Որոնել

2023.01.25 Il Papa nell'intervista con AP

Գերեզմանս պատրաստ է Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ. Ֆրանչիսկոս Պապ

Մեքսիքական N+ հեռուստակայանի տուած բացառիկ հարցազրոյցի ընթացքին Քահանայապետը յայտնած է, որ ինք Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ պատրաստել տուած է իր գերեզմանը, իր Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր նկատմամբ ունեցած ջերմեռանդութեան համար ու թէ աւելի պարզ դարձուցած է քահանայապետական յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Մեքսիքական N+ հեռուստակայանի տուած բացառիկ հարցազրոյցի ընթացքին լրագրող Վալենթինա Ալազրաքիին յայտնած է թէ ինք «Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ պատրաստել տուած է իր գերեզմանը, իր Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր նկատմամբ ունեցած ջերմեռանդութեան համար»։ Ալազրաքիի հաղորդագրութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Պապը նշած է` թէ «երբ ծերութիւնն ու սահմանափակումներ կը յայտնուին պէտք է պատրաստուիլ» եւ «ասոր համար է, որ հանդիպեցայ արարողապետին հետ աւելի պարզ դարձնելու համար քահանայապետական յուղարկաւորութեան արարողութիւնը» որոնք «պիտի ըլլան շատ պարզ, եւ ես պիտի տամ այն նոր ծիսակատարութեան մեկնարկը», նշած է ժպիտով Նորին Սրբութիւնը։

Հարցազրոյցի ընթացքին ակնարկ կատարուած է նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի,ն որուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապը ունեցած է բարեկամական սերտ կապեր եւ մատնանշելով անոր հրաժարականին Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնած է, որ ինք երբեք չէ մտածած հրաժարական տալ, հակառակ առողջական բարդութիւններուն, բայց գնահատած է Ռացինկեր Պապին այս ուղղութեամբ առած քայլի քաջութիւնը։ «Ան մեծ ու հեզ անձ մըն էր, եւ երբ գիտակից դարձաւ իր սահմանափակ կարողութիւններուն քաջութիւնն ունեցաւ բաւ է ըսելու» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը խոստովանելով, որ Պենետիկտոս ԺԶ օրինակը իրեն համար դրական է, բայց «ես ամէն մէկ պահ Տիրոջմէ կը հայցեմ քաջութիւնը բաւ է ըսելու բայց միայն այն ատեն երբ ինք կամենայ», բացատրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Հարցազրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ յառաջիկային նախատեսուած ճամբորդութիւններու մասին` որոնցմէ յիշեց Պելկիան, ու այս ուղղութեամբ հաստատեց, թէ հրաւէր ստացած է Արժանթինը այցելելու, նաեւ Արժանթինի նոր նախագահին կողմէ, թէեւ ան ընտրապայքարի ժամանակ վիրաւորական խօսքերով արտայայտուեցաւ Քահանայապետի մասին։ «Այն, ինչ որ ըսուած է նախընտրական քարոզարշավի ժամանակ, ինքնին աւարտած է» ըսաւ Քահանայապետը մեկնաբանելով վերոնշեալ խօսքերը։

Իսկ ակնարկելով առողջական վիճակի մասին Քահանայապետը նշած է թէ «աւելի լաւ կը զգամ ինքզինքս։ Երբեմն ինծի կ՛ըսեն որ անխոհեմ եմ, որովհետև կը շարունակեմ ամէն բան ընել ու շարժիլ։ Բայց այս մէկը լաւ նշան է, ես միանգամայն առողջ եմ», ըսած է Ֆրանչիսկոս Պապը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2023, 10:46