Որոնել

FILE PHOTO: Argentina holds second round of presidential election

Քահանայապետը հեռաձայնած է Արժանթինի նորընտիր նախագահ Խավիէ Միլէյին

Միլէյը իր “La libertad avanza” համախմբումին հետ անցեալ 19 նոյեմբերին Արժանթինի նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին հաւաքեց քուէներու 56% յաղթանակ արձանագրելով Արժանթինի կառավարութեան տնտեսութեան նախարար Սերճօ Մասսայի վրայ։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Երեքշաբթի 21 նոյեմբերին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը հաստատուի, որ «Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հեռախօսազրոյց ունեցած է Արժանթինի նորընտիր Նախագահ Խավիէ Միլէյի հետ»։ Լուրը նախապէս տարածած էին արժանթինեան լրատուամիջոցները։

Միլէյը իր “La libertad avanza” համախմբումին հետ անցեալ 19 նոյեմբերին Արժանթինի նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին հաւաքեց քուէներու 56% յաղթանակ արձանագրելով Արժանթինի կառավարութեան տնտեսութեան նախարար Սերճօ Մասսայի վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2023, 08:00