Որոնել

2024.01.08 Auguri del Corpo Diplomatico

Դադրեցնել բոլոր պատերազմները` «անիմաստ սպանդ». Ֆրանչիսկոս Պապը դիւանագիտական մարմնի անդամներուն

Վատիկանի հետ դիւանագիտական կապեր ունեցող երկիրներուն թիւը 184 է, ասոնց պէտք է աւելցնել Եւրոպական Միութիւնը եւ Մալթայի Ասպետական կարգը։ Այդ երկիրներէն 91 ունին Հռոմի մէջ նստավայր, որոնց շարքին է նաեւ ՀՀ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Դեսպանութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Սովորութիւն է` որ Քահանայապետերը ամէն տարուայ սկիզբը հանդիպում ունենան ու ողջունեն Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանները ու դիւանագիտական մարմնի անդամները եւ այսօր` Երկուշաբթի 8 Յունուար 2024ին, Ֆրանչիսկոս Պապը նորոգեց այս աւանդութիւնը Առաքելական Պալատէն ներս ընդունելով Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամները եւ անոնց ուղղելով աւանդական ճառը, որուն առանցքը կազմեց խաղաղութիւն բառը։

Նորին Սրբութիւնը ճառը սկսաւ շնորհակալութիւն յայտնելով Դեսպան Ժորժ Փուլիտէսին, որ յանուն դիւանագիտական մարմնի անդամներուն ողջոյնի խօսք ուղղած էր Սրբազան Պապին եւ որուն մէջ ան յատուկ կերպով արտայայտած էր «միջազգային ընտանիքին մտահոգութիւնները» այս տարուան սկիզբը «որ կ՛ուզենք` որ ըլլայ խաղաղութեան տարի, բայց կը բացուի հակամարտութիւններու ու պառակտումների դրօշի ներքոյ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն Սուրբ Աթոռի եւ իրենց ներկայացուցած Երկիրներու միջեւ «յարաբերութիւնները խթանելու յանձնառումին համար» ապա ակնարկեց Սուրբ Աթոռի ու Օմանի Սուլթանութեան միջեւ հաստատուած նոր կապին ու ստեղծուած այն նոր դիւանագիտական յարաբերութիւններուն ու ստորագրուած նոր պայմանագիրերուն ինչպէս նաեւ մի քանի երկիրներուն հետ անցեալ տարի նշուած դիւանագիտական կապերու յոբելեաններուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ
Ֆրանչիսկոս Պապ

Խաղաղութիւն բառը

«Սիրելի դեսպաններ, կայ բառ մը, որ յատուկ կերպով կ՛արձագանքէ քրիստոնէական երկու հիմնական տօներուն առիթով...անիկայ «խաղաղութիւն» բառն է։ Անիկա առաջին հերթին Աստուծոյ պարգեւ է` Ինքն է, որ մեզի կը թողու իր խաղաղութիւնը, բայց միեւնոյն ժամանակ մեր պատասխանատուութիւնն է. «Երանի խաղարարներուն (Մատթ.5,9)», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով, որ այդ «բառը դիւրաբեկ է եւ միաժամանակ դժուար ու լի իմաստով»։

«Անոր է` որ կ՛ուզեմ նուիրել այսօրուան խորհրդածութիւնը, պատմական այս պահուն, երբ ան աւելիով սպառնալիքի տակ է, տկարացած ու մասամբ կորսուած» յարեց Քահանայապետը ընդգծելով նաեւ միջազգային ընտանիքին մէջ Սուրբ Աթոռին դերը` ըլլալու «մարգարէական ձայն ու խղճի յիշեցում»։

Մաս մաս համաշխարհային Գ պատերազմ

Ակնարկելով 1944ի Ծնունդին,  Բ համաշխարհային պատերազմի աւարտին, Պիոս ԺԲ Քահանայապետին համայն աշխարհի ժողովուրդներուն ուղղած Ռատիօ Պատգամի խօսքերուն, ուր Ան  յայտնած էր` որ «վճրակամ կամք կայ այս համաշխարհային պատերազմը, համընդհանուր ցնցումը դարձնելու այն կէտը, որտեղէն կը սկսի նոր դարաշրջան մը` խոր նորոգութեան մը համար», Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ թէ 80 տարիներ ետք «այդ խոր նորոգման» մղիչ ուժը կարծես սպառած է եւ աշխարհը այսօր կ՛ապրի հակամարտութիւններու աճ մը, որ «կամաց կամաց կը փոխակերպուին այն բանին` որ ես բազմիցս սահմանեցի «մաս-մաս երրորդ համաշխարհային պատերազմ», իսկական ընդհանուր հակամարտութիւն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը առաջին հերթին մտահոգութիւն արտայայտելով Իսրայէլի ու Պաղեստինի մէջ պատահածին համար:

Դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն հետ հանդիպում
Դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն հետ հանդիպում

Իսրայէլ - Պաղեստին

Քահանայապետը յիշեց անցեալ տարուայ 7 հոկտեմբերի ահաբեկչական ցնցիչ յարձակումը Իսրայէլի ժողովուրդին դէմ ու այդ առնչութեամբ նորոգեց իր դատապարտումը, ապա հաստատեց` թէ «ահաբեկչութեամբ ու ծայրայեղութեամբ կարելի չէ ժողովուրդներուն միջեւ լուծել հարցերը, այլ այդ հարցերը աւելի բարդ կը դառնան, յառաջացնելով ցաւ բոլորին համար» ակնարկելով այս ուղղութեամբ Իսրայէլի զինեալ պատասխանին Կազայի դէմ, որ յառաջացուց այլ ցաւեր ու մարդասիրական ծանր իրավիճակ ու աներեւակայելի տառապանք։

Հրադադարի ի նպաստ կոչ

Նորին Սրբութիւնը առ այդ նորոգեց կոչը բոլոր ներգրաւուած կողմերուն «որպէսզի հաստատուի հրադադարը, ներառեալ Լիբանանի մէջ», ապա «ազատ արձակուին բոլոր պատանդները», եւ «պաղեստինցի ժողովուրդը ստանայ մարդասիրական օգնութիւնները ու հիւանդանոցներուն, դպրոցներուն ու պաշտամունքի վայերուն երաշխաւորուի պէտք եղած պաշտպանութիւնը»

Դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն հետ հանդիպում
Դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն հետ հանդիպում

Երկուի Պետութիւններ լուծումը

Կը մաղթեմ` որ Միջազգային Հասարակութիւնը վճռակամութեամբ ձգտի Երկու Պետութիւններ լուծումին, մէկը իսրայէլի միւսը պաղեստինի, ու նաեւ «Երուսաղէմ Քաղաքին համար միջազգայնօրէն երաշխաւորուի յատուկ կարգավիճակ, որպէսզի իսրայէլացիները ու պաղեստինցիները կարողանան ապրիլ խաղաղութեամբ ու անվտանգ կերպով»։

Միջին Արեւելքի Երկիրները

Նորին Սրբութիւնը նշեց ապա, թէ Կազայի մէջ հակամարտութիւնը աւելիով անկայուն կը դարձնէ տարածաշրջանը. հրաւիրելով յատուկէն չմոռնալ սուրիացի ժողովուրդը, որ «կ՛ապրի տնտեսական ու քաղաքական անկայունութեան մէջ, որ աւելիով ծանրացաւ անցեալ տարուայ փետրուարի երկրաշարժին հետեւանքով։

Դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն հետ հանդիպում
Դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն հետ հանդիպում

Սուրիա եւ Լիբանան

«Միջազգային հասարակութիւնը թող քաջալերէ ներգրաւուած կողմերը դիմելու կառուցողական ու լուրջ երկխօսութեան, որոնելու համար նոր լուծումներ, որպէսզի սուրիացի ժողովուրդը այլեւս չի տառապի միջազգային պատժամիջոցներուն պատճառաւ» ըսաւ Քահանայապետը, ցաւ արտայայտելով նաեւ միլիոնաւոր «սուրիացի ապաստանեալներուն համար», որոնք տակաւին կը գտնուին սահմանակից երկիրներուն մէջ «ինչպէս Յորդանան ու Լիբանանը» յարեց Ան ու այս վերջինիս համար եւս արտայայտեց մտահոգութիւն բնակչութեան ապրած ընկերա-տնտեսական տագնապին համար, մաղթելով, որ հարցերը լուծումի հանգին, եւ Մայրիներու Երկիրը ունենայ նախագահ մը։

Միանմար

Նորին Սրբութիւնը ապա Միջազգային Հասարակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեց Միանմարի ու Ռոհինճաներու վրայ խնդրելով ի գործ դնել ամէն ջանք յոյս պարգեւելու այդ հողատարածքին ու երիտասարդներուն արժանավայել ապագայ մը, առանց մոռնալու Ռոհինճաներու մարդասիրական տագնապը։

Դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն հետ հանդիպում
Դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն հետ հանդիպում

Վերջ դնել Ուքրանիա Ռուսիա պատերազմին

Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց ապա 2023ին կատարած առաքելական ճամբորդութիւններէն` Մոնկոլիան եւ Հունգարիան, եւ ասկէ մեկնելով ակնարկեց Ռուսիոյ դաշնութեան եւ Ուքրանիոյ միջեւ երկու տարիէ տեւող պատերազմին ու անոր յառաջացուցած աւերներուն ու զոհերուն այս առնչութեամբ հրատապ նկատելով վերջ դնելու այդ ողբերգութեան «բանակցութիւններու միջոցաւ եւ համապատասխան միջազգային իրաւունքին»։

Հայաստան - Ազրպէյճան

Նորին Սրբութիւնը առ այդ մտահոգութիւն արտայայտեց Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ լարուած իրավիճակին համար անգամ մը եւս կոչ ուղղելով խաղաղութեան ու հրատապ նկատելով նաեւ արցախահայութեան տուն վերադարձի հարցը «օրինականութեամբ ու անվտանգութեամբ»։

Ափրիկեան ցամաքամաս

Ֆրանչիսկոս Պապին հայեացքը ապա ուղղուեցաւ Ափրիկեան ցամաքամասին ուր միլիոնաւոր անձեր կը տառապին բազմաթիւ մարդասիրական տագնապներու բերումով, որուն պատճառը «միջազգային ահաբեկչութիւնն է», որոնց կ՛աւելնայ նաեւ զինեալ յեղաշրջումները ու բարդ ընկերաքաղաքական հարցեր ինչպէս նաեւ կամայական փոփոխութիւններուն կործանարար հետեւանքներն ու կաշառակերութիւնը։

Այս ուղղութեամբ Քահանայապետը ակնարկեց Եթովպիային ու այլ երկիներուն, Սուտանին, Քամերունին, Մոզամպիքին, ու Քոնկոյի եւ Հարաւային Սուտանի հանրապետութիւններուն ապրած մեծ դժուարութիւններուն ու այս վերջիններուս կատարած իր առաքելական այցելութիւններուն, յատկապէս հարաւային Սուտանի այցը` որ եղաւ համամիութենական բնոյթով։

Դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն հետ հանդիպում
Դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն հետ հանդիպում

Ամերիկեան ցամաքամասին մէջ լարուածութիւններ

Նորին Սրբութիւնը հուսկ նշեց թէ «թէեւ պատերազմներ չկան Ամերիկաներու մէջ», բայց եւ այնպէս մի քանի երկիներուն մէջ գոյութիւն ունին զօրեղ լարուածութիւններ` ինչպէս Վենեզուելլան կամ Նիքարակուան ուր այդ լարուածութիւններու ցաւալի հետեւանքներուն թիրախ է նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցին։

Մարդասիրական իրաւունքի խախտումները ռազմական յանցագործութիւն

«Սուրբ Աթոռը երբեք չի դադրիր հրաւէր ուղղելէ յարգալից դիւանագիտական​​երկխօսութեան մը համար` ի սպաս կաթողիկէներու և ողջ բնակչութեան բարօրութեան» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով, որ այսօր կը գտնուինք «յօշոտուած աշխարհի մը մէջ» ու թէ «ժամանակակից պատերազմները չեն կատարուիր կռուի դաշտերուն մէջ ու չեն հայիր միայն զինուորներուն...այլ կը հարուածեն անմեղ քաղաքացիները» որոնց ակնյայտ ապացոյցը Ուքրանիոյ ու Կազայի մէջ իրադարձութիւններն են։

«Պէտք չէ մոռնանք` որ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի լուրջ խախտումները ռազմական յանցագործութիւններ են, և որ բաւարար չէ զանոնք բացայայտելը, այլ անհրաժեշտ է կանխել զանոնք» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ այս ուղղութեամբ կարեւոր նկատելով «Միջազգային հասարակութեան յանձնառումը»։

Պատերազմը` անիմաստ սպանդ

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ապա անմեղ քաղաքացիները չի նկատել «գրաւային վնասներ», անոնք «մարդիկ ու կիներ են, անուն մականունով, որոնք իրենց կեանքը կը կորսնցնեն», անոնք «մանուկներ են, որոնք կը մնան որբ եւ զերծ ապագայէ։ Անոնք անհատներ են, որոնք կը տառապին անօթութենէ, ծարաւէ, ու ցուրտէ... եթէ կարողանայինք նայիլ անոնց աչքերուն ու զանոնք կոչել իրենց անուններով ու վերատեսել իրենց անձնական պատմութիւնը, պատերազմը պիտի դիտէինք իր էութեան մէջ` ան ուրիշ բան չէ եթէ ոչ մեծ ողբերգութիւն «անիմաստ սպանդ», որ կը հարուածէ այս երկրի վրայ իւրաքանչիւր անձի արժանապատւութիւնը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն հետ հանդիպում
Դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն հետ հանդիպում

Զինաթափումի հարկաւորութիւնը եւ անօթութեան վերացումը

Ան ապա ընդգծեց, թէ պատերազմները կը կատարուին շնորհիւ զէնքերուն այս ուղղութեամբ կարեւոր նկատելով վարել զինաթափումի քաղաքականութիւնը մը ... որովհետեւ զէնքերը կը յառաջացնեն անվստահութիւն, շեղելով կենսամիջոցներ»։

«Աւելի լաւ չէր, որ այդ միջոցները սահմանուէին աւելի ընդհանուր անվտանգութեան մը համար» հարց տուաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով մերօրեայ մարտահրաւէրներուն ու վերանորոգելով առաջարկը հիմնելու «Համաշխարհային հիմնադրամ մը` վերացնելու համար անօթութիւնը ու խթանելու համայն մոլորակին կայուն զարգացում մը»։

Նորին Սրբութիւնը ապա քննադատեց միջուկային զէնքերը ու անգամ մը եւս կրկնեց, թէ զանոնք ունենալը «անբարոյութիւն է», յոյս յայտնելով, որ այդ անոնց զինաթափումի առնչութեամբ վերսկսին բանակցութիւնները։

Վերացնել պատերազմին պատճառները

«Խաղաղութեան ձգտելու համար բաւարար չէ միայն վերացնել մարտական գործիքները», ըսաւ Սրբազան Պապը ընդգծելով այս ուղղութեամբ թէ` հարկաւոր է վերացնել պատերազմին պատճառները որոնցմէ առաջինը անօթութիւնն է, ապա բնական կենսամիջոցներու քիչերու կողմէ չարաշահումը, ու նաեւ մարդոց շահագործումը... իրականութիւններ. որոնք «թշուառութեան ու աղքատութեան» կը մատնեն ամբողջ ազգեր» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով նաեւ բնական աղէտներուն` որոնք շատ անգամ հետեւանքն են «մարդուն անհոգութեան» ինչպէս «Ամազոնի անտառահատումը»։

Բնապահպանութիւնը

Սրբազան Պապը առ այդ ակնարկեց Տուպայի մէջ վերջերս տեղի ունեցած եւ կլիմայական փոփոխութիւններուն նուիրուած COP28ին հաստատելով որ «կլիմայական տագնապը կարիքը ունի միշտ աւելի հրատապ պատասխանի ու համայն միջազգային հասարակութեան ներգրաւումին» գնահատելով նաեւ COP28էն բխած վերջնական փաստաթուղթը ու մաղթելով, որ Տուպայի հաւաքը հանգեցնէ «բնապահպանական անցումի վճռական արագացումի»։

Դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն հետ հանդիպում
Դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն հետ հանդիպում

Գաղթականութեան երեւոյթը

«Պատերազմները, աղքատութիւնը, մեր հասարակաց տան չարաշահումը և անոր կենսամիջոցներուն շարունակական շահագործումը, որոնք կը հանդիսանան բնական աղէտներու հիմք, պատճառներ են, որոնք նաև հազարաւոր մարդիկ կը մղեն լքելու իրենց հողը՝ խաղաղութեան և ապահով ապագայի որոնման համար» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը ակնարկելով այդ մարդոց դիմագրաւած վտանգներուն յատկապէս Միջերկրական ծովուն մէջ որ վերջին տարիներուն դարձած է «մեր գերեզման մը» անխիղճ մարդավաճառներու պատճառաւ։

«Այդ բազմաթիւ զոհերուն միջեւ չմոռնանք` որ կան առանձին դեռահասակներ» յարեց Քահանայապետը նկատել տալով, որ «Միջերկրականը պէտք է դառնայ խաղաղութեան արհեստանոց. վայր ուր Երկիներ ու տարբեր իրականութիւնները իրարու հանդիպին մարդկայնութեան հիման վրայ, զոր բոլորս կը կիսենք» ըսաւ Ան ակնարկելով «Rencontres Méditerranéennes» հաւաքին առիթով Մարսիլիա կատարած ճամբորդութեան, ապա ընդգծելով գաղթականութիւնները կանոնաւորելու կարեւորութիւնը` որպէսզի «ընկալենք, խթանենք, ընկերանանք ու ընդելուզենք գաղթականները, յարգելով մշակոյթը, զգայունութիւնը ու անվտանգութիւնը այն ժողովուրդներուն, որոնք յանձն կ՛առնեն այդ հիւրընկալութեան ու ընդելուզման գործը»։

«Միւս կողմէ կարեւոր է նաեւ յղում կատարել Հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքին» աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապը այս ուղղութեամբ ընդգծելով այդ մէկը իրականացնելու համար «պատշաճ պայմաններ» ստեղծելու հարկաւորութիւնը»։

«Այս մարտահրաւէրին դիմաց կարելի չէ ոչ մէկ երկիր թողուլ առանձին եւ ոչ մէկը կարող է մտածել թէ առանձին կարող է դիմագրաւել հարցը աւելի սահմանափակող և ճնշող օրէնսդրութիւններու միջոցաւ» նշեց Նորին Սրբութիւնը ողջունելով այս ուղղութեամբ Եւրոպական Միութեան որդեգրած որոշումները։

Կեանքին յարգանքը

«Սիրելի դեսպաններ խաղաղութեան ուղին կը պահանջէ նաեւ կեանքի յարգանք, իւրաքանչիւր մարդկային կեանքի յարգանք, սկսեալ սաղմէն...» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը եղկելի նկատելով այդպէս կոչուած «փոխնակ մայրութեան» իրականութիւնը, որ կը վիրաւորէ կնոջ ու զաւկին արժանապատւութիւնը»... «Մանուկ մը միշտ ալ պարգեւ մըն է եւ ոչ թէ պայմանագիրի մը առարկայ» ըսաւ Քահանայապետը մաղթանք յայտնելով, որ միջազգային հասարակութիւնը արգիլէ այս գործողութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապը դատապարտեց նաեւ միշտ աւելիով տարածուած «մահուան մշակոյթը», որ յանուն սուտ գթութեան մը` կ՛արհամարհէ մանուկներ, տարեցներ եւ հիւանդներ։

Դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն հետ հանդիպում
Դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն հետ հանդիպում

Մարդկային իրաւունքներուն յարգանք

«Խաղաղութեան ուղին ապա կը պահանջէ մարդկային իրաւունքներուն յարգանքը» նկատել տուաւ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով Մարդկային Իրաւունքներու Տիեզերական հռչակագիրի 75 ամեակին ու անոր սկզբունքներուն ու այդ սկզբունքներու դէմ վերջին տարիներուն ի յայտ եկած «գաղափարական գաղութացումներուն», որոնք «փոխանակ խթանելու խաղաղութեան կառուցումը «պետութիւններու միջև վէրքեր և պառակտումներ կը յառաջացնեն»։

Բազմակողմանի կառոյցներուն թուլութիւնը

«Մինչդեռ երկխօսութիւնը պէտք է ըլլայ Միջազգային Հասարակութեան հոգին» հաստատեց Ան դիտել տալով, թէ ինչպէս այսօրուայ ստեղծուած իրավիճակը պայմանաւորուած է նաև «բազմակողմ դիւանագիտութեան այդ կառոյցներու թուլացմամբ»։

«Կառոյցներ` որոնք ստեղծուած էին խթանելու համար անվտանգութիւնը խաղաղութիւնն ու համագործակցութիւնը, կարողութիւնը չունին իրենց անդամները համախմբելու սեղանի մը շուրջ» ... հարկաւոր է առ այդ վերադառնալ արմատներուն, այն արժէքներուն ու հոգիին` որոնց հիման վրայ ստեղծուեցան այս կառոյցները» յորդորեց Նորին Սրբութիւնը նշելով, որ «երկրախօսութիւնը կը պահանջէ համբերութիւն, յարատեւութիւն եւ ունկնդրութեան կարողութիւն»։

Քաղաքական ու ընկերային երկխօսութիւնը

Ան ապա նշեց թէ «խաղաղութեան ուղին կ՛անցնի նաեւ քաղաքական ու ընկերային երկխօսութեան ընդմէջէն, որովհետեւ ան հիմքն է քաղաքացիական համակեցութեան...» այս առնչութեամբ ակնարկելով բազմաթիւ երկիրներու մէջ քաղաքական ընտրութիւններուն ու կարեւորելով այդ ընտրութիւններու քուէարկութիւններուն մասնակցութիւնը` որպէս «սատար կառուցելու հասարակաց բարիքը»։

Քաղաքականութիւնը միւս կողմէ պէտք է միշտ ըմբռնուի ոչ որպէս իշխանութեան ձգտում այլ` որպէս «սիրոյ ամենավսեմ ձեւ մը» ուստի ի ծառայութիւն մերձաւորին։

360 միլիոն քրիստոնեաներ հալածուած են

«Խաղաղութեան ուղին կ՛անցնի նաեւ միջկրօնական երկխօսութեան ընդմէջէն, որ նախ եւ առաջ կը պահանջէ կրօնի ազատութեան պաշտպանութիւնը եւ փոքրամասնութիւններու յարգանքը» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը ցաւ արտայայտելով ի տես բազմաթիւ երկիրներու մէջ կրօնական ազատութեան պակասին, կամ փոքրամասնութիւններուն դէմ կիրարկուած խտրականութիւններուն, որոնց շարքին նաեւ քրիստոնեաները։

Դաստիարակութիւնը եւ ԵՀՕ

«Աշխարհի մէջ հալածուած քրիստոնեաներուն թիւը կը գերազանցէ 360 միլիոնը եւ անոնք միշտ աւելիով ստիպուած են փախչիլ իրենց երկիրներէն» նկատեց Սրբազան Պապը ու հաստատեց, թէ խաղաղութեան ուղին կ՛անցնի նաեւ դաստիարակութեան ընդմէջէն, որ «հիմնական ներդրումն է ապագային ու նոր սերունդներուն համար»։

Քահանայապետը ակնարկեց ապա Փորթուկալի մէջ անցեալ օգոստոսին տօնախմբուած Երիտասարդութեան համաշխարհային Օրերուն ու այդ հաւաքին մասնակցող երիտասարդներու ներկայութեան, որ եղաւ «խաղաղութեան մեծ օրհներգ մը ու վկայութիւն»` թէ «միութիւնը աւելի վեհ է հակամարտութենէն» ու նաեւ թէ «կարելի է զարգացնել հաղորդութիւն մը տարբերութիւններուն մէջ»։

Դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն հետ հանդիպում
Դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն հետ հանդիպում

Արհեստական բանականութիւնը եւ նորաձեւ արհեստագիտութիւնը

Սրբազան Քահանայապետին երկարաշունչ ճառին մաս կազմեց նաեւ արհեստական բանականութիւնը եւ նորաձեւ արհեստագիտութիւնը, որոնք կարող են ըլլալ հանդիպումի բայց նաեւ բաժանումի գործիքներ։ «Հարկաւոր է առ այդ` որ արհեստագիտութեան զարգացումը տեղի ունենայ բարոյական ու պատասխանատու ձևով՝ պահպանելով մարդուն կենտրոնականութիւնը, որուն ներդրումը կարելի չէ երբեք փոխարինել ալկորիթմով կամ մեքենայով» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով այս ուղղութեամբ ուշադիր խորհրդածութեան` ըլլայ ազգային ըլլայ միջազգային գետնի վրայ, ըլլայ քաղաքական եւ ըլլայ ընկերային մակարդակով, որպէսզի արհեստական բանականութեան զարգացումը շարունակուի ըլլալ մարդուս ծառայելու համար, խթանելով եւ ոչ թէ արգելք հանդիսանալով միջանձնական յարաբերութիւններուն, եղբայրութեան առողջ ոգիի ու զատորոշումի կարող քննադատական մտքի։

Յոբելենական տարին

Նորին Սրբութիւնը ճառին վերջին հատուածը յատկացուց յաջորդ Ծնունդին սկիզբ առնող Յոբելենական տարւոյն այս ուղղութեամբ շնորհակալութիւն յայտնելով` Իտալիոյ իշխանութիւններու յանձնառումին համար։

«Մի գուցէ աւելի քան երբեք պէտք ունինք յոբելենական տարւոյն։ Ի տես բազմաթիւ ցաւերուն, որոնք յուսալքում կը յառաջացնեն ընկերութիւններուն մէջ.... Յոբելեանը աւետիսն է` որ Աստուած չի լքեր իր ժողովուրդը եւ միշտ բաց կը պահէ իր Թագաւորութեան դռները։ Յոբելեանը` շնորհքի ժամանակ է, որուն մէջ փորձարկել Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ խաղաղութեան պարգեւը։ Անիկա արդարութեան ժամանակ է, որուն մէջ մեղքերը կը ներուին, հաշտութիւնը կը գերազանցէ անարդարութիւնը եւ երկիրը կը հանգստանայ։ Անիկայ բոլորին համար – Քրիստոնեայ կամ ոչ – կարող է ըլլալ ժամանակ, որուն ընթացքին սուրերէն խոփեր եւ նիզակներէն յօտոցներ պիտի շինել։ Ազգ ազգի վրայ սուր չի վերցնէ եւ ա՛լ պատերազմի արուեստը չսորվինք» (Եսայի 2,4). ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով` որ այս է մաղթանքը որ ի սրտէ կ՛ուղղէ իւրաքանչիւր դեսպանի, անոր ընտանիքին, համագործակիցներուն ու անոր ներկայացուցած ժողովուրդին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/01/2024, 11:04