Որոնել

2023.12.06 Udienza Generale

«Այլևս ոչ երբեք պատերազմ», Մարդկային եղբայրութեան մասին հռչակագիրը յանձնուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին

«Մենք տարբեր ենք, աննման, ունինք տարբեր մշակոյթներ և կրօններ, բայց մենք եղբայրներ ենք և կ՛ուզենք ապրիլ խաղաղութեան մէջ»: Ֆրանչիսկոս Պապ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆիլիփինցի լրագրող Մարի Ռեզա, Իտալացի ֆիզիքոս Ճորճօ Փարիզի, Եմենցի մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Թավաքքուլ Քարման ընկերակցութեամբ Կարդինալ Մաուրօ Կամեպեթթիին, այսօր մասնակցեցան Ֆրանչիսկոս Պապին` Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ նախագահած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան, որուն աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապին յանձնեցին Փաստաթուղթ մը, որ կը կրէ Նոպէլեան մրցանակի այլ 30 դափնեկիրներու ստորագրութիւնը։

Փաստաթուղթը շարադրուած էր անցեալ Յունիս 2023ին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, Մարդկային Եղբայրութեան հիմնարկի կողմէ կազմակերպուած Եղբայրութեան նուիրուած #NotAlone հաւաքին առիթով, որուն մէջ անգամ մը եւս կը շեշտուի յանձնառութիւնը` ի նպաստ խաղաղ ընկերութեան մը կառուցումին։

«Մենք տարբեր ենք, աննման, ունինք տարբեր մշակոյթներ և կրօններ, բայց մենք եղբայրներ ենք և կ՛ուզենք ապրիլ խաղաղութեան մէջ»: Ֆրանչիսկոս Պապին այս խօսքերով է, որ կը սկսի Մարդկային եղբայրութեան մասին վերոնշեալ հռչակագիրը։

Հռչակագիրը Քահանայապետին յանձնելու այսօրուան խորհրդանշական ժեստը կը ներկայացնէ առաջին փուլը, որ սկիզբ կու տայ փաստաթղթի ներկայացումին, մոլորակի այլ տարածքներուն մէջ»։

Փաստաթուղթին մէջ, որուն հանրային ընթերցումը կատարեցին անցեալ Յունիսին Նոպէլեան երկու այլ մրցանակակիրներ՝ Նատիա Մուրատ եւ Մուհամմէտ Եունիսը, թուարկուած են «մարդկային եղբայրութեան» նպատակները, հետևաբար՝ սէրը որպէս պատասխան ատելութեան, «խաղաղութեան հասարակութիւններ ստեղծելու» կամքը, «միացնելու աշխարհը, որ կեղտոտած է բռնութեան և ատելութեան արիւնով, ընկերային անհաւասարութիւններով և սրտի ապականութեամբ»:

«Մենք յանուն եղբայրութեան համայն աշխարհին կ՛ուզենք աղաղակել. Ոչ երբեք պատերազմին։ Խաղաղութիւնն է, արդարութիւնն է, հաւասարութիւնն է, որ կ՛առաջնորդէ համայն մարդկութեան ճակատագիրը» գրուած է Փաստաթուղթին մէջ, որուն ստորագրողները կը յայտարարեն` որ «Իւրաքանչիւր մարդ իմ եղբայրս է, իւրաքանչիւր կին իմ քոյրս է, միշտ։ Մենք կ՛ուզենք ապրիլ միասին, որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր, Պարտէզին մէջ ,որ Երկիրն է...մենք ականատես ենք թէ ինչպէս աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ կորսուած ներդաշնակութիւնը կը ծաղկի երբ արժանապատւութիւնը յարգուած է, արցունքները կը սրբուին, աշխատանքը կը վարձատրուի արդար կերպով, դաստիարակութիւնը երաշխաւորուած է, առողջութեան հոգ տարուած է, տարբերութիւնը արժեւորուած, բնութիւնը խնամուած, արդարութիւնը յարգուած եւ հասարակութիւնները կ՛ողջագուրեն առանձնութիւններն ու վախերը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2023, 11:51