Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Տիրամօր նայինք ու Անոր ոտքերուն տակ դնենք մեր բոլոր յոգնութիւններն ու ցաւերը

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ու իր սիրտի խօսքը ուղղեց UNITALSI ընկերակցութեան անդամներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 14 դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց եւ իր սիրտի խօսքը ուղղեց UNITALSI ընկերակցութեան անդամներուն։ Նշենք, թէ «UNITALSI» ընկերակցութիւնը, հիւանդները դէպի Լուրտ եւ միջազգային սրբավայրեր փոխադրող Իտալական ազգային միութիւնը մըն է։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց միութեան անդամներուն կատարած աշխատանքներուն համար, խրախուսելով երբեք չյոգնիլ հակառակ ուղղութեան երթալու աշխարհի մը մէջ, որ յանուն բարօրութեան եւ արդիւնաւորութեան, լուսանցքի տակ կը դնէ եւ մեկուսացնէ։

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը կեդրոնացուց Միութեան հիմնադրութեան 120-րդ ամեակի կապուած զինանշանին վրայ զետեղուած հետեւեալ յատկանիշներուն վրայ՝ գաւազան եւ հողաթափ, ուխտագնացութեան նշաններ եւ Սուրբ Կոյսը։ «Հրաւէր մը պահպանելու ուխտագնացութեան հոգին, ոգեւորուած Աւետարանէն եւ հայեացքը սեւեռելու Տիրամօր վրայ», ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացնելով ուխտագնացութեան վրայ ու յիշելով Միութեան հիմնադիր՝ Ճովաննի Պաթթիսթա Թոմասին, որ հիւանդ վիճակի մէջ դէպի Լուրտ գնաց եւ աղօթքի միջոցաւ սփոփանք գտաւ նշեց, թէ միութեան կողմէ պատրաստուած ուխտագնացութիւնները դէպի Լուրտ բալասան են անկար անձերու, տարեցներու եւ կարիքաւորներուն բազմաթիւ վէրքերուն։ Անոնք «Կեանքի, ամոքումի ճամբորդութիւններ են, որ տարբեր հարթակներէն ներս կը խթանեն իւրաքանչիւր մարդկային գոյութեան արժանապատուութեան, յատուկէն նշանաւորուած հիւանդութենէն, տկարութենէն եւ տառապանքէն»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշելով, որ ուխտագնացութեան փորձառութիւնը իր մէջ կը կրէ հիւրընկալութեան, հիւրասիրութեան, զօրակցութեան արժէքները, դիտել տուաւ որ միութեան միջոցառումներուն մէջ միեւնոյն ճանապարհի վրայ կը դրուին հիւանդ անձերը, տարեցները, երիտասարդները, կրօնաւորները եւ աշխարականները այսպէսով կը դառնայ կենդանի եկեղեցւոյ նշան որ միասնաբար կը քալէ, կը զօրակցի անոր որ անկարող է, եւ երբեք յետին չթողուր ոչ մէկը, «Սա եկեղեցւոյ դաշտային հիւանդանոցի պատկերն է, որ բարի Սամարացիին նման կարեկցութեամբ կը մօտենայ ձէթով եւ իւղով կ՝ամոքէ վէրքերը», (Ղուկ 10,34), ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց միութեան անդամները վստահելու Տիրամօր, նշելով որ ողջագուրումը յաճախ միութեան ուխտագնացութիւններուն նպատակն է։ Քաջալերեց փնտռել Տիրամայրը, Անոր մասին մտածել ու Անոր ոտքերուն զետեղել յոգնութիւնները, ցաւերը, ընկճուածութիւններ։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը եզրափակեց նշելով, որ Յիսուսի Սուրբ Ծնունդի առաջնորդող օրերուն, Տիրամօր տիպարը մեզի աւելի հարազատ, մօտիկ կը թուի հրաւիրելով նայելու Տիրամօր եւ թոյլ տալու որ Ան մեզի նայի սորվելու համար այո ըսել եւ ընդունիլ առանց վախի Աստուծոյ ծրագիրները, ինչպէս նաեւ փոքրիկներու եւ անպաշտպաններուն հոգ տանելու։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհելէ յետոյ խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2023, 10:52