Որոնել

TOPSHOT-VATICAN-POPE-AUDIENCE

«Արհեստական բանականութիւնն ու խաղաղութիւնը». Ֆրանչիսկոս Պապին Խաղաղութեան Համաշխարհային Օրուայ պատգամը

«Ալկորիթմերը չեն կրնար սահմանել մարդկային իրաւունքները, կարելի չէ մէկդի դնել հիմնական արժէքներ` ինչպէս կարեկցութիւնը, ողորմութիւնը ու ներումը եւ վերացնել կարելիութիւնը, որ անձ մը կարող ըլլայ իր ետին թողուլ անցեալը» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը շեշտը դնելով մարդ անհատի արժանապատւութեան յարգանքի վրայ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հրատարակուեցաւ յառաջիկայ մէկ Յունուար 2024-ին նշուող Խաղաղութեան Համաշխարհային 57րդ Օրուան նուիրուած Քահանայապետական պատգամը, որուն բնաբանն է «Արհեստական բանականութիւնն ու խաղաղութիւնը»։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը կը սկսի խաղաղութեան մաղթանքով, ուղղուած Աստուծոյ Ժողովուրդին, ազգերուն, Պետութիւններու կառավարիչներուն ու կառավարութիւններուն, տարբեր կրօններու ներկայացուցիչներուն ու քաղաքացիական ընկերութեան, ինչպէս նաեւ ժամանակակից բոլոր մարդոց ու կիներուն։

Ութը կէտերէ կազմուած պատգամ

Պատգամը կազմուած է ութը հատուածներէ կամ գլուխներէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ քննարկուած է յատուկ նիւթ մը, կապուած արհեստական բանականութեան ու անոր մարդկային ընտանիքի կեանքին վրայ ունեցած ազդեցութիւններուն ու հետեւանքներուն։

«Գիտութեան և արհեստագիտութեան առաջընթացը՝ որպէս խաղաղութեան ճանապարհ», «Արհեստական բանականութեան ապագան խոստումներու եւ վտանգներու միջեւ», «Ապագայի արհեստագիտութիւնը. Գործիքներ` որոնք ինքնուրոյն կը սորուին», «Տեխնոկրատական տիպարի սահմանափակումի իմաստը», «Թեժ նիւթեր բարոյականութեան համար», «Սուրերը խոփեր պիտի դարձնե՞նք», «Կրթութեան մարտահրաւէրները» ապա «Միջազգային իրաւունքի զարգացման մարտահրաւէրները» նիւթերն են որ Քահանայապետը շօշափած է իր պատգամին մէջ։

Արարիչին մեզի պարգեւած արժանապատւութիւնը

«Բանականութիւնը արտայայտութիւնն է այն արժանապատւութեան, որ մեզի տուած է Արարիչը, որ մեզ ստեղծեց իր պատկերով և նմանութեամբ» (Հմմտ. Ծննդոց 1,26) ու մեզի հնարաւորութիւն տուաւ արձագանքելու իր սիրոյն` ազատութեան և գիտելիքի միջոցաւ։ Գիտութիւնը և արհեստագիտութիւնը յատկապէս կը դրսևորեն մարդկային բանականութեան այս հիմնարար յարաբերական որակը. անոնք ստեղծագործական ներուժի արտասովոր արդիւնքն են», կը գրէ Նորին Սրբութիւնը պատգամին սկիզբը մատնանշելով, որ Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի «Gaudium et spes» հովուական սահմանադրութիւնը վաւերացուցած են այս իրականութիւնը։

Գիտութեան եւ արհեստագիտութեան առաջընթացը ի նպաստ մարդու բարօրութեան 

«Նոյնիսկ գիտութեան և արհեստագիտութեան առաջընթացը, այնքանով` որ նպաստէ մարդկային հասարակութեան աւելի լաւ կարգի մը, ազատութեան և եղբայրական հաղորդակցութեան աճումին, կարող է յանգեցնել մարդու բարելաւման և աշխարհի բարեփոխման», կը նշէ միշտ Նորին Սրբութիւնը ուրախութիւն արտայայտելով գիտութեան ու արհեստագիտութեան ձեռք բերած նուաճումներուն համար եւ ասկէ մեկնելով հարց կ՛ուղղէ, թէ «ի՞նչ հետեւանքներ ունի նոր թուային արհեստագիտութիւնը։ Եւ ի՞նչ ազդեցութիւն կ՛ունենայ  անհատներու և հասարակութեան կեանքի, միջազգային կայունութեան և խաղաղութեան վրայ», ապա այս հարցումներէն մեկնելով կ՛անդրադառնայ արհեստական բանականութեան ընկերութեան վրայ ունեցած ազդեցութիւններու հարցին, որոնք «արդեն կը փոխեն հաղորդակցութեան դիմագիծը, կրթութեան, սպառողականութեան դիմագիծը եւ անձնական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ առօրեայ կեանքի տարբեր ոլորտներու դիմագիծը»։

Արհետագիտութեան տարածումին պէտք է ընկերանայ նաեւ պատշաճ կազմաւորում 

Արհեստական բանականութիւնը, հետևաբար, պէտք է հասկանալ որպէս տարբեր իրողութիւններու համաստեղութիւն մը, և մենք չենք կարող նախապէս ենթադրել, որ անոր զարգացումը բարերար ներդրում կ՛ունենայ մարդկութեան ապագայի և ժողովուրդներու միջև խաղաղութեան գործին մէջ։ Այսպիսի դրական արդիւնք հնարաւոր կ՛ըլլայ միայն այն դէպքի պարագային, եթէ մենք դրսևորենք ունակ գործելու պատասխանատուութիւն և յարգելու մարդկային հիմնարար արժէքները, ինչպիսիք են «ներառումը, թափանցիկութիւնը, անվտանգութիւնը, արդարութիւնը, գաղտնիութիւնը և յուսալիութիւնը»:

«Արհետագիտութեան տարածումին պէտք է ընկերանայ նաեւ պատշաճ կազմաւորում ի նպաստ պատասխանատուութեան ....եւ մենք պարտաւորութիւնն ունինք ձգտելու խաղաղութեան եւ հասարակաց բարիքին, մարդկային ու հասարակական համապարփակ զարգացումին» գրեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը, ընդգծելով նաեւ հարկաւորութիւնը, որ թուային յառաջդիմութիւնը կատարուի յարգելով արդարութիւնը ու զգուշացնելով այն յառաջդիմութիւններէն ու զարգացումներէն, որոնք չեն բարելաւէր մարդկային ընտանիքի կեանքի որակը։

«Արհեստական բանականութիւնը պէտք է ուստի ըլլայ ի ծառայութիւն մարդկային լաւագոյն ներուժին և մեր բարձրագոյն ձգտումներուն, եւ ոչ թէ մրցակցի անոնց հետ» կը հաստատէ Նորին Սրբութիւնը։

Ալկորիթմերը

Ան ապա խօսեցաւ այն յառաջդիմութիւններու մասին, որ արձանագրուած է նաեւ հաղորդակցութեան ոլորտէն ներս զգուշացնելով սակայն թաքուն վտանգներէն, ու այն իրողութենէն երբ արհեստական բանակութիւնը կ՛օգտագործուի ապատեղեկատուութիւն տարածելու եւ ընկերութեան կեանքին վրայ ազդող ժխտական հետեւանքներ ունենալու։

Մեր աշխարհը չափազանց մեծ է, բազմազան և բարդ, որպէսզի ան ամբողջութեամբ ճանչցուի և դասակարգուի: Մարդկային միտքը երբեք չի կարողանար սպառել իր հարստութիւնը, նոյնիսկ ամենայառաջադեմ ալկորիթմներու օգնութեամբ:

Աւելին, արհեստական բանականութեան կողմէ վերլուծուած տուեալներու մեծ քանակութիւնն ինքնին անկողմնակալութեան երաշխիք չէ։ Եւ երբ ալկորիթմները կը քաղեն տեղեկատուութիւնը, միշտ վտանգը կայ, որ զայն խեղաթիւրեն՝ կրկնելով այն միջավայրի անարդարութիւններն ու նախապաշարումները, որտեղէն անոնք կը ծագին։

Չափաւորութեան իմաստը 

Վտանգը կը կայանայ այն բանի մէջ, որ որոշ ընտրութիւններու հիմքին մէջ ինկած չափանիշները կը դառնան նուազ պարզ , որոշումներու կայացման պատասխանատուութիւնը թաքնուած է, և արտադրողները կարող են խուսափիլ համայնքի բարօրութեան համար գործելու պարտաւորութիւնէն: Այս մէկը պէտք է մեզի մտածել տայ կարեւոր մէկ հարցի մասին հայող մարդկային եւ ընկերային զարգացման. «չափաւորութեան իմաստը»։ Սեփական սահմանը ճանչնալն ու ընդունիլը որպէս արարած, մարդու համար անփոխարինելի պայման է հասնելու, աւելի ճիշտ՝ ընկալելու լիութեան պարգևը։

Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ ապա այն վտանգի մասին, որ յառաջ պիտի գայ երբ արուեստական բանականութեան պիտի յանձնուին որոշ որոշումներու գոյացումը ինչպէս երբ մէկ մը պարտք խնդրէ դրամատունէն, կամ դիմէ որոշ աշխատանքի մը կամ ընկերային օգնութեան հայց ներկայացնէ .... այս ծիրէն ներս ընդգծելով «զանազան մակարդակներու վրայ միջամտութեան» պակասը, որ կարող է հանգեցնել նախապաշարումի եւ խտրականութեան, ինչպէս նաեւ կարող է, որ որոշ ծրագրային սխալներ դիւրաւ կրկնուին, յառաջացնելով միայն անարդարութիւն։ Քահանայապետը կ՛ակնարկէ ապա արհեստական բանականութիւնը սխալ մարդոց ձեռքով օգտագործելու պարագային անկէ բխած վտանգներուն, որոնք կարող են նաեւ փոխել մարդոց որոշումները ու անոնց մտածումները....։

Յարգել մարդ անհատի իրաւունքները 

«Ալկորիթմերը չեն կրնար սահմանել մարդկային իրաւունքները, կարելի չէ մէկդի դնել հիմնական արժէքներ ինչպէս կարեկցութիւնը, ողորմութիւնը ու ներումը եւ վերացնել կարելիութիւնը, որ անձ մը կարող ըլլայ իր ետին թողուլ անցեալը» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը շեշտը դնելով մարդ անհատի արժանապատւութեան յարգանքի վրայ։

Վեցերորդ գլուխին մէջ Քահանայապետը կ՛անդրադառնայ պատերազմի պարագային ու այդ պատերազմներու մէջ արհեստական բանականութեան օգտագործման հարցին, որ կը յառաջացնէ բարոյական հարց մը։ Արհեստական Բանականութեան ձեւելը արդարեւ չեն կրնար ըլլալ բարոյապէս պատասխանատու ենթականեր եւ ասոր համար հրամայական է այդ գործիքներուն երաշխաւորել մարդկային հսկողութիւն մը, մարդը` որ ունի ոչ միայն բանականութիւն այլ նաեւ սիրտ ու խղճմտանք։

Արհեստական բանակութիւնը օգտագործել խթանելու մարդկային համապարփակ զարգացումը

«Մենք կարիքը չունիք նոր արհեստագիտութեան, զարգացնելու ու խթանելու համար պատերազմին անմտութիւնը», կը գրէ Սրբազան Պապը, հրաւիրելով այդ արհեստական բանակութիւնը օգտագործել խթանելու մարդկային համապարփակ զարգացում, որ նորութիւններ յառաջացնէ հողագործութեան, դաստիարակութեան, մշակոյթի ու մարդոց եւ ազգերու կեանքի մակարդակը բարձրացնելով, ու աճեցնելով մարդկային եղբայրութիւնն ու ընկերային բարեկամութիւնը։

«Ի վերջոյ, ձևը, որով մենք կ՛ օգտագործենք զայն՝ ներառնելու վերջինները այսինքն՝ ամենախոցելի և կարիքաւոր եղբայրներն ու քոյրերը, մեր մարդկութեան բացայայտող չափանիշն է» կը հաստատէ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ու կը ներկայացնէ այս ուղղութեամբ կրթութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները։

«Արհեստական բանականութեան ձևերու կիրառման ի սպաս կրթութիւնը պէտք է նախ և առաջ ուղղուած ըլլայ քննադատական մտածողութեան խթանման, յատկապէս երիտասարդներուն համար, դպրոցներու, համալսարաններու ու գիտական ընկերութիւններու մէջ» գրուած է ի միջի այլոց պատգամին մէջ ։

Միջազգային իրաւունքի զարգացումի ի սպաս կոչ

Վերջին գլուխը նուիրուած է միջազգային իրաւունքի զարգացումին հայող մարտահրաւէրներուն, որուն ծիրէն ներս Սրբազան Պապը ակնարկեց Պետութիւններու պատասխանատուութեան` կարգաւորելու համար արհեստական բանականութեան օգտագործումը, կոչ ուղղելով նաեւ ՄԱԿ-ին միասնաբար աշխատելու այդ ուղղութեամբ, գործածութիւնը կանոնաւորելով բարոյական ու մարդկային արժանապատւութիւնն ու իրաւունքները յարգող հիմքերու վրայ։

Քահանայապետին քաջալերանքն ու աղօթքը

Քահանայապետը պատգամը կ՛աւարտէ մաղթելով, որ այս խորհրդածութիւնը քաջալերանք ըլլայ, որպէսզի արհեստական բանականութեան ձևերու զարգացման առաջընթացը ծառայէ մարդկային եղբայրութեան և խաղաղութեան գործին: Անիկայ համայն մարդկային ընտանիքին պատասխանատուութիւնն է։ Խաղաղութիւնը արդարեւ պտուղն է փոխյարաբերութիւններու, որոնք կը ճանչնան եւ կ՛ընկալեն ուրիշները իրենց անօտարելի արժանապատուութեան մէջ, ինչպէս նաև համագործակցութեան և յանձնառութեան՝ մէջ հետապնդելու համար բոլոր մարդկանց և բոլոր ժողովուրդներու ամբողջական զարգացումը:

Աղօթքս է նոր տարուայ սկիզբը, որ արհեստական բանականութեան ձեւերու արագ զարգացումը չաւելցնէ անհաւասարութիւնն ու անարդարութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին աշխարհի մէջ, այլ սատարէ, վերջ դնելու համար պատերազմներուն ու հակամարտութիւններուն ու սփոփէ ծանր ցաւերը որոնք կը տանջեն մարդկային ընտանիքը։

«Թող որ քրիստոնեայ հաւատացեալները, այլ կրօններու հաւատացեալներ ու բարի կամքի մարդիկն ու կիները, համագործակցին ներդաշնակութեամբ ձեռք բերելու համար հնարաւորութիւններ` որպէսզի կարելի ըլլայ դիմագրաւել թուային յեղափոխութեան յառաջացուցած մարտահրաւէրը եւ ապագայի սերունդներուն յանձնեն աւելի արդար, զօրակից ու խաղաղ աշխարհ մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2023, 12:50