Որոնել

2023.10.27 Preghiera per la Pace

Պատերազմը մայրն է բոլոր աղքատութիւններուն, կենդանի պահենք խաղաղութիւն հաստատելու կարելիութիւնները. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Վառ պահենք բոլոր իւրաքանչիւր կարելիութիւն, որպէսզի հաստատուի #խաղաղութիւնը որպէս Աստուծոյ պարգեւ և արդարութեան ու երկխօսութիւն յանձնառութեան պտուղ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 17 նոյեմբեր 2023ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անգամ մը եւս ուզեց անդրադառնալ պատերազմին յառաջացուցած նենգութիւններուն մասին ու դարձեալ հրաւէր ուղղեց կենդանի պահելու բոլոր կարելիութիւնները, որոնք կարող են յանգեցնել խաղաղութեան մը հաստատումին, խաղաղութիւն` որ «Աստուծոյ պարգեւ է և արդարութեան ու երկխօսութիւն յանձնառութեան պտուղ»։

Նորին Սրբութիւնը վերոնշեալ այս իր մտահոգութիւններն ու կոչը յանձնեց Քահանայապետական «X» ընկերային ցանցին, որուն մէջ յատկապէս նշեց` թէ.

«Պատերազմը «բոլոր աղքատներու մայրն է», ան կը հարուածէ մասնաւորապէս անմեղ քաղաքացիները, ընտանիքները։ Վառ պահենք բոլոր իւրաքանչիւր կարելիութիւն, որպէսզի հաստատուի #խաղաղութիւնը, որպէս Աստուծոյ պարգեւ և արդարութեան ու երկխօսութիւն յանձնառութեան պտուղ»։

Այս խօսքերը քաղուած են Ֆրանչիսկոս Պապին 2015ի Յունիսի 3ին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութենէն, որ Սրբազան Պապը նուիրած էր «Ընտանիքի» նիւթին եւ որուն մէջ հրաւիրած էր քրիստոնեայ հասարակութիւնը միշտ աւելի մօտիկ ըլլալու ընտանիքներուն ու մանաւանդ անոնց, որոնք աղքատութեան մէջ կ՛ապրին` հոգ տանիլ անոնց, որովհետեւ ըսած էր Ան «Եկեղեցին մայր է, եւ պէտք չէ մոռնայ իր զաւակներուն ողբերգութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2023, 13:30