Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ. Մեր աչքերը երկինք բարձրացնենք ու ոտքերս գետին ճամբայ ելլենք Տէրը փնտռելու եւ Անոր երկրպագելու»

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Յիսուսի Մկրտութեան եւ Աստուածայնութեան տօնին առիթով գլխաւորած Սուրբ Պատարագի ընթացքին։
Ունկնդրէ Քահանայապետին 6 Յունուարի քարոզին եւ խորհրդածութեան լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յիսուսի Մկրտութեան եւ Աստուածայնութեան տօնին առիթով, շաբաթ, 6 Յունուարին, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։

Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրութիւնը անդրադառնալով Մոգերուն մասին, յորդորեց խոկալ անոնց երեք վարուելակերպերուն մասին.

Մոգերը իրենց աչքերը երկինք սեւեռած էին, սակայն ոտքերը գետին կը քալէին երկրի վրայ ու սիրտը խոնարհած երկրպագութեան մէջ։

Մոգերուն աչքերը սեւեռած դէպի երկինք

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ մոգերը իրենց գլուխը վեր բարձրացուցին սպասելու համար ճրագը, որ կը լուսաւորէ իրենց կեանքը, բարձունքէն եկած փրկութիւնը ու կը նշմարեն աստղ մը, որ աւելի լուսաւոր է միւսներէն որ զանոնք կը ներգրաւէ ու կը դնէ ճանապարհորդութեան մէջ։ «Ահա այս է բանալին, եթէ մենք ապրինք փակ երկրային իրերու նեղ շրջանակներուն մէջ եւ քալենք մեր գլուխները ցած՝ գերի մեր ձախողութիւններուն ու կարօտը ունենանք աշխարհի մխիթարութիւններուն փոխանակ ըլլալու լոյսի ու սիրոյ որոնողներ, այն ատեն մեր կեանքը կը մարի» ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը ապա յորդորեց բարձր պահել ու դէպի երկինք սեւեռել մեր աչքերը, սորվելու եւ տեսնելու համար Բարձրութեան իրականութիւնը, որպէսզի առաջնորդուինք Յիսուսի բարեկամութեամբ, Անոր Սիրով, որ մեզի կը զօրակցի եւ Անոր խօսքին լոյսով, որ մեզ կ՝առաջնորդէ ինչպէս աստղը երկինքի մէջ։

Մոգերը ոտքերը գետին կը քալեն երկրի վրայ

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա թէ Մոգերը դէպի Երուսաղեմի ճամբան բռնած էին հայցելով «ո՞ ւր է ան որ պիտի ծնի, Հրեաներուն թագաւորը» ու այս ուղղութեամբ նկատել տուաւ, թէ հաւատքի պարգեւը չէ տրուած կենալու եւ երկինքը դիտելու համար, այլ քալելու աշխարհի ուղիներուն վրայ, որպէս Աւետարանի վկաները։

Խոնարհ սիրտով երկրպագութեան մէջ

Նորին Սրութիւնը խօսեցաւ Մոգերուն Բեթղեհէմ ժամանումի մասին երբ տեսնելով Մանուկը գետին ինկան ու երկրպագութիւն ըրին Անոր (Մատթ 2,11), ընծաներ տուին ու այդ նուէրներով յայտնի դարձուցին, թէ ով կը պաշտեն...«Թագաւոր մը, որ եկաւ մեզի ծառայելու, Աստուած որ Մարդ դարձաւ, որ կը գթայ մեր վրայ եւ կը տառապի մեր հետ ու կը մեռնի մեզի համար» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

«Բացայայտենք երկրպագութեան աղօթքի համը: Յիսուսը ճանչնանք որպէս մեր Աստուածն ու Տէրը» յարեց Նորին Սրբութիւնը ու քարոզի աւարտին յորդորելով «մոգերուն նման մեր աչքերը բարձրացնելու դէպի երկինք եւ ճամբայ ելլելու Տէրը փնտռելու համար ապա մեր սիրտը երկրպագութեան մէջ։ Ապա հայցենք նաեւ շնորհքը երբեք չի կորսնցնելու քաջութիւնը, քաջութիւնը ըլլալու Աստուծոյ որոնողներ, յոյսի մարդիկ, անվախ երազողներ, որոնք կը նային դէպի երկինք և կը քալեն աշխարհի ճանապարհներով ՝ քաջութիւնը երկրպագելու եւ նայելու Տիրոջ որ կը լուսաւորէ իւրաքանչիւր մարդ։ «Թող Տէրը մեզի պարգեւէ այս շնորհքը` մանկաւորապէս երկրպագութեան շնորհքը» ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/01/2024, 10:52