Որոնել

VATICAN-RELIGION-POPE-ANGELUS

Ֆրանչիսկոս Պապը օրհնեց մանուկ Յիսուսի արձանները ու հրաւիրեց աղօթել տառապող մանուկներուն համար

Քահանայապետը յիշեց նաեւ Արժանթինի Լուժանի սրբավայրին մէջ երանելի հռչակուած Կարդինալ էտուարտ Փիրոնիոն, Քոլոմպիայի ու Փանամայի Տրիէնի անտարի գաղթականները, եւ Սուրբ Երկրի ողբերգութիւնը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 17 դեկտեմբեր 2023ին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը նախ յիշեց երէկ` Արժանթինի Լուժանի սրբավայրին մէջ երանելի հռչակուած Կարդինալ էտուարտ Փիրոնիոն` «հեզ ու եռանդուն հովիւ մը, յոյսի վկայ եւ աղքատներու պաշտպան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը նշելով, որ Ան «համագործակցած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի հետ` աշխարհականներու խթանման ու Երիտասարդներու Համաշխարհային Օրերու ծիրէն ներս»։ 

«Անոր օրինակը օգնէ մեզի, որպէսզի ըլլանք դէպի դուրս Եկեղեցի մը` որ կ՛ընկերանայ բոլորի ճանապարհորդութեան, յատկապէս աւելիով տկարներուն» աւելցուց  Քահանայապետը հրաւիրելով ծափահարութեամբ ընկալելու երանացման լուրը։

Քոլոմպիայի ու Փանամայի Տրիէնի անտարի գաղթականները 

Ան ապա յիշեց հազարաւոր գաղթականները, որոնք կը փորձեն հատել Քոլոմպիայի ու Փանամայի սահմանի վրայ Տարիէնի անտարը։

«Անոնք յաճախ մանուկներով ընտանիքներ են, որոնք յանձն կ՛առնեն արկածախնդրութիւնը, խաբուած անոնցմէ` որոնք սուտ կերպով կը  խոստանան  կարճ ու ապահով ճանապարհ», յարեց Նորին Սրբութիւնը նշելով նաեւ,  թէ «անոնցմէ շատեր իրենց կեանքը կը կորսնցնեն» ապա ընդգծեց «միասնական ջանքի» հարկաւորութիւնը,  ներգրաւուած երկիներու ու միջազգային հասարակութեան, այնպէս ընելու,  որ «այս ողբերգական իրականութիւնը լռութեան մէջ չմնայ եւ որպէսզի միասին մարդասիրական պատասխան տրուի հարցին»։ 

Նորին Սրբութիւնը հուսկ հրաւիրեց չմոռնալ պատերազմէ տառապող մեր եղբայրներն ու քոյրերը, Ուքրանիոյ, Պաղեստինի եւ Իսրայէլի մէջ։ Յատուկէն յիշելով Կազայի  մէկ ժողովրդապետութեան մէջ մահացած մայրն ու աղջիկը։ 


Մանուկ Յիսուսի արձաններու օրհնութիւն

Ան ապա ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու խումբերը յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղելով Հռոմի ժողովրդապետութիւններու տարբեր զբօսավայրերէն ժամանած մանուկներուն, որոնք իրենց հետ բերած են մանուկ Յիսուսի արձանիկները, որպէսզի զանոնք օրհնել տան Քահանայապետի կողմէ։

«Զանոնք կ՛օրհնեմ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, եւ «ձեր մանկիկները օրհնելով ձեզմէ կը խնդրեմ որ մսուրին առջեւ աղօթէք այն մանուկներուն համար, որոնք պիտի ապրին դժուար Ծնունդ մը, պատերազմի վայրերուն մէջ, գաղթավայրերուն մէջ, ու թշուառ իրավիճակներուն մէջ։ Շնորհակալ եմ այդ աղօթքին համար եւ Բարի Ծնունդ  ձեզի ու ձեր ընտանիքներուն» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը բոլոր ներկաներուն մաղթելով բարի կիրակի եւ սովորութեան համաձայն աղօթք խնդրելով իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2023, 12:59