Որոնել

Փրակայի մէջ ահաբեկչական արարք Փրակայի մէջ ահաբեկչական արարք  (ANSA)

Պապին անունով կարդինալ Փարոլինի ցաւակցական գիրը Փրակայի մէջ ցնցիչ ահաբեկչական արարքին ի լուր

Փրակայի մէջ տեղի ունեցած է ցնցիչ ահաբեկչութիւն մը։ Առնուազն 15 մարդ զոհուած է։ Պապին անունով կարդինալ Փարոլինի ցաւակցական գիրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ տեղի ունեցած է ցնցիչ ահաբեկչութիւն մը։ Առնուազն 15 մարդ զոհուած է, Չարլզի համալսարանի շէնքերէն մէկուն մէջ հրաձգութեան հետեւանքով:

Այս տխուր լուրին առիթով, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցական գիր յղեց նշելով, որ Նորին Սրբութիւնը  շատ տխրած է իմանալով Փրակայի Շարլզի համալսարանի մէջ հրաձգութեան պատճառաւ արձանագրուած զոհերու եւ վիրաւորներուն լուրը։

«Նորին Սրբութիւնը իր մօտիկիութիւնը կը յայտնէ բոլոր անոնց որոնք թիրախ դարձան այդ ողբերգութեան։ Յանձնելով զոհերը Ամենակալ Աստուծոյ ողորմութեան, Ֆրանչիսկոս Պապ Աստուածային սփոփանքն ու ուժը կը հայցէ սուգի մէջ գտնուող ընտանիքներուն, բարեկամներուն ապահովուելով իր աղօթքը Փրակայի այս դժուար ժամանակաշրջանին մէջ», գրեց Կարդինալ Փարոլին ցաւակցական գիրին մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/12/2023, 12:44