Որոնել

Սրբազան Պապին լսատեսողական պատգամը աշխարհի եւ Սուրբ Երկրի մէջ խաղաղութեան համար

Ֆրանչիսկոս Պապը Քահանայապետի աղօթքի համաշխարհային ցանցէն խնդրած է աղօթքի յատուկ արշաւ մը կազմակերպել աշխարհի եւ Սուրբ Երկրի մէջ խաղաղութեան համար։ Ստորեւ կը ներկայացնենք պատգամին գրութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Մենք բոլորս կը զգանք պատերազմին ցաւը։ Գիտէք` որ համաշխարհային Բ պատերազմի աւարտէն ի վեր աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ պատերազմներ բռնկեցան։ Երբ անոնք հեռու են մի գուցէ մենք զանոնք այդքան ալ ուժեղ չենք զգար։ Կան սակայն երկու շատ մօտիկ պատերազմներ, որ մեզ կը մղեն արձագանգելու. Ուքրանիան եւ Սուրբ Երկիրը։

Ծանր է այն ինչ, որ կը պատահի Սուրբ Երկրին մէջ։ Շատ ծանր։

Պաղեստինցիի ժողովուրդը, Իսրայէլացի ժողովուրդը Խաղաղութեան իրաւունք ունին, իրաւունք ունին ապրելու խաղաղութեամբ, երկու եղբայր ժողովուրդներ։

Աղօթենք Սուրբ Երկրի մէջ խաղաղութեան համար։ Աղօթենք` որպէսզի վէճերը լուծուին երկխօսութեամբ ու բանակցութիւններով եւ ոչ թէ երկու կողմերու կուտակուած մեռեալներով։

Եթէ կը բարեհաճիք, աղօթենք Սուրբ Երկրի մէջ խաղաղութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2023, 16:00