Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Աւետարանական զօրակցութիւնը թող պատասխանը ըլլայ այսօրուայ մասնատուած իրականութեան»

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց «Նոթր Տամ-ի դպրոցական մայրապետներ» միաբանութեան անդամները, հաստատութեան հիմնադրութեան 25-րդ ամեակի առիթով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 13 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց «Նոթր Տամ»ի մայրապետներու դպրոցներ հաստատութեան անդամները, հաստատութեան հիմնադրութեան 25-րդ ամեակի առիթով։ Մայրապետներուն ուղղած ճառը Սրբազան Հայրը սկսաւ յիշելով վերոյիշեալ միաբանութեան հիմնադրուհի, երանելի Թերեզա Տի Ճէզու Ճէրհարտինկերը, «որուն երանացման 17-րդ ամեակը կը նշուի յառաջիկայ 17 նոյեմբերին», ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ «Երանելի Թերեզային կեանքը եղած է փոխակերպող հաւատքի եւ քաջութեան վկայութիւն մը՝ ստեղծելու համար ուղիներ, ինչպէս նաեւ երիտասարդներուն կրթութեան նուիրուած վկայութիւն։

Անդրադառնալով վերոյիշեալ միաբանութեան տարեկան ժողովին նիւթին «Ըլլալ մարգարէական վկաներ ընդհանրական հաղորդութեան մը համար», Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ այդ նիւթը ներկայ ժամանակներու շրջանակէն ներս յոյժ կարեւոր նիւթ մըն է, աւելցնելով որ Սուրբ Գրութիւնները մեզի կ՝առաջարկեն բազմաթիւ յղումներ անհատներուն եւ համայնքային մարգարէական կոչումի մասին, որոնք նպաստեցին Աստուծոյ Սուրբ ժողովուրդին տարբեր անդամներու միջեւ հաղորդակցութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա քաջալերեց մայրապետները, որ իրենց Ընդհանուր ժողովին ընթացքին միաբանութեան ուղեւորութեան նոր ուղիներ գտնելու մէջ շարունակեն խիզախ վկաները ըլլայ աւետարանական զօրակցութեան, ժամանակի մը մէջ ուր շատեր կը փորձարկեն անմիաբանութիւնը։

«Այս պատասխանատուութիւնը աւելի մեծ նշանակութիւն կը ստանայ եկեղեցւոյ կատարած սիւնհոդասական ուղեւորութեան լոյսին ներքոյ։ Ձեր ընդհանուր ժողովը բարենպաստ պահ է Սուրբ Հոգիին եւ իրարու միջեւ աւելի ուշադիր լսելու՝ բարելաւելու համար հաղորդութիւնը որ ձեզ կը միացնէ որպէս քոյրեր եւ Քրիստոս մարմնի անդամ. միաժամանակ առիթ է նաեւ դուք ձեզի թոյլ տալու զատորոշելու թէ ինչպէս կարող էք աւելի արդիւնաւէտ կերպով վկայել աւետարանի ուրախութիւնը, յատուկէն ձեր կրթական առաքելութեան մէջ եւ Աստուծոյ ժողովուրդի ծառայութեան բազմաթիւ ձեւերուն» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց, շնորհակալութիւն յայտնելով այս այցելութեան համար, հայցեց Սուրբ Հոգիէն, որ բոլորին շնորհէ առատ պարգեւները, որպէսզի ընդհանուր ժողովի որոշումները մեծ արդիւնք յառաջացնեն հասարակութեան կեանքին մէջ։

Նորին Սրբութիւնը հայցելով Տիրամօր հովանին փոխանցեց իր առաքելական օրհնութիւնը ու խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2023, 10:48