Որոնել

2019.02.09 pescatore di uomini

Աղօթենք ձկնորսներուն համար. Քահանայապետին գրառումը ձկնորսներու համաշխարհային օրուան առիթով

Անոնք ամէն օր իրենց ուռկանները կը նետեն աստուածային նախախնամութեան նկատմամբ հաւատքի արարքով, եւ հոգ կը տանին մեր ծովերուն։

Վատիկան Նիուզ - Հայակական բաժանմունք

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի 21 նոյեմբեր 2023ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Ձկնորսներուն նուիրուած համաշխարհային օրուան առիթով «ԻՔՍ» ընկերային ցանցին վրայ կատարած գրառումով հրաւիրեց աղօթել ձկնորսներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար, որոնք «հոգ կը տանին մեր ծովերուն» նշեց Սրբազան Քահանայապետը։

«Այսօր կը յիշատակուի ձկնորսներու համաշխարհային օրը։ Աղօթենք ձկնորսներուն ու անոնց ընտանիքներուն համար եւ շնորհակալ ըլլանք անոնց որովհետեւ ամէն օր իրենց ուռկանները կը նետեն աստուածային նախախնամութեան նկատմամբ հաւատքի արարքով, եւ հոգ կը տանին մեր ծովերուն» գրեց Նորին Սրբութիւնը

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2023, 14:04