Որոնել

Գաղթական, աղքատ մանուկներ Գաղթական, աղքատ մանուկներ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Հեռու մնանք անտարբերութեան մշակոյթէն եւ ընտրենք եղբայրսիրութեան մշակոյթը

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Փախստականներու համար համաշխարհային Բ վեհաժողովին մասնակիցներուն՝ Ժընեւի մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը յղեց 13էն-15 դեկտեմբերին, Ժընեւի մէջ գումարուած փախստականներուն համաշխարհային երկրորդ վեհաժողովի մասնակիցներուն։ Նորին Սրբութեան պատգամը ընթերցեց Սուրբ Աթոռի պետքարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը։

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը իր ողջոյնները փոխանցելով ժողովի մասնակիցներուն մաղթած է, որ սոյն հանդիպումը առիթ դառնայ մտածելու փախստականներու համար համաշխարհային առաջին ժողովէն մինչեւ այսօր չորս տարի անցած ուղեւորութեան վրայ։ Ան ապա սոյն հանդիպումը նկատած է յոյսի նշան մը, որ կ՝աւելնայ դրական նշաններուն վրայ նկատի առնելով այն երկիրներուն որոնք հիւրընկալած են հասարակութիւններ եւ որոնք իրենց սահմաններն ու սիրտերը բաց պահած են ընկալելու համար գաղթականները։

Ակնարկելով ապա գաղթականներուն վերաբերող ներկայ ճգնաժամերուն, Նորին Սրբութիւնը նշած է, թէ պէտք չէ երբեք մոռնալ, որ բոլորը պէտք են ազատ զգան ընտրելու եթէ կ՝ուզեն գաղթականներ դառնալ կամ ոչ։ Ամէնքը պէտք են հնարաւորութիւնը ունենան իրենց երկիրներու մէջ ապրելու արժանավայել կեանք, նշած է Սրբազան Հայրը։

Ան ապա ակնարկելով, թէ ներկայ ժամանակուան մէջ գրեթէ աւելի քան 114 միլիոն անձեր բռնի կերպով տեղահանուած են՝ պատերազմի, բռնութիւններուն, կլիմայի փոփոխութեան եւ դաւանած դաւանանքի պատճառաւ հրամայական նկատեց որ «մարդկային կեանքի փրկութիւն ու պաշտպանութիւնը պէտք են բոլորին առաջնահերթութիւնը դառնայ, նկատել տալով որ այր թիւերուն ետին գոյութիւն ունին մարդկային դէմքեր իւրաքանչիւրը իր յատուկ պատմութեամբ եւ տառապանքով։ «Ամէն մէկ թիւ կը ներկայացնէ մեր եղբայրն ու քոյրը որ մեր օգնութեան կարիքը ունի», գրած Է Սրբազան Հայր շեշտելով նաեւ թէ պէտք է խստորէն յարգել փախուստի ենթարկուածներուն անվտանգ եւ կամաւոր հայրենադարձութեան սկզբունքը։ Պէտք է ընդունիլ որ գաղթական ըլլալը պէտք է ըլլայ ոչ թէ զուտ կարգավիճակի շնորհում, այլ Աստուծոյ կողմէ շնորհուած մարդկային արժանապատուութեան լիակատար ճանաչումը։

«Որպէս մարդկային ընտանիքի միեւնոյն անդամները, իւրաքանչիւր անհատ արժանի է վայրի մը, որ կրնայ անուանել տուն։ Ինչ որ կը նշանակէ ունենալ սնունդ, առողջապահութիւն եւ կրթութիւն եւ արժանապատիւ աշխատանք»։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը նկատել տուած է, որ ճանչնալով կատարուած աշխատանքները ու մնացած կատարելիք աշխատանքը կը գտնուինք վճռական պահու մէջ, այսինքն ընտրել կամ մարդասիրութեան եւ եղբայրսիրութեան մշակոյթը կամ ալ անտարբերութեան մշակոյթ։ «Որոշումը վճռորոշ է որովհետեւ պատմութիւնը մեզ կը կոչէ խիղճի շշուկի անսալու կանխելու համար քաղաքակրթութեան փլուզումը», գրած է Սրբազան Հայրը։

Ան պատգամը աւարտած է հայցելով աստուածային օրհնութիւնները փախստականներու համար համաշխարհային Բ վեհաժողովին մասնակիցներուն, պետութիւններուն եւ ներկայ գտնուող կազմակերպութիւններուն ինչպէս նաեւ բոլոր գաղթականներու ու անոնց հարազատներուն վրայ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2023, 12:42