Որոնել

ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ գաղթական Փաթոյին հետ. «Աղօթեցի քու կնոջդ ու դուստրիդ համար»

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին Քամերունցի Փաթօ անուան գաղթականի հետ ունեցած հանդիպումի վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 17 նոյեմբերին, Վատիկանի «Սանթա Մարթա» տան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Քամերունցի Mbengue Nyimbilo Crepin անունով գաղթականի մը հետ, որ ճանչցուած է որպէս Փաթօ անունով, որուն կողակիցն ու վեց տարեկան դուստրը գաղթի ժամանակ անօթութեան եւ ծարաւի պատճառաւ մահացան Թունիսի եւ Լիպիոյ միջեւ գտնուող անապատին մէջ, լուրը հաղորդեց Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Մաթթէօ Պրունին հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ հանդիպումի ներկայ գտնուեցան Հայր Մաթթիա Ֆեռարին, որ իբրեւ մատրանապետ մասնակցած է «Mediterranea Saving Humans»ի փրկարար առաքելութիւններուն, մի քանի գաղթականներ եւ գաղթականներու ընդունման մէջ ներգրաւուած ընկերակցութիւններուն անդամներ, որոնք տարբեր ձեւով նպաստած են Փաթոյին՝ Իտալիա ժամանելու համար։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կարդինալ Միքայէլ Չեռնի, մարդկային համապարափակ զարգացումի ծառայութեան վերատեսչութեան վերատեսուչը։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ յուզիչ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրեց Փաթոյին երախտագիտական խօսքերը ՝հանդիպումին համար, ինչպէս նաեւ անոր պատմած հազարաւոր անձերուն վերաբերեալ պատմութիւնները, որոնք տառապեցան Եւրոպա հասնելու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ Փաթոյի ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ յիշեց, անոր մահացած զաւակն ու կինը վստահեցնելով, որ աղօթեց անոնց համար, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, իրենց յանձնարարութեան համար եւ յիշեց ապահով վայրերու մէջ ծնուելու, սորվեու եւ աշխատելու առանձնաշնորհութիւնը, դիտել տալով, որ ներկաներուն կատարածը աւելորդ աշխատանք մը չէ, այլ պարտականութիւնն մը։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաժեշտ առնելէ առաջ աղօթեց ներկաներուն համար խնդրելով Տիրոջմէ, որ հսկէ բոլոր անոնց վրայ որոնք կ՝աշխատին ուրիշներուն համար, ինչպէս նաեւ այն անձերուն համար, որոնք կը գտնուին կալանավայրերու մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2023, 10:50