Որոնել

Կարդինալ Թոմաս Սթաֆֆորտ Վիլիամս, Վելլինկթոն թեմի երեբեմնի արքեպիսկոպոսը։ Կարդինալ Թոմաս Սթաֆֆորտ Վիլիամս, Վելլինկթոն թեմի երեբեմնի արքեպիսկոպոսը։ 

Ոչ եւս է Կարդինալ Թոմաս Սթաֆֆորտ Վիլիամսը, Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական հեռագիրը

Ֆրանչիսկոս Պապ իր աղօթքը ապահովուեց կարդինալ Թոմաս Սթաֆֆորտ Վիլիամսի Հոգիին համար ու առաքելական օրհնութիւնները փոխանցեց բոլոր անոնց որոնք կը ողբան վախճանած ծիրանաւորին համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ոչ եւս է 93 ամեայ Վելլինկթոն թեմի երբեմնի արքեպիսկոպոս, կարդինալ Թոմաս Սթաֆֆորտ Վիլլիամսը։ Կարդինալին մահուան կապակցութեամբ, շաբաթ, 23 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր ուղղեց Վելլինկթոն թեմի արքեպիսկոպոս գերապայծառ Փոլ Մարթինի։

Հեռագիրին մէջ Սրբազան Հայրը իր տխրութիւնը յայտնեց կարդինալ Թոմաս Սթաֆֆորտի մահուան համար, ապա իր ցաւակցութիւնները փոխանցեց Թեմի կղերի անդամներուն, հաւատացեալներու եւ աշխարականներուն ու մեծ երախտագիտութեամբ յիշեց տարիներուն ընթացքին վախճանեալ կարդինալին, որպէս քահանայ եւ որպէս եպիսկոպոս մատուցած ծառայութիւնները Նիւ Զելանտայի մէջ ինչպէս նաեւ ներդրումը Ովկիանիոսի շրջանի եկեղեցւոյ մէջ։

հեռագիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ կը միանայ թեմի հաւատացեալներուն աղօթքին ու Երկնային Հօր Ողորմածութեան ու Սիրոյն կը յանձնէ Կարդինալ Թոմասին ազնիւ հոգին ու իր առաքելական օրհնութիւնները կը փոխանցէ բոլոր անոնց ,որոնք կը ողբան կարդինալի կորուստին համար՝ որպէս Յարուցեալ Տիրոջ մէջ խաղաղութեան եւ սփոփանքի նշան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/12/2023, 12:39