Որոնել

2023.11.06 Manifestazione  "I Bambini incontrano il Papa"

Քահանայապետին յայտարարութիւնը. 25 եւ 26 մայիսին կը նշուի Մանուկներու Առաջին Համաշխարհային օրը

Սրբազան Պապը հրաւիրեց նեաւ իրեն միանալու եւ Անարատ Յղութեան այս տօնին օրը աղօթելու խաղաղութեան համար։ «Մենք խաղաղութիւն կ՛ուզենք» ըսաւ Ան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 8 դեկտեմբեր 2023նին, Սուրբ Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան տօնին առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքէն ետք ողջոյնի խօսք ուղղեց այս առիթով Սուրբ Պետրոս հրապարակ համախմբուած հաւատացեալներուն, յատուկէն յիշելով Ացիոնէ Քաթթոլիքա եկեղեցական շարժումի ժողովրդապետութիւններուն մէջ այսօրուան առիթով կազմակերպած հանդիսութիւնները ու խրախուսեց շարժումի անդամները ըլլալու «Եկեղեցւոյ կենդանի քարեր եւ ընկերութեան թթխմոր»։

Նորին Սրբութիւնը ողջունեց նաեւ Քանատայի Քեպեքի Թեմը, որ այսօր կը յիշատակէ իր պաշտպան սրբուհիին տօնը` եւ Թեմին ստեղծման 350 ամեակը։

«Քեպէքը, ըսաւ Ան, եղաւ Քանատայի մէջ հիմնուած առաջին Թեմը» ու մաղթեց «բարի յոբելենական տարի» հայցելով` որ Տիրամայրը անոնց ընկերանայ։

Մանուկներու Համաշխարհային առջաին օրը

«Իսկ այժմ ուրախութիւնն ունիմ յայտարարելու որ եկող տարուայ 25 եւ 26 մայիսին Հռոմի մէջ պիտի տօնախմբեն Մանուկներու Առաջին Համաշխարհային օրը» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը նշելով, որ ձեռնարկը կը հովանաւորէ Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութիւնը եւ կը պատասխանէ «ի՞նչ տեսակ աշխարհ կ՛ուզենք փոխանցել մանուկներուն) որոնք կը մեծնան» հարցումին։

«Յիսուսին նման մենք կ՛ուզենք մանուկները դարձնել կեդրոն ու հոգ տանիլ անոնց» շեշտեց Սրբազան Պապը տեղեկացնելով` թէ այսօր կէսօրէն ետքը պիտի այցելէ նախ Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարը ապա Սպանիա հրապարակը աղօթելու համար Աստուածամօր։

Աղօթք խաղաղութեան համար

«Բոլորէդ կը խնդրեմ, յատուկէն Հռոմի հաւատացեալներէն, որ հոգեւոր կերպով միանաք ինծի այս մեր Մօր յանձնումի երկու արարքներու ընթացքին, յատուկէն առթելով խաղաղութեան համար` խաղաղութիւն Ուքրանիոյ մէջ, խաղաղութիւն Պաղեստինի եւ Իսրայէլի մէջ, եւ խաղաղութիւն պատերազմէ վիրաւոր բոլոր երկիրներուն մէջ։ Խաղաղութիւն կը հայցենք, թող` որ սրտերը հաշտուին, թող` որ խաղաղութիւն ըլլայ», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ բոլորին մաղթեց բարի Անարատ Յղութեան տօն ու բարի յիսնակացի երթ` Սուրբ Կոյսի առաջնորդութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/12/2023, 12:40