Որոնել

Palestinians flee their houses after they were ordered by the Israeli army to evacuate the area in Bureij

Պատերազմը կ՛արտադրէ միայն մահուան անապատ։ Աղօթենք ու պայքարինք խաղաղութեան համար. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Սուրբ Ստեփանոսի վկայութեան նշանաբանով մօտիկ եմ քրիստոնեայ հասարակութիւններուն որոնք թիրախ են խտրականութեան ու զանոնք կը խրախուսեմ շարունակելու իրենց սէրը ցուցաբերելու բոլորին, խաղաղ կերպով պայքարելով արդարութեան ու կրօնական ազատութեան համար» ըսաւ Սրբազան Պապը առաջին քրիստոնեայ Մարտիրոսի բարեխօսութեան յանձնելով նաեւ պատերազմներէ տանջուած ժողովուրդներուն խաղաղութեան աղերսը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Կը նորոգեմ Տիրոջ Ծնունդէն բխած խաղաղութեան եւ բարութեան մաղթանքները եւ առիթէն կ՛օգտուիմ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնց ինծի ուղղեցին բարեմաղթական պատգամներ Հռոմէն ու աշխարհի բազմաթիւ վայրերէն։ Շնորհակալութիւն մասնաւորապէս ձեր աղօթքներուն համար եւ շարունակեցէք աղօթել Քահանայապետին համար։ Կարիք կայ անոր». Այս խօսքերով որ Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց երեքշաբթի 26 դեկտեմբեր 2023ին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալները որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին Սուրբ Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնին առիթով Մարեմեան Աղօթքին։

«Սուրբ Ստեփանոսի վկայութեան նշանաբանով մօտիկ եմ քրիստոնեայ հասարակութիւններուն որոնք թիրախ են խտրականութեան ու զանոնք կը խրախուսեմ շարունակելու իրենց սէրը ցուցաբերելու բոլորին, խաղաղ կերպով պայքարելով արդարութեան ու կրօնական ազատութեան համար» ըսաւ Սրբազան Պապը առաջին քրիստոնեայ Մարտիրոսի բարեխօսութեան յանձնելով նաեւ պատերազմներէ տանջուած ժողովուրդներուն խաղաղութեան աղերսը։

«Լրատուամիջոցները մեզ ցոյց կու տան, թէ ինչ կ՛արտադրէ պատերազմը. մենք տեսանք Սուրիան, տեսանք Կազան: մտածենք տանջուած Ուքրանիոյ։ Մահուան անապատ. Այս այն ինչ որ մենք կը ցանկա՞նք։ Ժողովուրդները խաղաղութիւն կ՛ուզեն։ Աղօթենք խաղաղութեան համար։ Պայքարինք խաղաղութեան համար», յարեց Նորին Սրբութիւնը ապա ողջունեց Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորները զանոնք հրաւիրելով այցելելու այնտեղ զետեղուած Մսուրը որ «ներշնչուած է Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Կրէչչոիյի մէջ կառուցած մսուրին 800 տարիներ առաջ։

«Դիտարկելով արձանները՝ անոնց դէմքերուն ու վերաբերմունքին մէջ պիտի տեսնէք ընդհանուր յատկութիւն մը` զարմանքը։ Պիտի տեսնէք զարմանք մը, որ կը դառնայ երկրպագութիւն։ Թոյլ տանք զարմանալ Տիրոջ ծնունդին դիմաց։ Յոյսով եմ, որ դուք այս մէկը կը պահէք ձեր մէջ` զարմանքը` որ կը դառնայ երկրպագութիւն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ողջոյնի խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի տօնակատարութիւն ու ինչպէս միշտ խնդրեց որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/12/2023, 12:38