Որոնել

2023.11.15 Udienza Generale

«Մենք խաղաղութիւն կ՛ուզենք». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Աղօթենք խաղաղութեան համար` ամէն օր, իւրաքանչիւր անձ թող ժամանակ գտնէ աղօթելու խաղաղութեան համար։ Մենք խաղաղութիւն կ՛ուզենք»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աղօթենք եղբայրներ եւ քոյրեր խաղաղութեան համար, յատուկէն նահատակ Ուքրանիոյ համար, որ մեծապէս կը տառապի, ապա Սուրբ Երկրին` Պաղեստինի եւ Իսրայէլի համար ու չմոռնանք Սուտանը` որ կը տառապի, եւ մտածենք նաեւ բոլոր այն վայրերուն, ուր պատերազմ կայ, շատ են պատերազմները»։ 15 նոյեմբերի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Իտալացի հաւատացեալներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքէն ետքը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այս խօսքերը արտասանեց, հաւատացեալները հրաւիրելով աղօթելու խաղաղութեան համար։

«Աղօթենք խաղաղութեան համար` ամէն օր, իւրաքանչիւր անձ թող ժամանակ գտնէ աղօթելու խաղաղութեան համար։ Մենք խաղաղութիւն կ՛ուզենք» աւելցուց Նորին Սրբութիւնը ապա բոլորին շնորհեց իր օրհնութիւնները։

Այս կոչէն առաջ Ֆրանչիսկոս Պապը սովորութեան համաձայն ողջոյնի խօսք ուղղած էր ընդհանուր ունկնդրութեան մասնակցող տարբեր վայրերէ ու քաղաքներէ ժամանած իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներուն։

Ան նաեւ յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղած էր տարեցներուն, հիւանդներուն, նորապսակներուն ու երիտասարդներուն նշելով` որ «ծիսական տարուան վերջին շաբաթները մեզ կը հրաւիրեն խոկալու քրիստոնէական յոյսի իմաստին վրայ։ Այս հեռանկարով ձեզ կը հրաւիրեմ ընկալելու միշտ առօրեայ կեանքի փորձառութիւններուն արժէքն ու իմաստը, նաեւ դժուարութեան մէջ, մտածելով թէ բոլոր բաները «կը գործեն բարիքին համար անոնց` որոնք Աստուած կը սիրեն» (հռոմ. 8,28)» ըսաւ Սրբազան Պապը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2023, 10:42