Որոնել

Ապրիլ ամսուայ ընթացքին կայացած ժողովի լուսանկար Ապրիլ ամսուայ ընթացքին կայացած ժողովի լուսանկար 

Կարդինալներու Խորհուրդի ժողովը Քահանայապետի նախագահութեամբ

Այսօր եւ վաղը Վատիկանի մէջ կը կայանայ Կարդինալներու Խորհուրդի հերթական ժողովը որուն կը նախագահէ Ֆրանչիսկոս Պապը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Երկուշաբթի 4 դեկտեմբերին Վատիկանի մէջ սկիզբ առաւ Կարդինալներու Խորհուրդին հերթական ժողովը որ 2023 տարուայ վերջինն է եւ որուն կը նախագահէ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Նորին Սրբութիւնը անցեալ 30 Նոյեմբերին, Աստուածաբանական Միջազգային Յանձնախումբի անդամներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած էր, որ այս Ժողովի ընթացքին խորհրդածութիւն պիտի կատարուէր «Եկեղեցւոյ իգական չափանիշի» մասին ու հաստատած էր որ «Եկեղեցին կին է, հարս է»։

Ինը Կարդինալներու Խորհուրդին վերջին ժողովը տեղի ունեցած էր անցեալ Յունիս ամսուայ 26 եւ 27ին, որուն ընթացքին քննարկուած տարբեր նիւթերու շարքին էին Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնը, Առաքելական Սահմանադրութեան իրականացումը տեղական Եկեղեցիներուն մէջ, անչափահասների պաշտպանութեան յանձնաժողովի լիագումար նիստի աշխատանքները ապա անցեալ հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Սիւնհոդոսը` որուն նիւթն եղաւ սիւնհոդոսականութիւնը։

Խորհուրդի անդմաները


Անցեալ Մարտ ամսուայ ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը նորոգած էր Ինը Կարդինալներու Խորհուրդի անդամները։ Այժմ անոր մաս կը կազմեն Ծիրանաւորներ` Փիեթրօ Փարոլին, Վատիկանի Պետքարտուղար, Ֆերնանտօ Վերկէս Ալծակա, Վատիկանի Պետութեան եւ Վատիկանի կառավարութեան Քահանայապետական յանձնախումբի նախագահ; Ֆրիտոլին Ամպոնկօ, Քինշասայի Արքեպիսկոպոս; Օսվալտ Կրասիաս, Պոմպէյի Արքեպիսկոպոս; Շոն Փաթրիք Օ’Մալլեյ, Պոսթոնի Արքեպիսկոպոս; Խուան Խօսէ Օմելլա, Պարսելոնայի Արքեպիսկոպոս; Ճերալտ Լաքրուա, Քեպեքի Արքեպիսկոպոս; Ժան-Քլոտ Հոլլերիխ, Լուսսեմպուրկի Արքեպիսկոպոս; Սերճօ տա Ռոքա, Սան Սալվատոր տէ Պահիայի Արքեպիսկոպոս: Քարտուղարն է Գերապայծառ Մարքօ Մելլինոն։

Խորհուրդի հիմնադրութիւնը

Ինը Խորհրդատու կարդինալներու խորհուրդը հիմնուած է Ֆրանչիսկոս Պապին Ինքնագիր նամակով կողմէ 28 սեպտեմբերի 2013ին, ունենալով որպէս պարտականութիւն օգնել Քահանայապետին Տիեզերական եկեղեցւոյ կառավարման մէջ եւ ուսումնասիրել Հռոմի Քուրիայի վերանայման նախագիծ մը, որ իրականացուեցաւ Praedicate Evangelium Առաքելական սահմանադրութեան հրատարակութեամբ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2023, 12:41