Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Յունուար եւ փետրուար ամիսներուն Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ ծիսական արարողութիւններու օրակարգը

Քահանայապետական ծիսական արարողութիւններուն գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ ծիսական արարողութիւններու օրակարգին վերաբերեալ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2024 թուականի յունուար եւ փետրուար ամիսներուն գլխաւորելիք արարողութիւններուն օրակարգը։

Կիրակի 21 յունուարին, Աստուծոյ խօսքին նուիրուած օրն է։ Այս առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, առաւօտեան ժամը 9.30ին, կը մատուցուի սուրբ Պատարագ ։

Հինգշաբթի, 25 յունուարին, եկեղեցիներու միութեան աղօթքի 57-րդ շաբթուան ընթացքին, Սուրբ Պօղոսի դարձի յիշատակին նուիրուած տօնին օրը, Հռոմի Սուրբ Պօղոս տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ տեղի կ՝ունենայ ժամասացութիւն։

Ուրբաթ, 2 փետրուարին, Տիրոջ ընծայման տօնին օրը եւ կրօնական կեանքի համաշխարհային օրուան առթիւ, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորութեամբ կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ ։

Կիրակի 11 փետրուարին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը նախագահէ երանելի Մարիա Անթոնիա Տի Տան Ժուզէփփէ Տէ Փազ Ի Ֆիկէրոային սրբադասման Սուրբ Պատարագի արարողութեան։

Չորեքշաբթի, 14 փետրուարին, մոխրոց օրը, յետմիջօրէին ժամը 4,30ին, Սան Անսելմօ տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ տեղի կ՝ունենայ ապաշխարութեան թափօրը, որմէ ետք յետմիջօրէին, ժամը 5ին, Սանթա Սապինա տաճարին մէջ Սրբազան քահանայապետը Կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը եւ որուն ընթացքին կը կատարէ նաեւ մոխրոց օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2024, 10:56