Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ կը խնդրէ աղօթել մահամերձ հիւանդներուն ու անոնց ընտանիքներուն համար։

Պապին աղօթքի համաշխարհային ցանց քահանայապետական հաստատութիւնը հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Պապին փետրուար ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը, որուն մէջ Սրբազան Հայրը կը հրաւիրէ աղօթելու մահամերձ հիւանդներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Պապին աղօթքի համաշխարհային ցանց» քահանայապետական հաստատութիւնը, երեքշաբթի, 30 յունուարին, հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Պապին փետրուար ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը՝ նուիրուած մահամերձ հիւանդներուն, տրուած ըլլալով որ փետրուար ամսուան ընթացքին եկեղեցին կը նշէ Հիւանդներու համաշխարհային օրը՝ հաստատուած Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետին կողմէ՝ 11 փետրուար, 1992ին, Լուրտի Տիրամօր ծիսական տօնին օրը։

Աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ կոչ կ՝ուղղէ որպէսզի հիւանդները միշտ ունենան անհրաժեշտ խնամք եւ ուղեկցութիւն ինչպէս առողջապահական այնպէս մարդկային տեսանկիւնէն։

Նորին Սրբութիւնը կ՝ընդգծէ նաեւ ընտանիքներուն «վճռորոշ դերը», որոնց կարելի չէ մինակ ձգել։

Տեսերիզին մէջ Սրբազան Հայրը կ՝ըսէ

«Երկու բառեր կան զոր ոմանք կը շփոթեն մահացու հիւանդութիւններուն մասին խօսելու ժամանակ. Անբուժելի եւ անխնամելի եւ ասոնք նոյն բանը չեն։

Նոյնիսկ երբ ապաքինումի հնարաւորութիւնները նուազագոյնն են, բոլոր հիւանդները իրաւունք ունին ուղեկցութեան, հոգեբանական ուղեկցութեան, հոգեւոր ուղեկցութեան, մարդկային ուղեկցութեան։

Երբեմն անոնք կարող չեն խօսելու, երբեմն կը մտածենք որ մեզ չեն ճանչնար, բայց եթէ բռնենք անոնց ձեռքերը պիտի հասկնանք, որ անոնք համահունչ են։

Բուժումը միշտ ալ կարելի չէ, սակայն միշտ կրնանք հոգ տանիլ հիւանդին եւ շոյել հիւանդը։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ միշտ կ՝ըսէր . Բուժել՝ եթէ կարելի, հոգ տանիլ միշտ»

Հո՛ս է որ մուտք կը գործէ ամոքիչ դեղերով խնամքը, որ հիւանդին կ՝երաշխաւորէ ոչ միայն բժշկական օգնութիւն, այլ նաեւ մարդկային եւ սերտ ընկերակցութիւն։

Ընտանիքները կարելի չէ մինակ ձգել, այս դժուար պահերուն։

Անոնց դերը որոշիչ է։ Պէտք է ունենան համապատասխան միջոցներ՝ ֆիզիքական, հոգեւոր եւ ընկերային աջակցութիւն ցուցաբերելու համար։

Աղօթենք որպէսզի մահամերձ հիւանդները իրենց կեանքի վերջին պահուն ու անոնց ընտանիքները, միշտ ստանան անհրաժեշտ խնամք, ըլլայ առողջապահական ըլլայ մարդկային տեսանկիւնէն։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2024, 16:00