Որոնել

Pope Francis during the Angelus prayer in St. Peter's Square

«Այսօր կը սկսինք Աղօթքի Տարին». Ֆրանչիսկոս Պապ

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Պապը սկիզբ տուաւ 2025ի Յոբելեանը պատրաստող աղօթքի տարուան, ապա աղօթք խնդրեց քրիստոնեաներու միութեան ու աշխարհի խաղաղութեան համար յիշելով նաեւ Հայիթիի մէջ առեւանգուած անհատները ու կոչ ուղղելով զանոնք ազատ արձակելու եւ կասեցնելու բռնութիւնները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 21 Յունուար 2024ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին ողջունելով Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալները` նշեց թէ «յառաջիկայ ամիսները մեզ պիտի առաջնորդեն Սուրբ Դռան բացումին, որով սկիզբ պիտի տանք Յոբելեանին»։

Աղօթքի Տարի

«Կը խնդրեմ ,որ ուժեղացնէք աղօթքը, որպէսզի պատրաստուինք լաւապէս ապրելու այդ շնորհքի ձեռնարկը ու փորձարկելու Աստուծոյ յոյսին զօրութիւնը», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը յայտարարելով, որ «ասոր համար այսօր կը սկսինք «Աղօթքի Տարին», այսինքն տարի մը` նուիրուած վերագտնելու անհատական կեանքի ու նաեւ Եկեղեցւոյ ու աշխարհի կեանքին մէջ աղօթքին մեծ արժէքը և բացարձակ կարիքը» յարեց Քահանայապետը, մատնանշելով այս առնչութեամբ Աւետարանութեան Վերատեսչութեան կողմէ պատրաստուած ուղեցոյցներուն, որոնք պիտի օգնեն մեզի լաւապէս ապրելու տարին։

Քրիստոնեաներու միութեան ու խաղաղութեան համար աղօթք

Քահանայապետը առ այդ հրաւիրեց այս օրերուն աղօթելու նաեւ քրիստոնեաներու միութեան համար, հրաւիրելով նաեւ աղերսելու Տիրոջ Ուքրանիոյ, Պաղեստինի ու Իսրայէլի ու նաեւ աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ խաղաղութեան համար «աւելիով տկարներն են անոնք` որոնք կը տառապին խաղաղութեան պակասէն» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը յատուկէն մտաբերելով ամենափոքրերը, բազմաթիւ վիրաւոր ու սպաննուած մանուկներ, «որոնց կը պակսի սէրը, որոնք զրկուած են երազէ ու ապագայէ»։

«Յանձն առնենք պատասխանատուութիւնը աղօթելու ու խաղաղութիւն կառուցելու անոնց համար» կոչ ուղղեց Նորին Սրբութիւնը։

Հայիթիի մէջ բռնութիւնները կասեցնելու կոչ

Ան ապա իր ցաւը արտայայտեց ի տես Հայիթիի մէջ առեւանգուած անհատներուն, որոնց շարքին նաեւ վեց կրօնաւորուհիներ ու կոչ ուղղեց զանոնք ազատ արձակելու, աղօթք ապահովեցնելով նաեւ Երկրին մէջ ընկերային հաշտութեան համար, ու հրաւիրելով կասեցնելու բռնութիւնները, որոնք «մեծ տառապանք կը յառաջացնեն այդ սիրելի բնակչութեան»։

Սրբազան Պապը ողջունեց ապա Հռոմէն, Իտալիայի տարբեր քաղաքներէն ու աշխարհի զանազան երկիրներէն հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու խումբերը, բոլորին մաղթելով բարի կիրակի ու աղօթք խնդրելով նաեւ իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2024, 12:37