Որոնել

Ֆրանչիկսոս Պապը հանդիպեցաւ “F. Miulli” հիւանդանոցի ներկայացուցիչներուն հետ

Քահանայապետը երկուշաբթի առաւօտեան ունեցաւ շարք մը այլ հանդիպումներ որոնց շարքին Ինտոնեզիայի նախկին նախագահուհիին հետ հանդիպումը եւ Մարդկային Եղբայրութեան Զայըտ մրցանակի պատուիրակութեան անդամներուն հետ հանդիպումը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 18 դեկտեմբեր 2023ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունեցաւ տարբեր հանդիպումներ, որոնք սկսան Հռոմի Թեմի Քահանայապետի տեղակալ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Անճելօ Տէ Տօնաթիսին հետ հանդիպումով, որուն յաջորդեց Հաւատոյ Վարդապետութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնանտէսի ու Վերատսեչութեան քարտուղար` Գերապայծառ Արմանտօ Մաթթէոյի հետ հանդիպումը հուսկ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի Ընդհանուր Քարտուղարութեան Ընդհանուր Քարտուղար` Կարդինալ Մարիօ Կրէքին հետ հանդիպումը։

Սրբազան Պապը ընդունեց ապա Մարդկային Եղբայրութեան Զայըտ մրցանակի պատուիրակութեան անդամները, որոնցմէ ետք հանդիպեցաւ Ինտոնէզիայի նախկին նախագահ Տիկ Մեկաուաթի Սուքարնոփութրին ապա Ֆրանսայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` Գերապ. Էրիք տը Մուլըն Պոֆորի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ, որուն յաջորդեց Ամերիկայի Պետութիւններու Կազմակերպութեան մօտ` Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ Գերապ. Խուան Անթոնիօ Քրուզ Սերրանոյի հետ հանդիպումը։

Նորին Սրբութիւնը պաշտօնական հանդիպումները աւարտեց ունկնդրութիւն շնորհելով Պարի քաղաքի “Miulli” հիւանդանոցի պատուիրակութեան անդամներուն։

Աղքատ հիւանդներու  յատկացուած հիւրընկալող դարմանատուն

«Francesco Miulli» հիւանդանոցը Եկեղեցական կառոյց մըն է, վայր` որ կը միաւորէ քրիստոնէական ներշնչումը, մասնագիտութիւնը եւ կլինիկական և արուեստագիական նորարարութիւնը» ըսաւ իր ճառին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապը ու խօսքը ուզեց կեդրոնացնել երկու երեւոյթներու վրայ` մարդ անհատը ընտրել որպէս կիզակէտ ու խթանել գիտական հետազօտութիւնը։

Մարդ անհատը կեդրոն

«Ձեր հիւանդանոցը ինը դարեր առաջ հիմնուած կառոյց է, որպէս աղքատ հիւանդներու դարմանատուն, այսինքն ընկալող ու ապահով վայր` ուր տառապողը կը գտնէ ապաստան եւ օգնութիւն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով, որ անոր յանձնառումին կիզակէտը եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ «աղքատ հիւանդները, եւ անոնց մէջ Յիսուսը, որ մեզի ըսաւ. «Այն ամէն բաները որ կ՛ընէք իմ այս եղբայրներէս ամենափոքրինկներէն մէկուն ինծի ըրած կ՛ըլլաք (cfr Մատթ 25,40)։

Գիտական հետազօտութեան կարեւորութիւնը

Այս առնչութեամբ Սրբազան Պապը ակնարկեց հիւանդանոցի նոր կեդրոնին ուր կարելի է հիւրընկալել 600 հիւանդներ եւ ուր անձնանուիրումով կը գործեն հազարէ աւելի աշխատակիցներ, գնահատելով նաեւ վերջերս բացուած գաղթականներու յատկացուած մանկաբուժարանը, որ «կը վկայէ ոգին` որով դուք կը մատուցէք ձեր ծառայութիւնը», յարեց Քահանայապետը ապա ակնարկեց գիտական հետազօտութիւնը խթանելու հարցին ու հիւանդանոցէն ներս ստեղծուած համալսարանական մասնաճիւղին որ կը համագործակցի իտալական տարբեր համալսարաններուն հետ, այս մէկը նկատելով «մեծ արժէք ունեցող նպատակ մը», ու խրախուսելով ներկաները հիւանդանոցը դարձնելու «առաքինի շրջանակ՝ աւելի լաւ առողջապահական խնամքի համար՝ ի շահ համայնքի և հիւանդներուն, միևնոյն ժամանակ հաշուի առնելով ծառայութեան որակը և ուշադրութիւնը մարդոց նկատմամբ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը քաջալերելով ներկաները այս ուղղութեամբ շարունակելու իրենց ընթացքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/12/2023, 11:36