Որոնել

Pope Francis leads the Angelus prayer

Մենք ալ Սուրբ Ստեփանոսի նման վկայենք Յիսուսը. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Այսօր երկու հազար տարի ետք դժբախտաբար կը տեսնենք, որ հալածանքը կը շարունակուի» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով բազմաթիւ մարդոց, որոնք տակաւին «կը տառապին ու կը մեռնին վկայելու համար Յիսուսը», այնպէս ինչպէս կան անոնք, որոնք տարբեր մակարդակներու վրայ կը պատժուին Աւետարանին համահունչ վարքագծի համար, և անոնք, որոնք առանց աղմուկի, ամէն օր կը պայքարին հաւատարիմ մնալու համար իրենց պարտականութիւններուն, մինչդեռ աշխարհը կը ծիծաղի եւ այլ բան կը քարոզէ»:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 26 դեկտեմբեր 2023ի կէսօրին Սուրբ Ստեփանոս նախասարկաւագին տօնին առիթով Սրբազան Պապը գլխաւորեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն առիթով ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան տօնակատարութեան վրայ մեկնաբանելով Առաքեալներուն Գործերէն քաղուած Ստեփանոսի նահատակութիւնը պատմող հատուածը, ուր կը նշուի թէ Ան նահատակուեցաւ Սաւուղ անունով երիտասարդի մը ներկայութեամբ, որ հալածիչն էր քրիստոնեաներուն։

Քահանայապետը հրաւիրեց պահ մը մտածել Սաւուղին ու Ստեփանոսին` «հալածիչը ու հալածուողը» ըսաւ Ան նկատել տալով, որ անոնց միջեւ կը թուայ որ պատ մը կայ սակայն կայ նաեւ զօրեղ բան մը, որ զանոնք կը միացնէ. «Ստեփանոսի վկայութեան միջոցաւ, Տէրը կը պատրաստէր զօրեղ բան մը Սաւուղի սրտին մէջ` Անոր դարձը` որ զինք պիտի մղէր դառնալու` ամենամեծ առաքեալը»։

Ստեփանոսը ու անոր ծառայութիւնը, անոր աղօթքը ու հաւատքը, զոր ան կը հռչակէ, մասնաւորապէս մահուան սեմին անոր շնորհած ներումը, ապարդիւն չեն։ ... Անոր զոհաբերումը արդարեւ կը լքէ սերմ մը, որ կը սերմանուի անոր ամենավատ մրցակիցի սրտին մէջ:

«Այսօր երկու հազար տարի ետք դժբախտաբար կը տեսնենք, որ հալածանքը կը շարունակուի» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով բազմաթիւ մարդոց, որոնք տակաւին «կը տառապին ու կը մեռնին վկայելու համար Յիսուսը», այնպէս ինչպէս կան անոնք, որոնք տարբեր մակարդակներու վրայ կը պատժուին Աւետարանին համահունչ վարքագծի համար, և անոնք, որոնք առանց աղմուկի, ամէն օր կը պայքարին հաւատարիմ մնալու համար իրենց պարտականութիւններուն, մինչդեռ աշխարհը կը ծիծաղի եւ այլ բան կը քարոզէ»:

«Այդ մեր եղբայրները եւս կարող են երեւնալ, որպէս ձախողներ, սակայն այսօր կը տեսնենք թէ այդպէս չէ։ Այսօր եւս այդ ժամանակուայ նման, անոնց զոհաբերումի սերմը, որ կը թուայ մեռնիլ, կը ծլի ու պտուղ կու տայ, որովհետեւ Աստուած անոնց միջոցաւ կը շարունակէ հրաշքներ գործել, փոխել սրտերը ու փրկել մարդիկը» յարեց Սրբազան Պապը ապա հրաւիրեց մենք մեզի հարցաքննելու եթէ մենք ալ կը փորձենք վկայել Աւետարանը ապա Մարիամէն` Մարտիրոսներու մօրմէն խնդրեց` որ մեզի օգնէ վկայելու համար Յիսուսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/12/2023, 12:14

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >