Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Հրապարակային ունկնդրութեան ժամանակ Ֆրանչիսկոս Պապ Հրապարակային ունկնդրութեան ժամանակ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Ո՛չ զէնքերուն այո՛ խաղաղութեան

Հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը կոչ յղեց որպէսզի վերջ գտնէ Պաղեստինի եւ Իսրայէլի միջեւ հակամարտութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 13 դեկտեմբերին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց հայցելով, որ վերջ դրուին Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ հակամարտութիւններուն։

Կոչին մէջ Սրբազան հայրը քաջալերեց ներգրաւուած կողմերը վերականգնելու բանակցութիւնները ու մարդասիրական օգնութիւնները հասցնելու Կազա։

«Մեծ մտահոգութեամբ ու ցաւով կը շարունակեմ հետեւիլ Պաղեստինի եւ Իսրայէլի մէջ հակամարտութիւններուն։ Կը վերանորոգեմ կոչս մարդասիրական անյապաղ զինադադարի հաստատման համար. Հոն շատ տառապանք կայ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը քաջալերելով ներգրաւուած կողմերը վերականգնելու բանակցութիւնները ու որդեգրելու հրատապ պարտաւորութիւնը՝ Կազայի ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւնները հասցնելու, «ուժասպառ են ու անոնց կարիքն ունին», ըսաւ Ան,  խնդրելով նաեւ, որ «պատանդները անյապաղ ազատ արձակուին»,  նկատել տալով, որ «անոնք մի քանի օր առաջ զինադադարի յոյսի նշան մը տեսան»։

«Թող Իսրաէլցիներու եւ Պաղեստինցիներու համար այս մեծ տառապանքը վերջ գտնէ։  Խնդրեմ, ոչ զէնքերուն , այո խաղաղութեան», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր ուղղած կոչին մէջ։

Ան ապա Իտալացի ուխտաւորներուն յղած ողջոյին խօսքէն ետք, խնդրեց չմոռնալ հայցելու խաղաղութեան պարգեւը պատերազմի պատճառաւ տառապող ժողովուրդներուն համար, յատուկէն Ուքրանիոյ, Իսրաէլի եւ Պաղէստինի համար։

Սրբուհի Լուչիայի ծիսական տօնը

Ֆրանչիսկոս Պապ  յիշելով, որ այսօր կը նշուի նահատակ եւ Կոյս Սրբուհի Լուչիայի ծիսական տօնը, ընդգծեց, թէ Իտալիոյ եւ Եւրոպայի կարգ մը շրջաններու մէջ աւանդութիւն է նուէրներու փոխանակումը Յիսուսի սուրբ Ծննդեան տօնին համար, ու հրաւիրեց  «փոխանակել բարեկամութեան եւ քրիստոնեայ վկայութեան պարգեւը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2023, 11:16