Որոնել

2023.12.21 Auguri natalizi della Curia Romana

Ունկնդրել, զատորոշել, քալել. Ֆրանչիսկոս Պապին Հռոմի Քուրիայի անդամներուն հետ հանդիպումը

Ահա այս է տարբերութիւնը։ Միայն ան որ կը սիրէ` կը քալէ» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով Քուրիայի անդամները մշակելու «սրտին ունկնդրութիւնը», իրենք զիրենք դնելով «Տիրոջ ծառայութեան տակ, սորվելով ընկալել իրար զիրար» ու նաեւ «ունկնդրել զիրար» ի գործ դնելով զատորոշումը, «որպէսզի ըլլանք Եկեղեցի մը` որ կը փորձէ թարգման ըլլալ պատմութեան նշաններուն Աւետարանի լոյսին ներքոյ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի` 21 դեկտեմբեր 2023ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Ծննդեան եւ ամավերջի տօներուն առիթով աւանդութեան համաձայն հանդիպեցաւ Հռոմի Քուրիայի անդամներուն հետ անոնց ուղղելով ճառ մը, որուն առանցքը կազմեցին ունկնդրել, զատորոշել եւ քալել բայերը, զոր Քահանայապետը մեկնաբանեց ներշնչում քաղելով Սուրբ Ծնունդի մի քանի անձնաւորութիւններէն, Սուրբ Կոյս Մարիամը, Յովհաննէս Մկրտիչը եւ մոգերը։

«Աստուած կու գայ, Աստուած մեր մէջ է եւ Անոր լոյսը յաւիտեան փառատեց աշխարհին խաւարը» ըսաւ Քահանայապետը ճառին սկիզբը, հաստատելով, որ «մենք պէտք ունինք մշտապէս ունկնդրելու այս աւետիսը, մասնաւորապէս այսպիսի ժամանակի մը մէջ, որ տխուր կերպով յատկանշուած է պատերազմի բռնութիւններով, այն դարաշրջանային վտանգով` որուն ենթարկուած ենք կլիմայի փոփոխութեան պատճառաւ, աղքատութեամբ, տառապանքով, անօթութեամբ ու մեր պատմութիւնը բնակող այլ վէրքերու։

«Մենք կարիքն ունինք ունկնդրելու եկող Աստուծոյ աւետիսը` ունկնդրել, զատորոշել, քալել, երեք բայեր մեր հաւատքի ուղեւորութեան համար ու ծառայութեան համար` զոր մենք կը մատուցենք այստեղ՝ Քուրիայի մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը, Սուրբ Ծննդեան որոշ գլխաւոր հերոսներու ընդմէջէն ներկայացնելով այս բայերը։

Ունկնդրութիւնը

Նորին Սրբութիւնը որպէս ունկնդրութեան տիպար ներկայացուց Սուրբ Կոյս Մարիամը` որպէս «ունկնդրութեան կոյս` որ ականջալուր կը դառնայ հրեշտակի աւետիսին ու իր սիրտը կը բանայ Աստուծոյ ծրագրին դիմաց»։

«Ան մեզի կը յիշեցնէ որ ամենամեծ պատուիրանը «Մտիկ ըրէ իսրայէլ»ն է, որովհետեւ որեւէ մէկ պատուիրանէ առաջ հարկաւոր է յարաբերութեան մէջ մտնել Աստուծոյ հետ, ընկալելով անոր սիրոյ պարգեւը» յարեց Սրբազան Պապը։ «Ունկնդրելը արդարեւ աստուածաշնչական բայ մըն է որ չի հայիր միայն լսողութեան այլ կը նշանակէ սրտին եւ նոյնինքն կեանքին ներգրաւուածութիւնը» աւելցուց Քահանայապետը մէջբերելով Սուրբ Պենետիկտոսի «Ռեկոլայի – կանոնադրութեան» խօսքերը ու դիտել տալով, որ «սրտով խօսիլը կը նշանակէ ներքին ունկնդրութիւն, որ կարող է հասկնալ ուրիշներու ցանկութիւններն ու կարիքները»։

«Ունկնդրելը, ըսաւ ապա Ան ուղեւորութեան մը սկիզբն է միշտ։ ... Մարիամ կը հասկնայ, որ ինք հասցէատէրն է անգնահատելի պարգեւի մը ու «ծունկի եկած», այսինքն հեզութեամբ ու զարմանքով ինքզինք կը դնէ ունկնդրութեան մէջ։ Ծունկի ունկնդրութիւնը լաւագոյն ձեւն է իրապէս ունկնդրելու համար...թէեւ յաճախ, նոյնիսկ մեր միջեւ հաղորդակցութեան մէջ, վտանգը կայ, որ մենք նմանինք գիշատիչ գայլերու. Կը փորձենք կլանել միւսին խօսքերը, առանց զանոնք իրապէս ունկնդրելու ու անմիջապէս անոր վրայ կը թափենք մեր տպաւորութիւններն ու մեր դատողութիւնները։ Մինչ իրար զիրար ունկնդրելու համար պէտք ունինք ներքին ունկնդրութեան, բայց նաեւ լռութեան տարածքի մը, ընդմէջ ունկնդրութեան ու պատասխանի։ Եւ այս բոլորը կը սորվինք աղօթքին մէջ, որովհետեւ անիկա սիրտը կը լայնեցնէ, մեզ վար կ՛իջեցնէ մեր եսասիրութեան ամպիոնէն, մեզ կը կրթէ միւսի ունկնդրութեան ու մեր մէջ կը ստեղծէ հայեցողականութեան լռութիւնը»։

«Մենք ալ Քուրիայի աշխատանքին մէջ պէտք ունինք ամէն օր հայցելու Աստուծոյ շնորհքը, որպէսզի բանայ մեր սառ սիրտը ու ցնցէ մեր գաղջ ու մակերեսային կեանքը» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը աւելցնելով` որ «Մեր առօրեայ պարտականութիւններէն ու մեր գործունէութիւններէն առաջ, հարկաւոր է վերագտնել յարաբերութիւններու արժէքները, ու զանոնք ոգեւորել աւետարանական հոգիով, նախ եւ առաջ իրար զիրար ունկնդրելով»։

«Սրտով եւ ծնկաչոք։ Իրար ունկնդրենք աւելիով, առանց նախապաշարումներու, բաց ու անկեղծութեամբ։ Զիրար ունկնդրելով ջանանք հասկնալ ինչ կ՛ըսէ եղբայրը, հասկնալու անոր կարիքները ու տեսակէտով մը նաեւ անոր կեանքը» յորդոր ուղղեց Քահանայապետը ապա հաստատեց` թէ «ունկնդրելը տարբեր է լսելէ։ Քալելով մեր քաղաքներու ճանապարհներուն վրայ կարող ենք լսել բազմաթիւ ձայներ ու շատ աղմուկներ բայց եւ այնպէս յաճախ չենք ունկնդրեր զանոնք. Լսելը բան մըն է եւ այլ բան ունկնդրութեան մէջ դնելը մենք զմեզ»։

Զատորոշումը

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ապա զատորոշումին զոր կ՛ապրուի եւ գործելակերպ կը դառնայ «փոխադարձ ունկնդրութեամբ» եւ այս բայի որպէս տիպար ներկայացուց Յովհաննէս Մկրտիչը, որ «երբ Յիսուս կը յայտնուի, ինք կ՛ապրի հաւատքի ողբերգական տագնապ մը», որովհետեւ իր սպասած Մեսիան տարբեր էր, հզօր Աստուած մըն էր, ու ահա այժմ «այդ պատկերը կը խորտակուի Յիսուսին արարքներուն դիմաց, անոր կարեկցութեան ու ողորմութեան դիմաց։ Այնուհետև Մկրտիչը կը զգայ, որ պէտք է դիմէ զատորոշումի` նոր աչքեր ստանալու համար»:

«Բոլորիս համար զատորոշումը կարեւոր է, հոգեւոր կեանքը, արուեստը որ մեզ կը մերկացնէ ամէն բան գիտնալու յաւակնութենէն, վտանգէն` մտածելու թէ բաւարար է ի գործ դնել կանոնները, փորձութենէն` յառաջ ընթանալու պարզապէս կրկնելով օրինաչափութիւնները, առանց նկատի առնելու` թէ Աստուծոյ Խորհուրդը մեզ կը գերազանցէ...մենք կարիքը ունինք ի գործ դնելու հոգեւոր զատորոշումը, հասկնալու Աստուծոյ կամքը, հարցաքննելու մեր սրտին ներքին շարժումները, որպէսզի ապա գնահատենք առնուելիք որոշումները ու յանձն առնելիք ընտրանքները»։

«Զատորոշումը պէտք է մեզի օգնէ Քուրիայի աշխատանքին մէջ, որպէսզի հլու դառնանք Սուրբ Հոգիի ձային, որպէսզի կարողանանք ընտրել ուղղութիւնները ու ձեռք բերել որոշումները, ոչ թէ աշխարհի չափանիշերու հիման վրայ` այլ Աւետարանի համաձայն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Քալել

Ան ապա ակնարկեց երրորդ բային «քալել» որուն որպէս տիպար ներկայացուց մոգերը ու անոնց ուղեւորութիւնը։

«Անոնք մեզի կը յիշեցնեն քալելու կարեւորութիւնը։ Երբ մենք ընկալենք Աւետարանի ուրախութիւնը, մեր մէջ կը հրահրուի իսկական ելքի ցանկութիւնը, մենք մեզ դնելու ուղեւորութեան մէջ դէպի Տիրոջ հետ հանդիպումը ու կեանքի լիութիւնը» ըսաւ այս առնչութեամբ Քահանայապետը ակնարկելով Աբրահամի, Մովսէսի, ու մարգարէներու կոչումին, որոնք հազիւ կոչը ընդունեցան իրենք զիրենք դրին ուղեւորութեան մէջ։

«Մենք ալ Քուրիայի մեր ծառայութեան մէջ հարկաւոր է որ մնանք ուղեւորութեան մէջ, չի դադրինք փնտռելէ ու խորացնելէ ճշմարտութիւնը, յաղթահարելով փորձութիւնը մեր ցանկապատերու եւ վախերու մէջ ապրելէ, փորձելով հարցեր չունենալ» ... «բայց այս մէկը կը վնասէ Եկեղեցւոյ ու աշխարհի ի սպաս մեր ծառայութեան» նկատել տուաւ Նորին Սրբութիւնը զգուշացնելով «գաղափարախօսութիւններու վրայ կեդրոնացումէն» որոնք մեզ կը բաժնեն իրականութենէն ու արգելք են ուղեւորութեան։

«Մենք կոչուած ենք ուղեւորութեան մէջ դնելու մենք զմեզ, քալելու, այնպէս ինչպէս ըրին Մոգերը, հետեւելով լոյսին, որ մեզ կ՛ուզէ առաջնորդել աւելի անդին, մեզ մղելով փնտռել նոր ուղիներ եւ յայտնաբերել նոր արահետներ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը նկատել տալով, որ Մոգերուն ճանապարհորդութիւնն ալ սկսաւ վերէն, Երկինքէն եկած նշանէն, Տիրոջ կոչումէն։

Հետևաբար, երբ մեր մատուցած ծառայութիւնը վտանգուած է դառնալու համահարթեցման, կոշտութեան կամ միջակութեան «լաբիրինթոս», երբ մենք խճճուած ենք «դիւանակալական» ցանցերուն մէջ, յիշենք վեր բարձրացնելու մեր հայեացքը, նորէն սկսելու Աստուծմէ, թոյլ տալու լուսաւորուիլ Անոր Խօսքով, միշտ քաջութիւն գտնել նորէն սկսելու: Լաբիրինթոսներէն կարելի է դուրս գալ միայն «վերէն» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «քալելու համար քաջութիւն պէտք է» ու թէ այս մէկը «սիրոյ հարց է»։

Միայն ան որ կը սիրէ կը քալէ

Վատիկնեան Տիեզերական ժողովէն վաթսուն տարի անց տակաւին վիճաբանութիւն կայ «առաջադէմներու» և «պահպանողականների» միջեւ բաժանման մասին, մինչ կեդրոնական տարբերութիւնը կը կայանայ «սիրահարուածներու» ու «ընտելանուածներու» միջեւ։ Ահա այս է տարբերութիւնը. Միայն ան որ կը սիրէ` կը քալէ» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով Քուրիայի անդամները մշակելու «սրտին ունկնդրութիւնը», իրենք զիրենք դնելով «Տիրոջ ծառայութեան տակ, սորվելով ընկալել իրար զիրար» ու նաեւ «ունկնդրել զիրար» ի գործ դնելով զատորոշումը, «որպէսզի ըլլանք Եկեղեցի մը,  որ կը փորձէ թարգման ըլլալ պատմութեան նշաններուն Աւետարանի լոյսին ներքոյ»։

«Մնանք միշտ շարժումի մէջ, խոնարհութեամբ և զարմանքով, որպէսզի չիյնանք այն ենթադրութեան մէջ որ հասած ենք նպատակին, և որպէսզի Աստուծոյ ցանկութիւնը չմարի մեր մէջ» եղաւ Քահանայապետին վերջին յորդորը նախ քան անոր բոլորին ուղղած շնորհակալական խօսքը ու Սուրբ Ծննդեան առիթով բարի մաղթանքները։

«Խնդրեմ չի կորսնցնենք զուարթախօսութեան զգացումը եւ մսուրին առջեւ աղօթք մը արտասանեցէք ինծի համար» ըսաւ ի միջի այլոց ճառին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/12/2023, 10:15