Որոնել

Ծնունդդ շնորհաւոր Ֆրանչիսկոս Պապ. Քահանայապետը ծննդեան 87րդ տարեդարձը տօնախմբեց Սանթա Մարթա բուժարանի մանուկներուն հետ.

Սանթա Մարթա մանկական բուժարանը ծնունդ առած է 8 Մայիս 1922-ին Պիոս ԻԱ Քահանայապետի օրհնութեամբ ու յանձնուած է Սուրբ Վինչենցօ Տէ Փաուլիի` Գթութեան դուստրեր միաբանութեան հոգատարութեան, որոնք կը վայելեն Յիսուս Մանուկ հիւանդանոցի կամաւորներուն եւ բժիշկներուն համագործակցութիւնը։ Բուժարանին ներկայ տնօրէնն է Քոյր աննա Լուիզա Ռիցցելոն մինչ անոր նախագահն է Քահանայապետի ողորմաբաշխ Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքիին` Բարեգործութեան Ծառայութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Աւանդութիւն դարձած է, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ամէն տարի Սուրբ Ծնունդը կանխող օրերուն եւ յատկապէս իր ծննդեան տարեդարձի օրուայ` (17 դեկտեմբեր) մօտակայ կիրակին, հանդիպի Սանթա Մարթայի բուժարանի մանուկներուն հետ, անոնց հետ կիսելով իր ծննդեան տարեդարձի ուրախութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապը Սանթա Մարթա բուժարանի մանուներուն հետ
Ֆրանչիսկոս Պապը Սանթա Մարթա բուժարանի մանուներուն հետ

Այս տարի եւա նորոգուեցաւ այս աւանդութիւնը եւ Կիրակի 17 դեկտեմբերի առաւօտեան Նորին Սրբութիւնը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցաւ Վատիկանեան Բուժարանի մանուկներուն, անոնց ընտանեկան պարագաներուն եւ բուժարանի անձնակազմին հետ միասին ապրելով ուրախութեան պահեր։

Յայտնենք որ Սանթա Մարթա մանկական բուժարանը ծնունդ առած է 8 Մայիս 1922-ին Պիոս ԻԱ Քահանայապետի օրհնութեամբ ու յանձնուած է Սուրբ Վինչենցօ Տէ Փաուլիի` Գթութեան դուստրեր միաբանութեան հոգատարութեան, որոնք կը վայելեն Յիսուս Մանուկ հիւանդանոցի կամաւորներուն եւ բժիշկներուն համագործակցութիւնը։ Բուժարանին ներկայ տնօրէնն է Քոյր աննա Լուիզա Ռիցցելոն մինչ անոր նախագահն է Քահանայապետի ողորմաբաշխ Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքիին` Բարեգործութեան Ծառայութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը։

200 ընտանիքներ իրենց մանուկներով ուրախութեամբ, երգերով ու պարերով դիմաւորեցին Քահանայապետը ու անոր հրամցուցին կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը։

Ֆրանչիսկոս Պապի ծննդեան տարեդարձի կարկանդակը
Ֆրանչիսկոս Պապի ծննդեան տարեդարձի կարկանդակը

Այս առիթով Սրբազան Պապը հակիրճ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով ներկաներուն նախ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց առիթին համար ապա նշեց թէ կը պատրաստուինք «մեծ տօնախմբութեան մը որ պիտի կատարուի եկող շաբաթ` Սուրբ Ծնունդը, տօն որուն ընթացքին մենք կը մտածենք եւ կը յիշենք Յիսուսին գալուստը։ Անիկա եկաւ մնալու մեր հետ։ Մտածենք ու մեր սիրտը պատրաստենք ընկալելու համար Յիսուսը։ Իւրաքանչիւրդ թող մտածէ. ի՞նչ պիտի խնդրեմ Յիսուսէն։ Ի՞նչ պիտի խնդրեմ այն Ծնունդին առիթով» ըսաւ Քահանայապետը ու հրաւիրեց ներկաները պահ մը լռելեան մտածելու այդ հարցումին ապա բոլորին մաղթեց Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ։

«Ձեզի բոլորիդ շնորհաւոր սուրբ Ծնունդ։ Միշտ ժպիտով։ Եւ թող Տէրը ձեզի պարգեւէ բոլոր այն բաները որ կը փափաքիք» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը:

Ֆրանչիսկոս Պապը Սանթա Մարթա բուժարանի մանուկներուն հետ
Ֆրանչիսկոս Պապը Սանթա Մարթա բուժարանի մանուկներուն հետ

Քահանայապետի ծննդեան 87րդ տարեդարձին առիթով պատրաստուած էր նաեւ գեղեցիկ կարկանդակ մը, որուն վրայ բուժարանի մանուկներու գծագրութեամբ պատկերացուած է Քահանայապետը` շրջապատուած մանուկներով ու պատկերին տակ գրուած է. «Ծնունդդ շնորհաւոր Ֆրանչիսկոս Պապ» մինչ նկարին վերեւ զետեղուած են հետեւեալ խօսքերը. «երախտագիտութիւնը սրտին յիշողութիւնն է»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2023, 11:14