Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ համալսարանական հովուական ծառայութեան պատասխանատուններն ու մատրանապետերը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ համալսարանական հովուական ծառայութեան պատասխանատուններն ու մատրանապետերը  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Հրաշալիքները կը ծաղկին տարբերութիւններէն եւ ոչ թէ միաձեւութենէն»

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը .Գնահատել տարբերութիւնները, հոգատարութեամբ ընկերանալ եւ քաջութեամբ աշխատիլ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 24 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց, Սուրբ Աթոռի կրթութեան եւ մշակոյթի վերատեսչութեան կողմէ կազմակերպուած համալսարանական հովուական ծառայութեան պատասխանատուներու եւ մատրանապետերու հանդիպումի մասնակիցները

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադառնալով հանդիպումի նիւթին՝ «Դէպ բազմանկիւն տեսլական» մէջբերեց Աւետարանի Ուրախութիւն իր առաքելական յորդորագիրէն հատուած մը, ուր կը նշէ որ հովուական ծառայութիւնը պէտք չէ որդեգրէ որպէս «ձեւ գունտը, ուր իւրաքանչիւր կէտ կեդրոնէն հաւասար է եւ տարբերութիւն չկայ մէկ կէտէն միւս », այլ «բազմանկիւնը, որ կը ցոլացնէ բոլոր կողմնակալութիւններուն միացումը, որ իր մէջ կը պահպանեն իրենց ինքնատիպութիւնը» (Esort. ap. Evangelii Gaudium, 236).
ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ան ապա յորդորեց եւ իր խօսքը կեդրոնացուց երեք վերաբերմունքներու վրայ։

Գնահատել տարբերութիւնները, հոգատարութեամբ ընկերանալ եւ քաջութեամբ աշխատիլ։

Գնահատել տարբերութիւնները

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով բազմանկիւն տեսլականին մասին նշեց «Կազմաւորումի ծառայութեան մէջ մարդոց, անոնց եւ իրավիճակներուն առկայ լոյսերն ու մթութիւնները հայրական եւ մայրական հոգիով ընդունիլը արդեն առաքելութիւն է ու այդ կը դիւրընցնէ այն ինչ որ Աստուած ցանեց իւրաքանչիւրին մէջ եզակի եւ անկրկնելի ձեւով

Հոգատարութեամբ ընկերանալ

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց «Տէրը մեզի սորվեցուց հոգ տանելու արուեստը. Ան, որ քաոսի խաւարէն ստեղծեց աշխարհը եւ յարութիւն առաւ մահուան գիշերէն մեզի կը սորվեցնէ ստանալ լաւագոյնը արարածներէն սկսելով հոգալ անոնց մէջ գտնուող դիւրաբեկ եւ ոչ կատարեալ բաներուն» ըսաւ Սրբազան Հայրը քաջալերելով ներկաները հոգ տանելու առանց անմիջական արդիւնքներ փնտռելու, այլ այն յոյսի վստահութեամբ որ երբ երիտասարդներուն մօտիկութեամբ կ՝ընկերանանք եւ երբ անոնց համար կ՝աղօթենք, հրաշքները կը ծաղկին։

Քաջութեամբ աշխատիլ

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ համալսարանի միջավայրէն ներս աւետարանի լոյսը ծաղկեցնելը հետաքրքիր արկածախնդրութիւն է դիտել տալով որ անիկա սակայն պահանջկոտ է ու քաջութիւն կը պահանջէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր պատգամը եզրափակեց գնահատելով ներկաները որոնք անձնապէս կամ համասպրաններու միջոցաւ նպաստեցին անոնց որոնք քիչ կարողութիւն ունին մասնակցելու համար ժողովին

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպումի համար, ան ապա խնդրեց որ իր ողջոյնները փոխանցեն աշակերտներուն, ակադեմական ղեկավարներուն, եւ համալսարանի եւ եկեղեցւոյ անձնակազմին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2023, 11:25