Որոնել

2023.12.16 Figuranti del Presepio vivente della Basilica di Santa Maria Maggiore

Այս Սուրբ Ծննդեան առիթով մտածենք Սուրբ Երկրին. Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարի մէջ ի ցոյց դրուելիք ծննդեան կենդանի մսուրի գործիչներն ու համագործակիցները
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 16 դեկտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ընդունեց Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարի մէջ ի ցոյց դրուելիք կենդանի ծննդեան մսուրի գործիչներն ու համագործակիցները, որոնք վատիկան ժամանած էին մսուրի աւանդական զգեստներով։

«Ողջունելով ներկաները Նորին Սրբութիւնը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար ապա հաստատեց, որ Սանթա Մարիա Մաճճորէի մէջ կը պահպանուի Յիսուսին օրօրոցի մասունքը ու թէ ան յատուկ կապ մը ունի Բեթղեհէմի հետ ու մսուրին հետ» եւ ասկէ մեկնելով ներկաներուն հետ ուզեց կիսել երկու մտածումներ, որոնցմէ առաջինը եղաւ Ասսիզացի Սուրբ Ֆրանչիսկոսը իսկ երկորդը Բեթղեհէմը։

«Կենդանի մսուրը ինք հնարած է Կրեչչոյի մէջ 800 տարիներ առաջ, բայց կարեւոր է յիշեց նաեւ թէ ի՞նչու հնարեց այդ մէկը, հասկնալու համար անոր իմաստը, որպէսզի ան չդառնալ լոկ ֆոլքլորի մէկ իրողութիւն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը բացատրելով, թէ Սուրբ Ֆրանչիսկոսը ուզեց Յիսուսի Ծնունդը կենդանի կերպով ներկայացնել, որպէսզի իր եղբայրակիցներուն ու մարդոց մէջ խրախուսէ յուզմունք ու քնքշութիւն` ախոռի մէջ Մարիամէն ծնած Աստուծոյ Խորհուրդին դիմաց։ Անիկայ կ՛ուզէր շօշափելիութիւն տալ տեսարանին առանձնացնելու համար Մարդեղութեան իրականութիւնը։ Ուստի կենդանի մսուրին նպատակը սրտերուն մէջ հիացմունք արթնցնել է մանուկ դարձած Աստուծոյ խորհուրդին դիմաց» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ան ապա երկրորդ մտածումը յղեց Բեթղեհէմի եղբայրներուն ու քոյրերուն, ու անոնց միջոցաւ նաեւ համայն Սուրբ Երկրի բնակիչներուն, երկիր ուր ծնաւ, ապրեցաւ, մեռաւ ու յարութիւն առաւ Յիսուս։

«Գիտենք թէ պատերազմի պատճառաւ որն է իրավիճակը, որ հետեւանքն է տասնեակ տարիներու հակամարտութեան» ըսաւ Քահանայապետը հրաւիրելով ներկաները մսուրին ներկայացումը կատարելու եւ ապրելու այդ տառապող եղբայրներու ու քոյրերուն հետ զօրակցութեամբ։

«Մենք չենք ուզեր զանոնք թողուլ առանձին։ Անոնց մօտիկ ենք աղօթքով, գործնական օգնութեամբ, նաեւ ձեր կենդանի մսուրով, որ բոլորին կը յիշեցնէ, թէ ինչպէս Բեթղեհէմի տառապանքը բաց վէրք մըն է Միջին Արեւելքի ու Համային աշխարհին համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով Սուրբ Ծննդեան առիթով մտածել Սուրբ Երկրին։

Ան ապա բոլոր ներկաներուն մաղթեց` որ հաւատքով եւ ուրախութեամբ ապրին այս օրը եւ ան ըլլայ Աւետարանի վկայութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2023, 10:03