Որոնել

Քահանայապետը յիշեց Սուրբ Երկրի իրավիճակը, Ֆիլիփինի մէջ ահաբեկչական արարքը, Տուպայի COP28ն ու հաշմանդամութեան Օրը

Մարեմեան աղօթքի աւարտին Գերապ. Պրայտան կարդաց նաեւ Քահանայապետին Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքերը ապա Նորին Սրբութիւնը իր ձայնով եզրափակեց ողջոյնները` բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ Յիսնակաց շրջանի բարի երթ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 3 դեկտեմբեր 2023ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապը Մարեմեան աղօթքը գլխաւորեց Տոմուս Սանթա Մարթայի իր բնակարանէն եւ անցեալ կիրակի օրուան պէս խորհրդածութեանը ընթերցումը յանձնեց Գերապ. Պրայտային նշելով թէ ինք թէեւ բարելաւման մէջ է սակայն ձայնը տակաւին տկար է։

Գերապայծառ Պրայտա բացի խորհրդածութենէն, Ֆրանչիսկոս Պապին արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքէն ետքը կարդաց նաեւ աղօթքէն ետք Նորին Սրբութեան ողջոյնի խօսքերն ու կոչերը։

Իսրայէլ – Պաղեստին

«Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մէջ իրավիճակը ծանր է։ Ցաւ կը պատճառէ այն բանը որ հրադադարը չի յարգուեցաւ. Այս կը նշանակէ մահ, կործանում, թշուառութիւն։ Շատ մը պատանդներ ազատ արձակուեցան, շատ ուրիշներ սակայն տակաւին կը գտնուին Կազա։ Անոնց մտածենք, անոնց ընտանիքներուն, որոնք լոյսը տեսան, յոյսը ողջագուրելու իրենց սիրելիները։ Կազայի մէջ կայ բազում տառապանք, կը պակսին աամենաանհրաժեշտ բաները։ Կը մաղթեմ, որ բոլոր անոնք` որոնք ներգրաւուած են կարողանան շուտով ձեռք բերել նոր հրադադարի համաձայնութիւն մը ու գտնել զէնքերէ զատ այլ լուծումներ, ջանալով քալել խաղաղութեան արի ուղիներուն վրայ»։

Ֆիլիփինի մէջ ահաբեկչութիւն

Կ՛ուզեմ իր աղօթքներս ապահովել Ֆիլիփինի մէջ այս առաւօտ պատահած յարձակումի զոհերուն, երբ պատարագի ժամանակ ռումբ մը պայթեցաւ։ Մօտիկ եմ ընտանիքներուն, Մինատանաօյի ժողովրդուին, որ մեծապէս կը տանջուի։

Տուպայի COP28

Նոյնիսկ եթէ հեռուէն, ուշադրութեամբ կը հետեւիմ Տուպայի COP28ի աշխատանքներուն։ Մօտիկ եմ։ Կը նորոգեմ կոչս, որպէսզի կլիմայական փոփոխութիւններուն պատասխանենք քաղաքական գործնական փոփոխութիւններով։ Դուրս գանք մասնիկային և ազգայնականութեան, անցեալի օրինաչափութիւններու սահմանափակումներէն և ընդունինք միասնական տեսլական մը` յանձնառու ըլլալով բոլորս եւ այժմ, առանց յապաղելու, անհրաժեշտ ընդհանուր բնապահպանական դարձի ի սպաս։

Հաշմանդամութեան Օր

Այսօր կը յիշատակուի հաշմանդամութիւն ունեցող անձանց միջազգային օրը. Ընկալել եւ այս պայմաններու մէջ ապրողները ներառել, կ՛օգնէ համայն ընկերութեան որ դառնայ աւելի մարդկային։ Ընտանիքներուն, ժողովրդապետութիւններուն, դպրոցներուն, աշխատանքի ու մարզանքի մէջ, սորվինք արժեւորել իւրաքանչիւր անձ, իր ունակութիւններով ու կարողութիւններով, եւ ոչ մէկը բացառենք։

Ողջոյն ուխտաւորներուն

Մարեմեան աղօթքի աւարտին Գերապ. Պրայտան կարդաց նաեւ Քահանայապետին Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքերը ապա Նորին Սրբութիւնը իր ձայնով եզրափակեց ողջոյնները` բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ Յիսնակաց շրջանի բարի երթ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2023, 12:40