Որոնել

«Այս գիշեր սէրը կը փոխէ պատմութիւնը։ Տէր այնպէս ըրէ` որ հաւատանք քու սիրոյդ զօրութեան» Ֆրանչիսկոս Պապ

«Դաւիթի որդին կը ծնի Բեթղեհէմի մէջ, Դաւիթին քաղաքը...ան ողորմած Աստուծոյ մարմնացումն է որ աշխարհի մէջ մուտք կը գործէ տկար կերպով, «Խաղաղութիւն երկրի վրայ, մարդոց հաճութիւն» (Ղուկ. 2,14) աւետիսով»։ «Մեր սիրտն ալ այս գիշեր կը գտնուի Բեթղեհէմ, ուր խաղաղութեան Իշխանը տակաւին մերժուած է, պատերազմի պարտուող տրամաբանութենէն, զէնքի մռնչիւնէ, որ նոյնիսկ այսօր թուլ չտար անոր տուն գտնել աշխարհիս մէջ (տես Ղուկաս 2.7)» ըսաւ Սրբազան Պապը:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այս գիշեր սէրը կը փոխէ պատմութիւնը։ Ով Տէր այնպէս ըրէ, որ հաւատանք քու սիրոյդ զօրութեան, որ այնքան տարբեր է աշխարհի զօրութենէն։ Այնպէս ըրէ` որ Մարիամի, Յովսէփի, հովիւներու ու մոգերու նման, քու շուրջդ համախմբուինք քեզ պաշտելու համար։ Քեզմով դարձած աւելի նման քեզի, կարող ըլլանք աշխարհին վկայելու քու դէմքիդ գեղեցկութիւնը»։ Ասոնք Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Ծննդեան տօնի ճրագալոյցի պատարագի քարոզին եզրափակիչ խօսքերն են։ Աղօթք զոր Նորին Սրբութիւնը ուղղեց նորածին աստուածորդիին, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ գլխաւորած պատարագի ընթացքին որ աւանդութեան համաձայն սկիզբ առաւ սուրբ գրային ընթերցանութիւններով ու «Kalenda»ի շարականով, որով կը յայտարարուի Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութիւնը։

Յիսուս ծնաւ համայն երկրի մարդահամարի ժամանակ լռութեան մէջ

Նորին Սրբութիւնը քարոզը կեդրոնացուցած էր Ղուկաս Աւետարանիչն քաղուած Յիսուսին ծնունդին նուիրուած հատուածէն (Ղուկ. 2,1) յատկապէս կեդրոնանալով Յիսուսի ծննդեան պահուն «համայն երկրի մարդահամարի» վրայ դիտել տալով որ «մինչ Կայսրը կը հաշուէր աշխարհի բնակիչները, Աստուած աշխարհ մուտք կը գործէ գրեթէ թաքուն կերպով...փոքրութեան ուղիով...։ Հզօրներէն եւ ոչ մէկը կը նկատէ զինք, միայն մի քանի հովիւներ, որոնք կը գտնուին ընկերային կեանքի լուսանցքին մէջ»:

«Դաւիթի որդին կը ծնի Բեթղեհէմի մէջ, Դաւիթին քաղաքը...ան ողորմած Աստուծոյ մարմնացումն է որ աշխարհի մէջ մուտք կը գործէ տկար կերպով, «Խաղաղութիւն երկրի վրայ, մարդոց հաճութիւն» (Ղուկ. 2,14) աւետիսով»։ «Մեր սիրտն ալ այս գիշեր կը գտնուի Բեթղեհէմ, ուր խաղաղութեան Իշխանը տակաւին մերժուած է, պատերազմի պարտուող տրամաբանութենէն, զէնքի մռնչիւնէ, որ նոյնիսկ այսօր թուլ չտար անոր տուն գտնել աշխարհիս մէջ (տես Ղուկաս 2.7)» ըսաւ Սրբազան Պապը:

Մարդեղութեան ուղին

«Յիսուսին ուղին մարդեղութեան ուղին է...Ան Նա անարդարութիւնները ուժով չի տապալեր վերէն, բայց ներքինէն՝ սիրով. ան չի ներթափանցեր անսահման զուրումբատ, այլ կ՛իջնէ​​ մեր սահմաններուն մէջ, Ան չի խուսափիր մեր փխրունութենէն, այլ զանոնք իր վրայ կը վերցնէ» շարունակեց Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց մենք մեզի հարցադրելու թէ ի՞նչ տեսակ Աստուծոյ կը հաւատանք մենք... որովհետեւ վտանգը կայ որ Ծնունդը ապրինք մեր մտքին մէջ ունենալով հեթանոսական Աստուծոյ մը գաղափարը...աստուած որ հեռու է մեզմէ որ բարի է բարիներուն հետ ու բարկացող չարերուն հետ...մեր պատկերին նման աստուած մը, որ կը ծառայէ միայն հարցեր լուծելու ու չարը փառատելու...մինչ այս Ան կախարդական գաւազան մը չունի, մեզ չի երկեր կոճակ մը սեղմելով, մեզի մօտիկ կը դառնայ փոխելու համար իրականութիւնը ներսէն...Ան ծնաւ բոլորի համար, համայն աշխարհի մարդահամարի ժամանակ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ուր հրաւիրեց նայիլ Յիսուսին` անոր որ յեղաշրջեց պատմութիւնը անոր մէջ ապրելով...անոր, որ մեղքը կը ջնջէ իր վրայ առնելով զայն, որ չի ոչնչացնէր ցաւը այլ կը կերպարանափոխէ զայն, որ չի վերացներ կեանքի մեր հարցերը, այլ մեր կեանքի կու տայ յոյս որ աւելի մեծ է մեր հարցերէն։

Աստուծոյ դիմագիծը` կարեկցութիւն եւ ողորմութիւն է

«Դիտենք Մանուկը, դիտենք մսուրը, զոր հրեշտակները «նշան» կը կոչեն, որովհետեւ ան արդարեւ Աստուծոյ դիմագիծինը յայտնող նշանն է` որ է կարեկցութիւն ու ողորմութիւն, ամենակալ մշտապէս ու միշտ սիրոյ մէջ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը վերահաստատելով որ Աստուած կը սիրէ մեզ բոլորս ու Անոր համար` «որ պատմութիւնը փոխեց մարդահամարի ժամանակ, դուն թիւ մը չես այլ դիմագիծ. Քու անունդ գրուած է անոր սրտին մէջ»…

Յիսուսին համար մենք թիւեր չենք` այլ դէմքեր

«Այո Քրիստոս չի նայիր թիւերուն, այլ դէմքերուն։ Բայց ո՞վ է որ Անոր կը նայի միշտ աւելիով արագընթաց ու անտարբեր աշխարհի մը մէջ...Բեթղեհէմի մէջ, մարդահամարի ոգևորութեամբ տարուած շատ մարդիկ, որ իրարանցումի մէջ էին, որոնք իջեւանները կը լեցնէին...մի քանիներ միայն մօտ էին Յիսուսին. Մարիամն ու Յովսէփը, հովիւները, յետոյ՝ մոգերը: Անոնցմէ սորվինք։ Անոնք հայեացքը սեւեռած են Յիսուսին վրայ ու սիրտը ուղղուած Անոր։ Չեն խօսիր, կը պաշտեն» նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով որ «պաշտամունքը ուղին է ընկալելու համար մարդեղութիւնը, որովհետեւ լռութեան մէջ է որ Յիսուս, Բանն Աստուծոյ, կը մարմնանայ մեր կեանքերուն մէջ»։

«Մենք ալ վերագտնենք պաշտամունքը, անիկայ ժամանակ կորսնցնել չէ, այլ Աստուծոյ թոյլ տալ է որ ապրի մեր ժամանակներուն մէջ։ Անիկա մեր մէջ ծաղկեցնել է մարդեղութեան սերմը, կը նշանակէ համագործակցիլ Տիրոջ ծրագրին, որ որպէս թթխմոր կը փոխէ աշխարհը...» հրաւէր ուղղեց Նորին Սրբութիւնը հուսկ քարոզը եզրափակեց աղօթքով նուիրուած Յիսուս Մանուկին. «Քեզմով դարձած աւելի նման քեզի, կարող ըլլանք աշխարհին վկայելու քու դէմքիդ գեղեցկութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/12/2023, 20:25