Որոնել

2023.12.16 Artisti del Concerto di Natale

Քահանայապետը ընդունեց Ծննդեան Համերգի արուեստագէտները. Երբ կ՛երգէք յիշեցէք անոնք` որոնք կը տառապին

«Աւետարանը եւ Սուրբ Ծնունդը եզակի են բայց կարելի չէ զանոնք երգել միաձեւ կերպով, մինչ «թեխնոքրաթական» ոճը միաձեւութիւն է» ուստի պէտք չէ թոյլ տալ որ այդ համակարգը մեզ պայմանաւորէ։ «Եղէք դուք ձեզ, ձեր որակով, ձեր պարգեւներով, արուեստական եւ հոգեւոր» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը զգուշացնելով նաեւ ծնունդը ապրելէ հետեւելով «սպառողականութեան ու առեւտրական» երեւոյթին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
 

Շաբաթ` 16 դեկտեմբեր 2023ին Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Ծննդեան Համերգի արուեստագէտներուն ու կազմակերպիչներուն եւ հանդիպման առիթով ներկաներուն ուղղեց ողջոյնի խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց` թէ «ժողովրդական երգերը մշակոյթի անբաժան մաս են» ու թէ «ի սկզբանէ մարդ արարածը պատմութիւններ եւ աղօթքներ փոխանցած է երգերով» ու այս մէկը կը շարունակուի նաեւ այսօր, մասնաւորապէս բնիկ ժողովուրդներու մօտ»։

Սուրբ Ծնունդը թերեւս հանրաճանաչ երգերով ամենահարուստ տօնն է։ Իտալիոյ մէջ կայ երգ մը, որ բոլորն ալ գիտեն, եւ որ իր պարզութեամբ աստուածաբանութեան և ներդաշնակութեան գլուխգործոց է. «Tu scendi dalle stelle - Դուն կ՛իջնես աստղերէն»: Ի զուր չէ, որ զայն յօրինողը եղած է սուրբ եպիսկոպոս Ալֆոնսօ Մարիա Տէ Լիկուորին։

«Դուք ալ տեսակէտով մը, մաս կը կազմէք այս աւանդութեան, ձեր ձայնը կը նուիրէք սուրբ Ծննդեան յայտնի մեղեդիներու... անոնց մէջ կայ հին ու միշտ նորոգուած պատգամ մը` Յիսուսի, Փրկիչին Ծննդեան պատգամը եւ կան տարբեր ձայներ, աշխարհի տարբեր վայրերէն, որոնք իրար կը միանան միասին հնչեցնելու այդ պատգամը» յարեց Քահանայապետը նկատել տալով, որ «Սուրբ Ծնունդի Աւետարանը եզակի է բայց կարելի չէ զայն երգել միաձեւ կերպով, մինչ գիտենք, որ «թեխնոքրաթական» ոճը ասոր հակառակ է, միաձեւութիւն է»։ 

Գիտենք նաեւ, որ Ծնունդն ալ զոհ է «սպառողականութեան ու առեւտրական» երեւոյթին դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով այնպէս ընել առ նուազն ծննդեան երգերը պահեն իրենց իւրայատկութիւնը, իրենց բանաստեղծութիւնը...օգնցէք` որ զայն պաշտպանենք այս չարաշահումէն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը

Ան ապա խօսքը աւարտեց ընդգծելով, թէ ինք վստահ է` որ արուեստագէտները պիտի երգեն մտածելով նաեւ անոնց որոնք այս օրերը վախի ու ցաւի մէջ կ՛ապրին պատերազմի պատճառաւ։ Այս մէկը կը պատահի նաեւ Յիսուսի Երկրին մէջ եւ ասոր համար ալ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի եւ ձեզ կ՛օրհնեմ։ Բարի համերգ ու Բարի Սուրբ Ծնունդ ձեզի ու ձեր հարազատներուն ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու խօսքը եզրափակեց խնդրելով, որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2023, 10:31