադարձ կատարեց վերոյիշեալ հիմնարկի մատուցած տարբեր ծառայութիւններուն, առաքելութիւններուն ու օգնութիւններուն, ապա ակնարկելով սպառողներու նկատմամբ պաշտպանութեան ծառայութեան ըսաւ «Դուք հասաք ըմբռնելու մարդկային հիմնարար հարթութիւնը. Ուրիշներուն համար բան մը կատարելը ու օգնելը, այսինքն ապրիլ եղբայրսիրութիւնը, գործօն սիրով, (Fratelli tutti, 87)։

Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, թէ անձի բարօրութիւնը պաշտպանելը ոչ միայն կը նշանակէ հոգ տանիլ անոր ոլորտային շահերուն, այլ նպաստել անոր լիարժէք իրականացման եւ արժանապատուութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ եւ արտասահմանի մէջ վերոյիշեալ հիմնարկի կատարած աշխատանքներուն համար, մասնաւորապէս՝ այս ողբերգական ժամանակահատուածին՝ ի զօրակցութիւն Ուքրանիոյ։

Իր գնահատանքը յայտնեց գործակցական ընկերութեան, Սուրբ Աթոռի Եղբայրսիրութեան ծառայութեան համար, գերատեսչութեան հետ համագործակցութեան համար, քաջալերելով բոլորը, որ իրենց աշխատանքը շարունակեն նպատակ ունենալով անձի համապարփակ զարգացումը, հասարակութեան աճը՝ հմտութիւններուն եւ հարստութիւններուն փոխանակման մէջ, ներառումը՝ բարելաւելով այն ինչ, որ իւրաքանչիւր անհատ իր հետ կը բերէ, ի բարօրութիւն բոլորին։

Նորին Սրբութիւն պատգամը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը, շնորհաւորելով սկիզբ առած նոր տարին, ապա ինչպէս միշտ խնդրելով, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/01/2024, 10:16