Որոնել

ԾՆնդեան տօնին կապուած կարմիր մոմեր ԾՆնդեան տօնին կապուած կարմիր մոմեր 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Եկէ՛ք լաւ պատրաստուինք Յիսուսի Ծննդեան տօնին լսելով Աստուծոյ խօսքը»

«Իքս» ընկերային ցանցին վրայ, 21 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապին կատարած գրառումը Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 21 դեկտեմբերին, Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին սեմին, Քահանայապետական «Իքս» ընկերային ցանցին վրայ կարարած գրառումով մը Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց լաւ պատրաստուելու Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին, լսելով Աստուծոյ խօսքն ու վեհանձնութեամբ պատասխանելով Անոր շնորհքին։

«Յիսնակացի ծիսական ժամանակաշրջանը մեզի համար հրաւէր է Տիրոջ հետ հանդիպելու, որ աղօթքով, ապաշխարութեամբ եւ գթութեան գործերով կու գայ։ Եկէ՛ք պատրաստուինք Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը տօնելու յարատեւօրէն լսելով Աստուծոյ խօսքը ու վեհանձնութեամբ արձագանգելով Անոր շնորհքին», գրեց Սրբազան Հայրը «Իքս» ընկերային ցանցին վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/12/2023, 13:30