Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իրաքի հանրապետութեան նախագահ Ապտել Լաթիֆ Ժամալ Ռաշիտը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 18 նոյեմբերին, Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իրաքի հանրապետութեան նախագահ, տիար Ապտել Լաթիֆ Ռաշիտը, նախագահը ապա հանդեցաւ Վատիկանի Պետքարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ այլ պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերի։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին գնահատելով երկկողմանի բարի յարաբերութիւնները արծարծուած են ընդհանուր հետաքրքրութիւնը ներկայացնող նիւթեր։
Մասնաւորապէս վերստին շեշտուած է, որ Իրաքի մէջ կաթողիկէ եկեղեցին կարողանայ շարունակել իր գնահատուած առաքելութիւնը եւ Իրաքցի բոլոր Քրիստոնեաները երաշխաւորուին ըլլալու հասարակութեան եւ տարածքի կենսունակ մաս մը, մասնաւորապէս Նինւէյի մէջ։
Հանդիպումի ընթացքին կեդրոնացած են որոշ միջազգային նիւթերու վրա,յ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Իսրայէլի եւ Պաղեստին մէջ հակամարտութեան ինչպէս նաեւ կայունութեան եւ խաղաղութեան հրատապ յանձնառութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ